Այլեւայլ : Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ. «Պէյքինկ Սոտա»-ի Անհամար Բարիքները
14 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վանատուր / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ. «Պէյքինկ Սոտա»-ի Անհամար Բարիքները

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

05 Aralık 2020  

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ. «Պէյքինկ Սոտա»-ի Անհամար Բարիքները



Սկսելով տան մաքրութենէն, անցնելով կարկանդակներու պատրաստութենէն եւ հասնելով բոյսերու խնամքին, «պէյքինկ սոտա»-ին բարիքները անհամար են: Ստորեւ կը ներկայացնենք աժան, մատչելի եւ անվնաս այս նիւթին օգտագործման տարբերակները:
  • Սառնարանին անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար դարաններէն մէկ-երկուքին վրայ սոտայով լեցուն սուրճի պնակներ զետեղեցէք:
  • Խոհանոցի աղբամանը հոտազերծելու համար, անոր յատակին սոտա ցանեցէ՛ք:
  • Պտուղներն ու բանջարեղէնները հականեխելու եւ միջատասպան նիւթերէն մաքրելու համար, զանոնք 10 15 վայրկեան թրջեցէ՛ք սոտայով ջուրի մէջ, ապա ցօղուեցէ՛ք ու ցամքեցուցէ՛ք զանոնք:
  • Ոտքերուն անախորժ հոտը չքացնելու համար զանոնք մխրճեցէ՛ք գաղջ ջուրի մէջ, որուն մէջ 2 3 թէյի դգալ «պէյքինկ սոտա» լուծած ըլլաք:
  • Կաթսային կամ տապակին այրած յատակը մաքրելու համար, յատակին առատ «պէյքինկ սոտա» ցանեցէ՛ք, տաք ջուր աւելցուցէ՛ք եւ ամբողջ գիշեր մը ձգեցէ՛ք: Յաջորդ օրը սպունգին կարծր երեսով շփեցէ՛ք ու մաքրեցէ՛ք այրած յատակը:
  • Դեղնած ակռաները սպիտակեցնելու համար, սովորական ակռայի դեղին վրայ պտղունց մը սոտա աւելցուցէ՛ք եւ խոզանակեցէ՛ք ձեր ակռաները: Կրնաք նոյնիսկ խոզանակը թրջել, սոտայի մէջ թաթխել եւ խոզանակել ակռաները: Ուշադրութի՛ւն, այս հնարքը օրական գործածութեան համար չէ:
  • Միջատի խայթոցը դարմանելու համար մէկ թէյի դգալ սոտային քանի մը կաթիլ ջուր աւելցուցէ՛ք եւ ստացուած թանձրուկը տարածեցէ՛ք խայթուածքին վրայ:
  • Շպարի վրձինները, մազի խոզանակները մաքրելու համար զանոնք քանի մը ժամ մխրճեցէ՛ք սոտայով լուծուած տաք ջուրի մէջ, ապա ցօղուեցէ՛ք ու ցամքեցուցէ՛ք:
  • Սալայատակը մաքրելու համար, թոյլ մը գաղջ ջուրի մէջ մէկ սուրճի գաւաթ սոտա լուծեցէ՛ք ու գործի անցէ՛ք:
  • Փուռը մաքրելու համար «պէյքինկ սոտա» ցանեցէ՛ք, սփռիչով ջուր սփռեցէ՛ք խոնաւցնելու համար, ամբողջ գիշեր մը սպասեցէ՛ք, յաջորդ օրը սպունգին կարծր բաժինով շփեցէ՛ք ու մաքրեցէ՛ք:
  • Լուացարանին կամ լոգարանին խցուած խողովակները մաքրելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ խառնուրդը. 1 սուրճի գաւաթ «պէյքինկ սոտա» 1,5 սուրճի գաւաթ քացախ, 1 սուրճի գաւաթ տաք ջուր: Նախ լեցուցէ՛ք փոշի սոտան, յետոյ աւելցուցէ՛ք քացախը, եւ վերջապէս` տաք ջուրը: Առնուազն մէկ-երկու ժամ սպասեցէ՛ք:
  • Ձուկի, սոխի կամ սխտորի անախորժ հոտը ձեր ձեռքերէն չքացնելու համար զանոնք շփեցէ՛ք սոտայով, որուն քանի մը կաթիլ ջուր աւելցուցած ըլլաք:
  • Ձեր ծաղիկներուն կեանքը երկարաձգելու համար, ծաղկամանին ջուրին մէջ մէկ թէյի դգալ սոտա լուծեցէ՛ք:
  • Նախօրօք թրջուած ճերմակ լուբիայի կամ սիսեռի ջուրին մէջ կէս թէյի դգալ սոտա լուծեցէ՛ք, որպէսզի անոնք աւելի լաւ փափկին ու եփին:
  • «Պէյքինկ սոտա» օգտագործելով դուք թէ՛ գումար կը խնայէք եւ թէ՛ կը սահմանափակէք քիմիական նիւթեր պարունակող դեղերու սպառումը:

Շուշիկ Մաւիսագալեան



+