Այլեւայլ : ​Ուսուցչաց Տօնին Պատմութիւնը
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Մթացեալ

Այլեւայլ : ​Ուսուցչաց Տօնին Պատմութիւնը

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

24 Kasım 2022  

​Ուսուցչաց Տօնին Պատմութիւնը



Ազգերուն համար ուսուցիչը կը մնայ ազգային զարթօնքի հիմնական միջոցներէն մէկը: Ուսուցիչը այն դաստիարակն է, որուն շունչով կը թրծուին նորահաս սերունդները:

Ուսուցիչը աշակերտներուն համար տեղեկութիւններու հիմնական աղբիւր մըն է, իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ ուսուցիչը պատասխանատու է աշակերտին մտքի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ տաղանդներու բացայայտումին:

Մարդկային պատմութեան մէջ այսօր ովքե՜ր իրենց անունները պատմութեան մէջ իբրեւ նշանաւոր դէմքեր արձանագրած պիտի չըլլային, եթէ անոնց ուսուցիչները անոնց վստահութիւն չներշնչէինք եւ զանոնք կատարեալ հոգատարութեամբ չառաջնորդէին դէպի այն դիրքերն ու պաշտօնները, որոնց արժանի էին:

Ուսուցչաց Տօն
Ուսուցիչը մեծարելու նպատակով ամբողջ աշխարհը գոյացուցած էր համաձայնութիւն մը, որ ուսուցչաց տօնը նշուի 5 հոկտեմբերին: Այս տօնը սկսաւ 1994-ին եւ նոյն օրը նշուեցաւ շուրջ հարիւր երկիրներու մէջ, սակայն կարգ մը այլ երկիրներ այդ թուականը փոխեցին եւ այլ օրերու նշեցին ուսուցիչներու տօնը:

Ուսուցչաց տօնը կը միտի մեծարել ուսուցիչները եւ տարբեր ընկերութիւններուն մէջ առանձնայատուկ դերակատարութիւն շնորհել ուսուցիչին, ինչպէս նաեւ իմանալ անոր կարիքները եւ ապահովել զանոնք, որպէսզի անոնք կարենան իրենց առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարել:

Ուսուցիչներու տօնը նպատակ ունի նաեւ ուսուցչութեան ասպարէզը բարելաւել` նկատի ունենալով, որ ուսուցչութիւնը իբրեւ ասպարէզ ետդարձ արձանագրած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, յատկապէս աղքատութենէ տառապող շրջաններուն մէջ, ուր մարդիկ հազիւ իրենց օրուան հացը կրնան ապահովել:

Ուսուցչաց Տօնը Աշխարհին Մէջ
Հակառակ այն իրականութեան որ գրեթէ ամբողջ աշխարհը կը նշէ ուսուցիչներու տօնը 5 հոկտեմբերին, կան այլ երկիրներ, որոնք այդ տօնը կը նշեն այլ օրերու ընթացքին: Ուսուցչաց տօնը Լիբանանի մէջ կը նշուի 9 մարտին, Աֆղանիստանի մէջ` 24 մայիսին, Արժանթինի մէջ` 11 սեպտեմբերին, Աւստրալիոյ մէջ` հոկտեմբերի վերջին ուրբաթ օրը, Պրազիլի մէջ` 15 հոկտեմբերին, Չիլիի մէջ` 16 հոկտեմբերին, Քոլոմպիոյ մէջ` 15 մայիսին, Հունգարիոյ մէջ` 1 յունիսին, Փերուի մէջ` 6 յուլիսին, Թայուանի մէջ` 28 սեպտեմբերին,,Պաղեստինեան հողերուն վրայ` 14 դեկտեմբերին իսկ Թուրքիոյ 24 նոյեմբերին:

Ուսուցչաց տօնը 5 հոկտեմբերէն բացի այլ օրերու ընթացքին նշելու սովորութիւնը կը յարմարի իւրաքանչիւր երկրի աւանդութիւններուն եւ տօնական ցուցակին: Ամէն մէկ երկրի մէջ այս տօնը իւրայատուկ ձեւով կը նշուի: Կարգ մը երկիրներ զայն կը նկատեն պաշտօնական տօն եւ այդ առիթով փակ կը պահեն դպրոցները:

Հայաստանի մէջ ուսուցչաց տօնը կը նշուէր հոկտեմբերի վերջին կիրակի օրուան ընթացքին, սակայն, Ազգային ժողովին կողմէ տրուած որոշումին համաձայն, ուսուցչաց տօնը նշելու օրը փոխուեցաւ 5 հոկտեմբերի, այսինքն` ուսուցչաց տօնը նշելու համաշխարհային աւանդական օրուան:

Արցախի հանրապետութեան մէջ եւս ուսուցչաց օրը կը նշուի 5 հոկտեմբերին:
+