Այլեւայլ : Հետաքրքրական Գիտելիքներ Պանիրի Մասին
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Այգ

Այլեւայլ : Հետաքրքրական Գիտելիքներ Պանիրի Մասին

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

05 Kasım 2019  

Հետաքրքրական Գիտելիքներ Պանիրի Մասին




Բոլորիս շատ սիրելի պանիրներուն մասին կան շատ հետաքրքրական գիտելիքներ. եկէք` ծանօթանանք անոնցմէ քանի մը հատին:

– Ֆրանսայի մէջ մարտ 27-ին կը նշուի պանիրի ազգային օրը: Նշենք, որ շատ հարուստ պանիրի տեսականի ունեցող Ֆրանսան արտադրութեան իմաստով աշխարհի մէջ երրորդ դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգներէն եւ Գերմանիայէն ետք:

– Պանիր մը ընդհանրապէս կը կրէ իր արտադրման վայրին անունը: Անոր համը կախեալ է կաթը արտադրող անասունէն, այդ անասունը շրջապատող բուսականութենէն, հողէն, կլիմայէն եւ տարուան եղանակէն:

– Կարգ մը պանիրներու մէջ գոյացած ծակերը գիտական բացատրութիւն ունի: Երբ կաթը պանիրի կը վերածուի, տիոքսիտ տը քարպոնի պղպջակներ կը գոյանան, որոնք օդի պարապութիւններ կը ստեղծեն եւ հետագային ծակերու կը վերածուին:

– Պանիրը օգտակար է ակռաներուն այն պարզ պատճառով, որ շատ հարուստ է քալսիոմով:

– Քնանալէ առաջ քանի մը կտոր պանիր ուտելը կ՛օգնէ աւելի հանգիստ եւ խոր քնանալու:

– 10 լիթր կաթ անհրաժեշտ է 1 քիլօ էմանթալ պանիր պատրաստելու համար, 2 լիթր` քամամպերի մը համար, իսկ 25 լիթր` երեքուկէս քիլօ պրիի մը համար:

– Մոցարելլա պանիրը ամէնէն աւելի սպառուող պանիրն է աշխարհի երեսին: Միայն «Փիցցա հաթ»-ը տարեկան 300 միլիոն քիլօ մոցարելլա կը գործածէ իր փիցցաներուն պատրաստութեան համար:

– Գոյութիւն ունի պանիրի կախուածութիւն: Այո՛, պանիրը ունի քազէին անունով բնասպիտ մը, որ մարսողութեան ժամանակ քազոմորֆին կ՛արտադրէ: 2015-ին փաստուած է, որ պանիրը, այնպէս` ինչպէս ծխախոտը եւ ալքոլը, կախուածութիւն կը յառաջացնէ:

– Պանիրի ֆոպիան թիրոֆոպի կը կոչուի: Աշխարհիս երեսին տարօրինակ ֆոպիաներ գոյութիւն ունին, որոնք յաճախ գէշ փորձառութեան մը հետեւանք են. իսկ պանիրինը թիրոֆոպի անունով ծանօթ է:

– Լսա՞ծ էք թիրոսեմիոֆիլիի մասին, որ պարզապէս պանիրի պիտակներու հաւաքածոյ պահելու սովորութիւնն է: Ֆրանսայի մէջ մինչեւ իսկ ակումբ գոյութիւն ունի աւելի քան 2000 անդամներով, իսկ ամէնէն մեծ հաւաքածոն կը հաշուէ շուրջ 200 հազար տարբեր տեսակի պիտակներ:

– Ամերիկացի գիտնականներու կարծիքով, ֆրանսացիք երկարակեաց են շնորհիւ պանիրին: Սփերմիտինով հարուստ ֆրանսական պանիրները հակաքաղցկեղային յատկութիւն ունին, անոնք կը պայքարին քաղցկեղային բջիջներու բազմացման դէմ:

+