Ծիսական գիտելիքներ : Սուրբ Զատիկ - Տօն Յարութեան Քրիստոսի (Մարկոս ԺԶ. 2 - 8). Իւղաբեր կիներու ժամանումը Յիսուսի գերեզման
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Արփող

Ծիսական գիտելիքներ : Սուրբ Զատիկ - Տօն Յարութեան Քրիստոսի (Մարկոս ԺԶ. 2 - 8). Իւղաբեր կիներու ժամանումը Յիսուսի գերեզման

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

09 Nisan 2023  

Սուրբ Զատիկ - Տօն Յարութեան Քրիստոսի (Մարկոս ԺԶ. 2 - 8). Իւղաբեր կիներու ժամանումը Յիսուսի գերեզման



Իւղաբեր կիները պատասխանատուութիւն մը ստացան հրեշտակէն, որ է տարածել այս լուրը, Յիսուսի յարութեան լուրը, մարդոց միջեւ եւ հասցնել զայն առաքեալներուն.

Մարկոսի աւետարանին մէջ՝ սպիտակ հագուստ հագած երիտասարդ մը, հաւանաբար հրեշտակ մը, կ'ողջունէ իւղաբեր կիները, որոնք եկած էին թաղուած Քրիստոսի մարմինը զմռսելու ։ Մեռած մարդու մը հանդէպ իրենց վերջին յարգանքի տուրքը կ՛ուզեն մատուցանել, սակայն Յիսուսի մարմինը մէջտեղ չէ:

Կիները այդ ճերմակազգեստ մարդէն կը ստանան պատուէրը երթալու իմաց տալու առաքեալներուն այս եղելութեան մասին, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ պատահած մեծագոյն հրաշքն է. Ո՞վ կարող է ողջ դուրս գալ գերեզմանէն: Սակայն կիները չեն հասկնար այս բոլորը եւ սարսափաահար կը փախչին։

Այսօր մենք եւս յաճախ, այս կիներուն նման, փախուստի կը մատնուինք, որովհետեւ չենք հասկնար, կամ չենք ուզեր հասկնալ Յիսուսի բերած նոր պատգամը մարդկութեան. Արդարեւ ան եկաւ աշխարհ խորտակելու մահուան օրէնքը եւ, իր յարութեամբ, բերելու կեանքի օրէնքը, տալով մարդոց կարելիութիւնը հասնելու յաւիտենական կեանքին:

Այսօրուայ խորհուրդը մեզի կը յիշեցնէ, մասնաւորապէս այս սուրբ օրերուն, թէ գոյութիւն ունի կեանք մը, որուն մենք քրիստոնեաներս կը ձգտինք, կեանք մը յաւիտենական որուն սահմանուած է ամէն անձ, պայմանաւ որ հաւատայ թէ Քրիստոս մեր Տէրը յարութիւն առաւ մեռելներէն, եւ թէ ինք մեզ կ՛առաջնորդէ այս աշխարհի խոչընդոտներուն մէջէն: Եթէ հաւատարմաբար իր վարդապետութեան հետեւինք, պիտի յաջողինք հասնելու այդ նոր կեանքին, որ է յաւիտենական երջանիկ կեանքը, երկնքի արքայութեան մէջ։

Իւղաբեր կիները պատասխանատուութիւն մը ստացան հրեշտակէն, որ է տարածել այս լուրը, Յիսուսի յարութեան լուրը, մարդոց միջեւ եւ հասցնել զայն առաքեալներուն. Սակայն ըստ Մարկոս աւետարանիչին, անոնք սարսափահար փախան եւ որեւէ մէկուն բան չըսին: Իսկ մենք, այսօր, ինչպէ՞ս կ'ընդունինք այս լուրը. նախ արդեօ՞ք կը հաւատանք անոր, կը տարածենք մեր շուրջ գտնուողներուն: Թէ ոչ Զատկի օրը նման միւս բոլոր օրերուն, միայն արձակուրդի օր կը նկատենք:

Կարգ մը դէպքեր կը պատահին աշխարհի վրայ, զոր Տէրը թոյլ կու տայ որպէսզի ցնցէ մեր հաւատքը եւ մեզ դարձեալ կարգի բերէ: Ինչպէս զոր օրինակ Սելովամի աշտարակին փլուզումը, Նոր Կտակարանին մէջ: Այսօր եւս, Ահա տարիէ մը աւելի եղաւ ականատես ենք ռուս-ուքրանական սոսկալի պատերազմին, Արցախի անարդար շրջափակումին... : Առիթն է մտածելու թէ այս բոլոր աղէտները մեզի համար հրաւէրներ են ապաշխարութեան եւ աղօթքի, զօրանալով քրիստոնէական կեանքի ապրումին մէջ, մանաւանդ մեր կիրակնօրեայ սրբազան պարտականութեան կատարումին մէջ: Ամէն:

+