Այլեւայլ : Հետաքրքրական. Լիբանանի Մէջ Սուրբ Ծնունդի Համեստ Աւանդոյթները` 100 Տարի Առաջ
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Հրակաթն

Այլեւայլ : Հետաքրքրական. Լիբանանի Մէջ Սուրբ Ծնունդի Համեստ Աւանդոյթները` 100 Տարի Առաջ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

02 Ocak 2022  

Հետաքրքրական. Լիբանանի Մէջ Սուրբ Ծնունդի Համեստ Աւանդոյթները` 100 Տարի Առաջ



Լիբանանցի ազգագրագէտներու եւ մտաւորականներու վկայութեամբ, անցեալին Լիբանանի մէջ Սուրբ Ծնունդը նուէրներու մրցավազք չէր, ոչ ալ ինքնաշարժի խցանումներ կամ արհեստակար ծառեր` ճոխացուած բազմազան պսպղուն գնդակներով կամ խաղալիքներով: Սուրբ Ծնունդը ո՛չ հնդկահաւն էր, ո՛չ «Կաղանդի կոճղը» (bûche de Noël) եւ հաստատ` ո՛չ ալ Կաղանդ պապան…

Անցեալին Լիբանանի մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնը առաջին հերթին պարզութիւն էր, խոկալու առիթ, աւանդական համեղ հիւրասիրութիւն, բայց ամէնէն առաջ` խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն:

Լիբանանցի գրագէտ Անիս Ֆրէյհայի` «Լիբանանեան գիւղը` մոռցուած մշակոյթ» հատորէն կը քաղենք հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնները.

– Շուրջ հարիւր տարի առաջ Ս. Ծնունդը գլխաւոր տօն չէր քրիստոնեաներուն համար, Զատիկը համարուած էր կարեւորագոյն տօնը, որ ծանօթ էր նաեւ «Մեծ տօն» անունով:

– Տօնածառը մօտակայ անտառէն կտրուած սոճիի ճիւղ մըն էր, զոր կը զարդարէին մանտարինով, ընկոյզներով եւ ժապաւէններով, իսկ լուսաւորելու համար կ՛օգտագործէին իսկական մոմը:

– Իւրաքանչիւր դեկտեմբերի սկիզբը երեխաները կը ցանէին ցորենի հատիկներ, որոնք շուտով կը ծլէին: Ցորենի ընձիւղները` որպէս կեանքի խորհրդանիշ, կը զետեղուէին մսուրին մօտ:

– Գիւղերուն մէջ մեծ ու փոքր անհամբեր կը սպասէին համեղ ճաշին: Համեստ եկամուտ ունեցող գիւղացիները պարբերաբար միս կ՛ուտէին, անոնց ամէնօրեայ սնունդը բաղկացած էր բոյսերէ եւ ընդեղէններէ: Սուրբ Ծննդեան օրը տանտիկինները, նայած` իրենց հնարաւորութիւններուն, կը պատրաստէին լեցուած հաւ կամ աքաղաղ, «քըպպէ», «ֆուէրիխ»` բրինձով կամ ձաւարով եղինձի հետ մատուցելու համար: Ընթրիքի սեղանին շուրջ ընտանիքի անդամները կը հաւաքուէին կէսգիշերային պատարագէն ետք:

– Յիսուսի գալուստը կը նշուէր «մըղլի» աղանդերի մատուցումով: Մինչեւ օրս ալ ընտանիքներու մէջ նոր երեխայի ծնունդը կը նշուի «մըղլի»-ի հիւրասիրութեամբ:

– Որպէս նուէր` երեխաները ծնողներէն կը ստանային քաղցրաւենիք, ընկոյզ եւ նարինջ: Գիւղերուն մէջ նուիրելու, նուէր փոխանակելու սովորութիւն չկար: Արեւմուտքէն եկած այս աւանդոյթը տարածուած էր քաղաքներուն մէջ միայն:

– Ծնունդի նախօրէին բարեկեցիկ ընտանիքները տոպրակները կը լեցնէին քաղցրաւենիքով, չոր միրգերով եւ ընկոյզներով, երեխաները այդ տոպրակները կը զետեղէին ծերերու, այրիներու կամ չքաւորներու դռներուն առջեւ. «Մենք ձեր մասին կը մտածենք» ըսելու ազնիւ արարք մը:

– Անցեալին Սուրբ Ծնունդը հիմնականին մէջ կէս գիշերային պատարագն էր: Երիտասարդները եկեղեցի կը շտապէին զանգը ղօղանջելու եւ հաւատացեալները պատարագի կանչելու համար:

– Գիւղերուն մէջ մարդիկ կը հաւաքուէին եկեղեցւոյ բակը վառած խարոյկին շուրջ, զայն երկար ձողով մը կը խառնէին կայծեր յառաջացնելու համար: Մութ երկինք բարձրացող կայծերը կը խորհրդանշէին Քրիստոսի ծննդեան օրը փայլող աստղը:

– Սուրբ Ծննդեան տօնը առաջին հերթին առիթ էր գիւղացիներուն համար` խաղաղութիւն կնքելու, ներելու, ներուելու եւ հաշտուելու: Իսկ եկեղեցւոյ բակը, հսկայ խարոյկին շուրջ յարմարագոյն վայրն էր հոգիները մաքրելու, չարը վանելու եւ նոր երազանքներ պահելու համար:

+