Այլեւայլ : Դափնիի Տերեւի Թաքուն Յատկութիւնները
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Այգ

Այլեւայլ : Դափնիի Տերեւի Թաքուն Յատկութիւնները

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

11 Ocak 2022  

Դափնիի Տերեւի Թաքուն Յատկութիւնները



Ամէն տուն իր բոյրը ունի: Կարգ մը տուներ օծանելիք կամ սուրճ կը բուրեն, ուրիշներ` կերակուր… Սակայն կան տուներ, ուր տիրական է թարմութեան եւ մաքրութեան բոյրը: Հնարաւոր է, որ այդ տուներու մարդիկը տեղեակ են այն միջոցի մասին, զոր օգտագործած են հին յոյներն ու հռոմէացիները: Անոնք օգտագործած են դափնիի տերեւը ոչ միայն խոհարարութեան մէջ, այլ նաեւ որպէս միջոց` մաքրելու տարածքը տհաճ հոտերէն եւ խոնաւութենէն:

Այսպիսի արդիւնքի հասնելու համար անոնք պարզապէս կ՛այրէին դափնիի տերեւները:

Մինչեւ օրս ալ կայ այն համոզումը, որ դափնիի տերեւ այրելով` կարելի է ձերբազատիլ ոչ միայն անախորժ հոտերէն, այլ նաեւ` կանխարգիլել որոշ հիւանդութիւններ ու բարելաւել ինքնազգացողութիւնը: Ապացուցուած է, որ դափնիի տերեւի հոտը հանգստացնող եւ ցաւազերծող յատկութիւն ունի: Ան կրնայ կանխարգիլել` լուսնոտութեան տագնապները, յաղթահարել ընկճախտը, յոգնածութիւնն ու անքնութիւնը: Պատճառը հետեւեալն է. դափնիի տերեւին պարունակած եթերային իւղերը կը բանան շնչառական խողովակները եւ կը թուլցնեն ամբողջ մարմինը:

Զգալու համար թուլացնող ազդեցութիւնը` պէտք է ամանի մը մէջ վառել դափնիի երկու չոր տերեւ, եւ արդէն 10 վայրկեան ետք անուշ բոյրը կը տարածուի սենեակին մէջ:

Ի դէպ, դափնիի տերեւը կը համարուի մաքրութեան, յաջողութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշ:

Դափնիի Տերեւին Մոգական Յատկութիւնները

Դափնիի տերեւի մոգական յատկութիւններուն հաւատացեր են յատկապէս հռոմէացիներն ու յոյները:

Անոնք տարբեր ծիսակատարութիւններ կը կիրարկէին իրենց ցանկութիւններուն իրագործման համար: Մինչեւ օրս ալ`

– Որոշ մարդիկ տան մուտքին դափնիի տերեւ կը պահեն` որպէս պահապան:
– Ոմանք իրենց ցանկութիւնը կը գրեն տերեւին վրայ եւ ապա կը վառեն:
– Անքնութենէ տառապողներ դափնիի տերեւ կը դնեն իրենց բարձին տակ` հանգիստ քուն եւ հաճելի երազ ապահովելու համար:
– Ոմանք երեխայի մահճակալին տակ դափնիի տերեւ կը դնեն մանուկը չար աչքերէ եւ չար փորձանքներէ պաշտպանելու համար:
– Շատեր իրենց դրամապանակին մէջ դափնիի տերեւ կը դնեն դրամական յաջողութիւն ապահովելու հաւատքով:
– Ոմանք տան մուտքին փռուած գորգին տակ դափնիի տերեւ կը պահեն` որպէս չարխափան:

+