Այլեւայլ : Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Տնտեսի Կիրակի
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Շաւաղօտ

Այլեւայլ : Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Տնտեսի Կիրակի

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

13 Mart 2023  

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Տնտեսի Կիրակի



Մեծ Պահքի չորրորդ կիրակին կը կոչուի Տնտեսի: Այդ օր կարդացուող ճաշու Աւետարանին մէջ կը յիշատակուի անիրաւ տնտեսի առակը:

Անիրաւ տնտեսի առակը յիշատակած է Ղուկաս Աւետարանիչ:

Կար մեծահարուստ տանուտէր մը, որ տնտես մը ունէր եւ իր բոլոր գործերը անոր վստահած էր: Օրին մէկը տնտեսին մասին ամբաստանութիւն եղաւ, որ հաւատարիմ չէ եւ կը վատնէ իր տիրոջ ունեցուածքը: Տանուտէրը կանչեց զայն եւ ըսաւ. «Այս ի՞նչ կը լսեմ քու մասին. տո՛ւր քու տնտեսութեան հաշիւը, որովհետեւ այլեւս տնտես չես կրնար ըլլալ»:

Տնտեսը անակնկալի եկաւ, բայց չշփոթեցաւ եւ մտածեց թէ ի՞նչ պէտք է ընէ: Ան իր մտքին մէջ ըսաւ. «Ի՞նչ պէտք է ընեմ, քանի որ իմ տէրը տնտեսութիւնս ինձմէ կ՛առնէ: Հողի վրայ չեմ կրնար աշխատիլ, մուրալու կ՛ամչնամ: Գիտեմ, թէ ի՛նչ պիտի ընեմ, որպէսզի, երբ տնտեսութենէս հեռացուիմ, ընդունին զիս իրենց տուները»:

Հնարամիտ տնտեսը մտածեց իր տիրոջ ունեցուածքով բարեկամներ շահիլ: Ան իր տիրոջ պարտապաններէն իւրաքանչիւրը մէկ առ մէկ իր մօտ կանչեց: Առաջին պարտապանին ըսաւ. «Իմ տիրոջ որքա՞ն պարտք ունիս», ան պատասխանեց. «Հարիւր տակառիկ ձէթ»: Տնտեսը անոր ըսաւ. «Ա՛ռ քու մուրհակը, նստէ ու անմիջապէս գրէ` յիսուն»: Ապա դարձաւ միւսին ու ըսաւ. «Դուն որքա՞ն պարտք ունիս», ան պատասխանեց. «Հարիւր պարկ ցորեն»: Տնտեսը անոր ըսաւ. «Ա՛ռ քու մուրհակը, նստէ՛ ու գրէ` ութսուն»:

Տնտեսը թէեւ անիրաւ էր, սակայն իր ունեցուածքը բաշխելով աղքատներուն` բարեկամներ շահեցաւ: Մուրհակները անոնց ձեռքը տուաւ եւ հրամայեց պարտքը նուազեցնել, որպէսզի անոնք բարեկամանան իրեն հետ եւ զինք ընդունին իրենց տան մէջ:

Մեծահարուստ տանուտէրը, փոխանակ բարկանալու, հիացաւ տնտեսի հնարամտութեան վրայ եւ գովասանքի արժանացուց. «Գովեաց տէրն զտնտեսն անիրաւութեան»:

Շարական Տնտեսի Կիրակիի

Որ արարեր զօրութեամբ զիմանալեացն աշխարհ վերին
Եւ ի նմա հաստատեցեր տնտես զպէտս հրեղինացն,
Օրհնեմք զանհասանելի զօրութիւնդ:
Որ տիրապէս Մեծատունդ ստեղծեր երկրորդ աշխարհ զգալի
Եւ ի դրախտն որ յադենի տնտես եդեալ զմարդ առաջին,
Օրհնեմք զանհասանելի զօրութիւնդ:
Որ շինեցեր բարձրագոյն զեկեղեցի Քո խորհրդեամբ
Եւ ի սմա կարգեալ տնտես զքարոզս բանին ճշմարտութեան,
Օրհնեմք զանհասանելի զօրութիւնդ:
Անտանելւոյն Տաղաւար բարձող էիցս Բարձողին.
Որ ծնար զԱստուած մարմնով զանմարմնաբար Ծնունդն Հօր.
Բարեխօսեա վասն մեր, Աստուածածի՛ն Մարիամ:

(Դուն, ով Տէր, ստեղծեցիր իմանալի էակներու վերին աշխարհը եւ անոր մէջ իբրեւ տնտես հաստատեցիր հրեղէններու պետերը, կ՛օրհնենք անճառելի զօրութիւնդ: Դուն, որ իբրեւ մեծատուն ստեղծեցիր զգալի երկրորդ աշխարհը եւ Եդեմի դրախտին իբրեւ տնտես առաջին մարդը կարգեցիր, կ՛օրհնենք անճառելի զօրութիւնդ: Դուն, որ բարձրագոյն իմաստութեամբ եկեղեցիդ կառուցեցիր եւ անոր մէջ տնտես կարգեցիր ճշմարիտ խօսքի քարոզիչները, կ՛օրհնենք անճառելի զօրութիւնդ: Տաղաւար Անոր, որ անհնար է կրել, Քու մէջ կրեցիր Զայն, որ էակներուս մեղքը կրեց. Դուն Աստուծոյ մարմինով ծնար, Ան, ով Հօր ծնունդն էր անմարմնաբար. բարեխօսէ՛ մեզի համար, Աստուածածի՛ն Մարիամ):

Մեծահարուստ տանուտէրը Աստուած է, իսկ տնտեսը` մարդը: Աստուած արարեց իմանալի աշխարհը եւ հրեղէններէն տնտեսներ կարգեց, ապա ստեղծեց զգալի աշխարհը եւ տնտես կարգեց մարդը, իսկ այնուհետեւ հիմնեց եկեղեցին եւ հոն տնտեսներ կարգեց առաքեալներն ու անոնց հետեւորդները:

Մեր կեանքը մեզի չի պատկանիր, այլ` Աստուծոյ: Տնտեսին նման` մարդն ալ ոչինչ ունի սեփականութիւն եւ ամէն ինչ Աստուծմէ ստացած է: Աստուծոյ տուած շնորհներէն օգտուելով` պարտաւոր ենք անոնցմէ բաժին հանել միւսներուն: Ամէն ոք այդ շնորհին տնտեսն է եւ պարտաւոր է տնտեսին վայել գործել:

Եկեղեցւոյ հայրերը Տիրոջ նկատմամբ հաւատքի դրսեւորում նկատած են բարիք գործելը եւ աղքատներուն օգնելը: Երկինքի արքայութիւնը աղքատներուն տունն է. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է երկինքի արքայութիւնը»:

Չարիքի մէջ տուայտողը այլեւս չի կրնար բարիք գործել: Պահքը մեզի կը սորվեցնէ ինքնազսպումով եւ անձնուրացութեամբ գայթակղութենէ հրաժարիլ եւ փրկութեան հասնիլ: Իսկ Տնտեսի կիրակին մեզի կը յուշէ պահքին միաւորել ողորմածութիւնն ու աղքատասիրութիւնը:


+