Ծիսական գիտելիքներ : Կիրակի 15 Օգոստոս 2021 Վերափոխում Սուրբ Աստուածածնի
23 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Կիրակի 15 Օգոստոս 2021 Վերափոխում Սուրբ Աստուածածնի

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

15 Ağustos 2021  

Կիրակի 15 Օգոստոս 2021 Վերափոխում Սուրբ Աստուածածնի



Մարիամ մայրն է բոլոր հաւատացեալներուն (Ղուկաս 2, 1-7)

Մարդկութեան պատմութեան մէջ՝ Մարիամ իր յատուկ տեղն ունի. Ան սահմանուած է ի յաւիտենից, ըլլալու մայրը Քրիստոսի, մարդկային ցեղի փրկիչին: Երբ խաչին վրայէն Յիսուս ըսաւ Յովհաննէս առաքեալին՝ ահա մայրդ, ցոյց տալով անոր իր մայրը, Մարիամ դարձաւ համայն մարդկութեան մայրը:

Երբ, 431 թուին, Եփեսոսի 3-րդ տիեզերական ժողովի ընթացքին, Նեստոր, Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքը համարձակեցաւ ըսելու թէ կարելի չէ կոչել Մարիամը՝ մայր Աստուծոյ, այլ ան լոկ մայրն է Քրիստոսի որպէս մարդ, բոլոր Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը դէմը կանգնեցան ու միահամուռ դատապարտեցին զինք, յայտարարելով պաշտօնապէս թէ Մարիամ մայրն է Աստուծոյ, Աստուածամայր է:

Մարիամ այն սերտ կապն է որ կը միացնէ մարդկութիւնը աստուածութեան: Ան մաս կը կազմէ մարդկութեան, իր մարդկային բնութեամբը իսկ իր աստուածամայրութեամբ, մեզ սերտօրէն կը միացնէ Աստուծոյ: Ուստի ամէն քրիստոնեայ իր սրտին մէջ ունենալու է յատուկ տեղ մը Մարիամի նուիրուած. Իւրաքանչիւր հաւատացեալ մշակելու է բարեպաշտութիւնը հանդէպ Տիրամօր, որովհետեւ ան է որ կը բարեխօսէ մեզի համար եւ բոլոր հարկաւոր շնորհքները կ՛ընդունի յօգուտ մեր անձին։

Հայկական եկեղեցիներու մէջ միշտ ի պատուի դրուած է, ընդհանրապէս Աւագ խորանին վրայ, Աստուածածնայ պատկերը. եւ մենք կը հաւատանք ու կը հաստատենք թէ Մարիամ նաեւ մայրն է եկեղեցւոյ: Հոգեգալստեան օրը, Աստուածամայրը առաքեալներուն միջեւ էր Վերնատան մէջ, կը հսկէր անոնց վրայ եւ կը քաջալերէր զանոնք որպէսզի չյուսահատէին:

Աստուծմէ որեւէ մէկ շնորհք ընդունելու համար, կրնանք համարձակօրէն դիմել իր սուրբ մօրը, Մարիամի եւ ապահով կրնանք ըլլալ թէ պիտի ընդունինք զայն: Մարիամ հզօր միջնորդն է մեր եւ Աստուծոյ միջեւ, մեր կարող փաստափանը, մեր վրան հսկողը, որպէսզի չիյնանք հակառակորդի ճիրաններուն մէջ եւ չկորսուինք յաւիտենապէս:

Երկնքի մէջ, միակ մարդկային էակը որ իր մարմնով եւ հոգիով միատեղ կ՛ապրի Աստուծոյ մօտ, ինքն է, Մարիամը, կից իր Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի մարմնոյն եւ հոգիին: Ասիկա նշան մըն է որ մեր մարմիններն ալ օր մը պիտի հասնին նոյն փառքին, երկնքի մէջ: Յարութեան յոյսը եւ յաւիտենական կեանքի ստուգութիւնը մեզի կը բնորոշուին Մարիամի Վերափոխման իրողութեան ընդմէջէն:

Երուսաղէմի մէջ երբ կ՛արտայայտուին իր գերեզմանի եւ մահուան շուրջ, միշտ կը խօսուի իր ննջումին մասին. Մարիամ չմեռաւ սովորական մահականացուի մը նման, այլ ննջեց, քուն եղաւ, որպէսզի արթննար երկնքի յաիտենական երանութեան մէջ: Թէպէտ այս դէպքին պաշտօնական յայտարութիւնը որպէս հաւատքի ճշմարտութիւն տեղի ունեցաւ միայն 1958-ին, սակայն մեր նախնիք, առաջին քրիստոնեաները, միշտ համոզուած էին անոր իրականութեան:

Գրեթէ բոլոր սուրբերը մեզի փոխանցած են իրենց խոր համոզումը թէ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեր բոլորին մայրն է եւ թէ մեզի ամէնուս համար կը բարեխօսէ երկնքէն, ընդունելով այն բոլոր շնորհքները որոնք օկտակար են մեզի: Ուստի վստահութեամբ դիմենք իրեն եւ ապահով պիտի ըլլանք որ մեր խնդրանքները պիտի ընդունուին. Ամէն:

+