Ծիսական գիտելիքներ : ​Եկեղեցական Գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Յայտնութեան (30 Յունուար- 6 Փետրուար 2022)
05 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Առաւօտ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Եկեղեցական Գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Յայտնութեան (30 Յունուար- 6 Փետրուար 2022)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

31 Ocak 2022  

​Եկեղեցական Գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Յայտնութեան (30 Յունուար- 6 Փետրուար 2022)



Չորեքշաբթի 2 Փետրուարին, տօնն է Տեառընդառաջի։

Կիրակի 30 Յունուար՝ Յայտնութեան Դ. Կիրակին է։ Օրուան աւետարանը (Յովհ.5, 19-30) կը խօսի Որդիին՝ այսինքն ՝՝Յիսուսի՝՝ հեղինակութեան մասին:

«Աշխարհ եկած եմ Հօրս կամքը կատարելու համար» Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՝ըսեմ ձեզի. (կ՝ըսէ Յիսուս) “Որդին ինքնիրմէ ոչինչ կրնայ ընել, այլ միայն ինչ որ տեսնէ՝ որ Հայրը կ՚ընէ. Քանի որ Հայրը կը սիրէ Որդին, ցոյց կու տայ անոր՝ ամէն ինչ որ ինք կ՚ընէ:

Որովհետեւ Յիսուս կը փնտռէ կամքը զինք ղրկողին, ուրեմն իր վկայութիւնը ճշմարիտ է։ Այս է ահա գլխաւոր առանցքը Քրիստոսի պատճառաբանութեան իր անձին եւ գործերուն նկատմամբ. Իր խորին փափաքն է որ իր խօսակիցները հաւատան իր աստուածային ծագումին եւ մտիկ ընեն ու գործադրեն աշխարհ բերած իր պատգամը, որ կենսական արժէք ու կարեւորութիւն ունի մարդուս յաւիտենական փրկութեան համար։

Երկուշաբթի 31 Յունուարին, տօնն է Եւգինէ կոյսին, անոր հօր՝ Փիլիպոսի, մօր՝ Կղոդէի, երկու եղբայրներուն՝ Սերկէյի ու Ապիտոնի ինչպէս նաեւ երկու ներքինիներու։

Երեքշաբթի 1 Փետրուարին՝տօնն է Մարութա եպիսկոպոսին։ Մարութա՝ որ ասորի հօր եւ հայ մօր զաւակ էր, մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր ոչ միայն Հայերու մօտ, այլ նաեւ բոլոր Արեւելեան ծէսերու մօտ։ Ան Եպիսկոպոսն էր Միջագետքի Նիմրութ քաղաքին, չորրորդ դարու վերջերը։

Մեծ յարգանք կը վայելէր նաեւ Պարսիկներու կողմէ, որովհետեւ հրաշքով բուժած էր Յազկերտ Ա. թագաւորի որդին։ Իր միջնորդութեամբ` որոշ ժամանակ մը խաղաղութիւն տիրեց ընդմէջ Բիւզանդական կայսրութեան եւ Պարսիկներու։

Ամփոփեց բոլոր Պարսկաստանի մէջ նահատակուած վկաներու աճիւնները իր քաղաքին մէջ։ Գրած է պատարագամատոյց մը, Սուրբ Գրքի մեկնաբանութիւններ եւ զանազան աղօթքներ։

Չորեքշաբթի 2 Փետրուարին, տօնն է Տեառընդառաջի։ Այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճարին, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Յատկանշական է մանաւանդ հանդիպումը երկու ծերունիներուն, Սիմէոնի եւ Աննայի, որոնք` ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն` կու գան տաճար մանուկը տեսնելու, այն որ եկած է փրկելու ժողովուրդը, խոստացուած Մեսիան։

Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։ Նաեւ նոյն օրը, կամ նախորդ օրուայ իրիկունը, ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ. Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը։

Հինգշաբթի 3 Փետրուարին կը տօնենք Սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետը. Ոմանք զինք հայ կը կարծեն ծագումով, սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ. Նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։

Նոյն օրը կը տօնենք Ս. Ոնեսիմոսը, Պօղոս առաքեալի աշակերտներէն մին, որուն մասին վկայութիւն տուած է առաքեալը, Փիլեմոնի ուղղած իր թուղթին մէջ։

Շաբաթ 5 Փետրուարին, տօնն է երկու Անտիոքացի քահանաներու, Եւգինէոս եւ Մակարիոս, որոնք զոհ գացին Յուլիանոս Ուրացողի հալածանքներուն։ Անոնք աքսորուեցան մինչեւ Մորիդանիա, ուր եւ մահացան։ Նոյնպէս կը տօնենք երեք Տրապիզոնցի վկաներ. Վաղերիոս, Կանդիտոս եւ Ակիւղաս. Անոնք նահատակուեցան Դիոկղետիանոս կայսեր օրով, յետ բազում չարչարանքներու։

Կիրակի 6 Փետրուարը, ըստ հայ տօնացոյցի Առաջաւորի բարեկենդան է։






+