Ծիսական գիտելիքներ : ​Եկեղեցական Գիտելիքներ 8-րդ շաբաթ Յիսնակաց - Յայտնութեան Շաբաթ (3 -10 Յունուար 2021)
10 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Մուրց / Ժամ : Լուսափայլ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Եկեղեցական Գիտելիքներ 8-րդ շաբաթ Յիսնակաց - Յայտնութեան Շաբաթ (3 -10 Յունուար 2021)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

05 Ocak 2021  

​Եկեղեցական Գիտելիքներ 8-րդ շաբաթ Յիսնակաց - Յայտնութեան Շաբաթ (3 -10 Յունուար 2021)



Այս շաբթուայ ընթացքին` վերջապէս կը փակենք Յիսնակաց շրջանը եւ կը մտնենք Յայտնութեան շրջանին մէջ։

Կիրակի 3 Յունուարը մեզի կը հրամցնէ վէճի մը դէպքը առաքեալներուն միջեւ, թէ ո՞վ է իրենց մէջէն ամէնէն մեծը. Քրիստոս Կ՛ընդվզի անոնց այս տեսակի ճղճիմ հաշիւներուն դէմ եւ կը պատասխանէ թէ մեծը այն է որ կ՛ըլլայ ամէնուն սպասաւորը, որ կը դասէ ինքզինք ամէնէն խոնարհ տեղը։

Մարդկային զգացումներուն եւ նկատումներուն միշտ բոլորովին հակառակ կ՛ընթանայ Յիսուս իր քարոզութեան մէջ։ Մեծը` փոքրն է, աղքատը` հարուստ, սգաւորը` երջանիկ, խոնարհը` բարձր։ Ինչու՞ տակաւին չեն կրցած իր առաքեալները հասկնալ այս իրողութիւնները։ Անոնց միտքը թանձրացած է. մարդկային նկատումները աւելի տեղ կը գրաւեն քան աստուածային պատուէրները։

Երեքշաբթի 5 Յունուարին արդէն Ճրագալոյցն է Յայտնութեան տօնին։ Այդ օրուան աւետարանը մեզի կը խօսի Պետրոս առաքեալի գլխաւորութեան մասին. Քրիստոս կ՛ըսէ իրեն. Դուն ես վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի հաստատեմ իմ եկեղեցիս. Շնորհիւ իր հաւատոյ դաւանութեան, Պետրոս կը կարգուի գլուխը առաքեալներուն։

Չորեքշաբթի 6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` կու գան Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրոդը` խունկ եւ երրորդը` զմուրս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմրսէին։ Աստուածայայտնութիւնը ըստ հայ ծէսի, մեր 5 մեծ տօներէն մին է, որ կը կոչուի նաեւ Տաղաւար։

Հինգշաբթի 7 Յունուար` ըստ հայկական սովորութեան` մեռելոց օր է եւ յիշատակութիւն կը կատարուի բոլոր ննջեցեալներուն։ Արեւելքի մէջ` մեր վարդապետները կը կատարեն նաեւ գերեզմանօրհնէք եւ այդ օրը բոլորովին կը նուիրուի համայն հանգուցեալ հոգիներուն։

Ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը` Յայտնութեան Ութօրէքի մէջ գտնուած օրերն են եւ կը կարդացուին Յովհաննէս Մկրտիչի մասին աւետարանները, որովհետեւ Յատնութեան տօնին օրը նաեւ կը տօնուի Յիսուսի Մկրտութիւնը։ Յովհաննէս Յիսուսի հեռաւոր զարմիկն է. Յովհաննէսի մայրը` Եղիսաբեթ, եւ Յիսուսի մայրը` Մարիամ ըստ աւետարանին` զարմուհիներ են. Մարիամ երբ իմացաւ թէ Եղիսաբեթ 6 ամսուայ յղի էր, անմիջապէս ճամբայ ելաւ եւ գնաց իրեն օգտակար դառնալու։ Երբ իրար հանդիպեցան, Եղիսաբեթի որովայնին մէջ` խայտաց իր մանուկը, եւ այն ատեն հասկցաւ որ Մարիամու արգանդին մէջ գտնուող մանուկը Մեսիան էր, փրկիչը աշխարհի։ Յովհաննէս երբ հասուն տարիքի հասաւ, թողուց ամէն ինչ եւ գնաց անապատ. հոն բաւական ճգնելէ ետք` սկսաւ քարոզել ապաշխարութիւն, պատրաստելու համար ժողովուրդը Տիրոջ գալստեան. Ապաշխարանքէն ետք, որպէսզի անոնք մաքրուէին իրենց մեղքերէն, Յովհաննէս սկսաւ ջուրով մկրտել զիրենք, Յորդանան գետին մէջ։ Յայտնութեան տօնին օրը` սովորութիւն կայ հայկական եկեղեցիներուն մէջ` կատարելու նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ ապա` մկրտութիւն Քրիստոսի, Սուրբ Խաչը դնելով մեռոնով օրհնուած ջուրին մէջ. Ժողովուրդի մէջէն ընտրուած փոքրիկ մը կը ներկայացնէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։

Կիրակի 10 Յունուարը Յայտնութեան Ա. Կիրակին է:



Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Կեանքի ընթացքին, մարդիկ պէտք ունին բաժակ մը գիտութիւն, տակաո մը խոհեմութիւն եւ ովկիանոս մը համբերութիւն։

+