Ծիսական գիտելիքներ : Աղքատէն ամենաաղքատին հետ` Կալկաթայի Մայր Թէրեզան
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Ծայգն

Ծիսական գիտելիքներ : Աղքատէն ամենաաղքատին հետ` Կալկաթայի Մայր Թէրեզան

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

05 Eylül 2020  

Աղքատէն ամենաաղքատին հետ` Կալկաթայի Մայր Թէրեզան

Մայր Թէրեզան խոնարհեցաւ, առաւ իր ճամպրուկն ու դարպասէն դուրս ելաւ՝ շիտակ ուղղուեցաւ քովի աղքատներուն թաղամասը։ Ան այլեւս ետ չդարձաւ, վերջնականապէս գոցեց իր ետեւէն վանքի դարպասները, որպէսզի կարենայ ապրիլ կոչումը՝ ծառայել աղքատէն ամենաաղքատին։ Այդ օրը Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին յաջորդող օրն էր։Այսօր 4 սեպտեմբեր 2020-ին կը յիշատակուի Կալկաթայի Մայր Թերեզային սրբադասման չորրորդ տարեդարձը որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ 4 սեպտեմբեր 2016-ին նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։ Իսկ վաղը 5 սեպտեմբերին կը յիշատակուի անոր ծիսական տօնը։

Յիշարժան այս տարեդարձին առթիւ կը ներկայացնենք Լէօ Մաասպուրկի հայերէն թարգմանուած ''Մայր Թերեզա` անձնական դիմանկար մը'' գիրքէն «Կալկաթայի Սրբուհի Մայր Թէրեզայի երկրորդ կոչումը» բնաբանով խորհրդածութիւնը։

Հասկնալու համար Մայր Թէրեզայի իւրայատուկ նուիրումը աղքատներէն ամենաաղքատին, պէտք է գիտնանք իր բուն կոչումին պատմութիւնը։ 1928 թուականին ան մտած է Տապլինի քոյրերու Սուրբ Լորէթթոյի միաբանութիւնը՝ յետագային Հնդկաստան միսիոնարութեան երթալու համար։ 1929 թուականի սկիզբը, արդէն հիւսիսային Հնդկաստանի Տարճելինկ քաղաքի վանքի մը մէջ նորընծայ մայրապետ էր։ Քաղաքը կը գտնուէր 2000մեթր բարձրութեան վրայ, Հիմլայեան լեռներուն ստորոտը։ 1931թուականին ան տուաւ իր ժամանակաւոր ուխտը, իսկ 1937 թուականին՝ մշտնջենական ուխտը։ Արդէն տասնմէկ տարիներէ ի վեր ձեռնադրուած մայրապետ էր, կը փափաքէր սրբութեան կեանքով ապրիլ եւ կը փորձէր ատոր համար բոլոր հնարաւոր աշխատանքները կատարել։ 10 Սեպտեմբեր 1946-ին, երբ կը մեկնէր իր տարեկան վերանորոգման ընթացքը ամբողջացնելու, կեանք փոխող փորձառութիւն մը ապրեցաւ։

Մայր Թէրեզան կ'երթար Արեւմտեան Պենկալի Տարճելինկ քաղաքը, ուր իր առաջին ուխտը կատարած էր։ Կալկաթայի երկաթուղային կայարան տանող ճամբուն ամբողջ ընթացքին ան տեսաւ անհաշիւ աղքատներ, որոնց թիւը վերջին խռովութիւններէն ետք աւելի շատցած էր եւ վիճակը՝ չափազանց խղճալի դարձած։ Իւրաքանչիւր կայան, ուր կանգ կ'առնէր գերծանրաբեռնուած շոգեկառքը. յստակ կը տեսնուէին խժդժութիւններուն ձգած հետեւանքները եւ մարդոց բազմութիւններ՝ ծայրայեղ թշուառութեան մէջ։

Ճամբորդութեան ամբողջ ընթացքին ան յստակօրէն կը լսէր իր սրտին մէջ Յիսուսի հետեւեալ խօսքը. ''Ծարաւ եմ''։ Շատ յստակ ձեւով լսեց այս խօսքը եւ սրտին մէջ զգաց Աստուծոյ անյաղթահարելի սէրը այդ մարդոց հանդէպ։ Յետագային ան կը գրէ. ''Ասիկա առաջին անգամն էր, որ Յիսուսի ծարաւը կը յայտարարուէր։ Յովհաննու Աւետարանի մէջ ''Ծարաւի եմ'' բառերը Յիսուսի նախավերջին խօսքն էր, որ ըսաւ խաչին վրայ իր մահէն կարճ ժամանակ առաջ (Յովհ. 19.28)։

