Այլեւայլ : ​Մեր Հայկական Տօները. Երիտասարդներու Բարեխօսը` Սուրբ Սարգիս
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Երկրատես

Այլեւայլ : ​Մեր Հայկական Տօները. Երիտասարդներու Բարեխօսը` Սուրբ Սարգիս

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

03 Şubat 2023  

​Մեր Հայկական Տօները. Երիտասարդներու Բարեխօսը` Սուրբ Սարգիս



Յառաջիկայ շաբաթ օր Սուրբ Սարգիսի տօնն է, այս տօնով կը սկսի բարեկենդանը, որուն անմիջապէս յաջորդող 49-օրեայ Մեծ պահքը կ՛աւարտի Զատիկով:

Ս. Սարգիս Զօրավարին տօնը Հայաստանի մէջ կը նշուի ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ` ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք նուիրական աւանդութիւն դարձած են:

Ս. Սարգիսը հայ ժողովուրդի ամէնէն սիրելի սուրբերէն է: Ան երիտասարդներու բարեխօսն է, իր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՛ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կ՛աղօթեն սուրբին, որպէսզի իրենց աղօթքները հասցնէ Աստուծոյ:

Գիտէի՞ք, թէ…

– Ամբողջ պատմական Հայաստանի տարածքին Ս. Սարգիսի անունով շատ սրբավայրեր կան, եկեղեցիներ, մատուռներ, նոյնիսկ` լեռ:

– Ժողովրդական սովորութիւն է Ս. Սարգիսի տօնին ալիւրով լեցուն ափսէ դնել տան տանիքը կամ պատշգամը եւ սպասել, Ս. Սարգիս Զօրավարի ձիուն պայտի հետքին: Ըստ աւանդութեան, Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ որու որ ափսէին մէջ դրուած ալիւրին վրայ ձգէ իր սպիտակ ձիուն պայտին հետքը, այդ տարի կ՛իրականանան երիտասարդին երազները:

– Տօնի նախօրէին ծոմ պահած երիտասարդները աղի կրկնեփ կ՛ուտէին, որպէսզի տեսնեն, թէ երազին մէջ իրենց ո՛վ ջուր պիտի տայ: Շաբաթ առտու աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի գաւաթով եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը` աղքատ: Լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը նախագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք:

Աւանդութեան համաձայն, այս կրկնեփը պէտք է պատրաստէր հաւաքուած կիներէն ամէնէն երջանիկը, ան որ մեծ սէր ապրած եւ երեխաներ ունեցած էր:

– Ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի խօսքերով, Ս. Սարգիսի տօնը ունի իր ծիսական ծառը, որ պատրաստուած կ՛ըլլայ փուշերէ, նուռէ, հացահատիկներէ (աղանձ, խաշիլ, փոխինձ): Ազգագրագէտին համաձայն, ոչ միայն եկեղեցին, այլ նաեւ տունը ունի տիեզերական խորհուրդ, եւ բոլոր հայ ընտանիքները պէտք է պատրաստեն ծիսական այս ծառը: Փուշի ընտրութեան կապակցութեամբ, Ագուլեցիի բացատրութեամբ, «սէրը փշոտ է, սիրոյ համար պէտք է պայքարիլ, ի հարկին` զոհողութիւններու երթալ, եւ քանի որ մարդը բանական էակ է, ան կրնայ ճիշդ ընտրութիւն կատարել»:

– Ս. Սարգիսի կրկնեփներու բաղադրատոմսը շատ պարզ է: Երեք բաղադրիչներ` ալիւրը, ջուրը եւ աղը (բաւական մեծ քանակութեամբ) շաղել, սրտաձեւ կամ կլոր ձեւաւորել ու փուռին մէջ եփել:

– Անցեալին ընդունուած սովորութիւն էր Ս. Սարգիսի օրը «օձի թթու» կոչուած ապուր պատրաստել: Այս ապուրը կը պատրաստուէր ցորենով կամ ոսպով, կաղամբի թթուաշով ու անոր ջուրով եւ ձէթի մէջ տապկուած կարմիր պղպեղով:

+