Ծիսական գիտելիքներ : Ա. Կիրակի Վերափոխումէն ետք (22-29 Օգոստոս 2021)
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Մթացեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Ա. Կիրակի Վերափոխումէն ետք (22-29 Օգոստոս 2021)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

23 Ağustos 2021  

Ա. Կիրակի Վերափոխումէն ետք (22-29 Օգոստոս 2021)



Երկուշաբթի տօնն է Աստուածածնայ ծնողաց

Կիրակի 22 Օգոստոսին` տակաւին կը գտնուէինք Աստուածածնայ Իննօրեային մէջ, որովհետեւ, ըստ կարգադրութեան Ներսէս Գ. Շնորհալի Կաթողիկոսին, որ Աստուածամօր հանդէպ իր ունեցած վսեմագոյն ջերմեռանդութիւնը հաղորդեց ժողովուրդին, վերափոխման եռօրեայ տօնակատարութիւնը վերածելով իննօրեայի, այսօր` երկուշաբթի կը լրանայ Իննօրեան եւ ծիսական տարւոյն ընթացքին կատարուելիք սուրբերու տօնակատարութիւնը կը շարունակուի։

Առաջին տօնն է Աստուածածնայ ծնողաց տօնը։ Ըստ աւանդութեան, Մարիամի հօր անունն էր Յովակիմ եւ մօրը անունը` Աննա. Անշուշտ Սուրբ Աւետարաններուն մէջ չկայ յիշատակութիւնը անոնց անուան, սակայն, ինչպէս նախապէս տեսանք Մարիամի Վերափոխման մասին, անոնց ինքնութիւնը մեզի հասած է ոչ-կանոնական աւետարաններու ընդմէջէն։ Ընդհանուր առմամբ Եկեղեցին աւելի նախընտրաբար կը յիշատակէ Սրբուհի Աննան, Մայրը Մարիամ Աստուածածնի. Անոր ընծայուած սրբավայրերն ու ուխտատեղիները բազմաթիւ են բոլոր աշխարհի մէջ, սակայն ոչ այնքան հայ ժողովուրդի մօտ։

Ամենամեծ սրբավայրերէն կը նկատուի ֆրանսայի Պրըթանյը գաւառին մէջ գտնուող Սրբուհի Աննայի ուխտատեղին, ուր յատուկ կերպով գնաց աղօթելու, մի քանի տարիներ առաջ, երջանկայիշատակ Յովհաննէս-

Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը։ Այս սրբավայրը գոյութիւն ունի միջին դարէն ի վեր, երբ Աննա Պրըթանյի իշխանուհին, որ հետագային ֆրանսայի թագուհի պիտի ըլլար, կը հաստատէ անոր ջերմեռանդութիւնը շրջանին մէջ։ Նոյնպէս Սրբուհի Աննայի կարեւորագոյն սրբավայրերէն մին կը սեպուի Գանատայի Քէպէք քաղաքի մօտ կառուցուած հսկայ ուխտատեղին, որու անունով կը կոչուի նոյն գիւղաքաղաքը, Սէնթ Անն տը Պօբրէ։ Ամէն տարի Սրբուհի Աննայի տօնին, որ լատինաց մօտ 26 Յուլիսին կը պատահի, Ամերիկայի ամէն կողմէն հոն կը փութան հաւատացեալները, պատուելու Տիրոջ մեծ մայրը` Սրբուհի Աննան.

Նոյն ատեն բնիկ հնդիկներ կը հասնին բազմաթիւ գունագեղ նաւակներով եւ իրենց տարազներով կը ճոխացնեն հանդիսութիւնները Սրբուհիին։

Նոյն օրը` երեքշաբթի, Հայ Եկեղեցին կը տօնէ նաեւ Իւղաբեր Կիները. Ըստ Սուրբ Գրքի, ասոնք այն երեք բարեպաշտ կիներն էին որոնք եկած էին, կիրակի օրը, օծելու Յիսուսի մարմինը, որ գերեզմանի մէջ էր, թանկագին իւղերով. Անոնց անուններն էին, ըստ Մարկոսի Աւետարանին. Մարիամ Մագթաղենացի, Մարիամ` Յակոբի մայրը եւ Սողոմէ. Իսկ Ղուկաս` Սողոմէի տեղ` կը յիշէ Յովհաննա անունով կին մը։

Հինգշաբթի օր` Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Բաբելաս Անտիոքի սուրբ եպիսկոպոսը, որ արգիլեց Դեկոս կայսրը Եկեղեցի մտնելէ. Այդ պատճառաւ ալ նահատակուեցաւ, ու իրեն հետ` իր երեք աշակերտները, որոնք երեք եղբայրներ էին եւ նահատակուեցան իրենց մօր` Թէոդոլիայի հետ

Շաբաթ օրը` կը տօնենք Երեմիա Մարգարէն. Ան ապրած է Ք.Ա. 7-րդ եւ 6-րդ դարերուն. Իր մարգարէութիւններու գիրքը, որ կը բաղկանայ 52 գլուխներէ, կը նկարագրէ գլխաւորաբար Իսրայէլի թագաւորութեան անկումը ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի տաճարին կործանումը Նաբուգոթոնոսոր արքայի ձեռքով, ապա ժողովուրդին գաղթը դէպի Ասորեստան եւ գերեվարութիւնը. Երեմիա ողբացող մարգարէ կոչուած է։


+