Շոգեկառքին մէջ պատահած սեպտեմբերեան այս փորձառութեան ժամանակ Մայր Թէրեզան սրտին մէջ խորունկ կերպով հասկցաւ, որ մեր հանդէպ ունեցած Աստուծոյ սէրը պարզ սէր մը չէ։ Իր վերջին խօսքը՝ ''ծարաւ եմ'', կը վկայէ Տիրոջ սիրոյ վերջին եւ բարձրագոյն արտայայտութեան մասին. իր հոգին ծարաւ է իր արարածներուն սիրոյն եւ ծարաւ է անոնց հոգիներուն փրկութեան։ Յիսուս այս խօսքերը խաչին վրայ ըսաւ, որովհետեւ խաչը այն ՙգործն՚ էր, որուն միջոցաւ Յիսուս կ'ուզէր մեզի վստահեցնել, որ Աստուծոյ սէրը սահման չունի եւ մահուընէ անդին կ'անցնի։

Եւ Մայր Թէրեզան ճանչցաւ որ կոչումին բուն իմաստը։ Տարճելինկի մէջ անցուցած հոգեկրթութեան տասը օրերը ան օգտագործեց մտածելու Յիսուսէն ստացած պատգամին մասին։ Երբ Կալկաթա վերադարձաւ յստակօրէն գիտէր, որ իր կեանքը այլեւս չէր կրնար նոյնը մնալ։ Ան վճռեց ծառայել Յիսուսին՝ աղքատներէն ամենաաղքատին ընդմէջէն, փափաքեցաւ նոյնանալ Յիսուսի հետ՝ կատարեալ աղքատութեան կեանքը որդեգրելով։ Որոշեց իր կեանքը շարունակել աղքատութեան մէջ՝ աղքատներուն հետ միասին ապրելով, որոշեց անձնական ոչինչ ունենալ եւ կատարելապէս վստահիլ միայն Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ հոգածութեան։

Դիւրին չէր Մայր Թէրեզայի համար որոշում առնելը՝ ձգել Լորեթթոյի իր միաբան քոյրերուն վանքը, ուր տասնութ տարի շարունակ ապրած էր։ Ոչ իսկ վայրկեան մը մտքէն անցուցած էր առնել այս քայլը, թէեւ յստակ գիտէր թէ Յիսուսի կամքն է իրեն համար, առանց իր մեծաւորներուն եւ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն հաւանութեան։ Ան դիմեց իր մեծաւորուհիին, երկար խօսակցութիւն ունեցաւ Կալկաթայի արքեպիսկոպոսին՝ Ֆերտինանտ Փերիէրին հետ, իր փափաքը հիմնաւորեց, թէ պէտք է հետեւի Յիսուսէն ստացած պատուէրին, միաժամանակ նամակով տեղեկացուց Տապլինի իր գլխաւոր մեծաւորուհիին։

2 Ապրիլ, 1948-ին, Պիոս 12-րդ Պապը՝ ի պատասխան արքեպիսկոպոս Ֆերտինանտ Փերիէրի տուած հարցումին, իրաւունք տուաւ Մայր Թէրեզային միաբանութենէն դուրս ապրելու իր կուսակրօն կեանքը՝ միաժամանակ հնազանդ մնալով արքեպիսկոպոսին եւ պահպանելով միաբանութեան կարգն ու կանոնը։ 16 Ապրիլ, 1948-ին, հանեց Լորէթթօ վանքի մայրապետի հագուստը եւ հեռացաւ վանքէն։ Իր խնամքին յանձնուած աշակերտուհիները հրաժեշտի երգ մը յօրինած էին անոր համար։ Մայր Թէրեզան ճամպրուկը ձեռքը մօտեցաւ վանքի դարպասներուն, հոն՝ զինք շրջապատեցին հաւաքուած հարիւրաւոր աշակերտուհիներ։ Անոնք սկսան երգել, սակայն քիչ անց անոնցմէ մէկը սկսաւ հեծկլտալ, որուն յաջորդեց ուրիշ մէկը, յետոյ երրորդ մը։ Քանի մը վայրկեան ետք՝ անկարող երգը շարունակելու, բոլորը սկսան լալ։ Մայր Թէրեզան խոնարհեցաւ, առաւ իր ճամպրուկն ու դարպասէն դուրս ելաւ՝ շիտակ ուղղուեցաւ քովի աղքատներուն թաղամասը։ Ան այլեւս ետ չդարձաւ, վերջնականապէս գոցեց իր ետեւէն վանքի դարպասները, որպէսզի կարենայ ապրիլ կոչումը՝ ծառայել աղքատէն ամենաաղքատին։ Այդ օրը Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին յաջորդող օրն էր


+