Այլեւայլ : ​Բջիջային Հեռաձայնային Առաջին Խօսակցութիւնը Տեղի Ունեցաւ 50 Տարի Առաջ
02 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Հրանդ / Ժամ : Շաւաղօտ

Այլեւայլ : ​Բջիջային Հեռաձայնային Առաջին Խօսակցութիւնը Տեղի Ունեցաւ 50 Տարի Առաջ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

03 Mayıs 2023  

​Բջիջային Հեռաձայնային Առաջին Խօսակցութիւնը Տեղի Ունեցաւ 50 Տարի Առաջ



Ճիշդ 50 տարի առաջ Մարթըն Քուփըր առաջին անգամ ըլլալով առանց թելի եւ ինքնաշարժի մը չկապուած հեռաձայնով մը զանգեց:

Մարթըն Քուփըր ամերիկացի ճարտարագէտ մըն էր, որ կ՛աշխատէր հեռաձայնի ամերիկեան «Մոթորոլա» ընկերութեան մէջ: 3 ապրիլ 1973-ին ան կը հեռաձայնէ իրենց մրցակից հեռաձայնի «Պելլ» ընկերութեան մէջ աշխատող Ճոըլ Ս. Սէնկըլի հպարտօրէն անոր յայտնելու, որ կը հեռաձայնէր բջիջային հեռաձայնէ մը, իսկական փոխադրելի հեռաձայնէ մը:

Ասիկա բջիջային հեռաձայնի պատմութեան առաջին հեռաձայնային խօսակցութիւնն էր: Մինչեւ այդ թուականը միակ փոխադրելի հեռաձայնները դրուած էին շքեղ ինքնաշարժերու մէջ: Սակայն կարելի չէր զանոնք փոխադրել փողոցէն հեռաձայնելու համար:

50 տարի առաջ Քուփըրի ձեռքերուն մէջ գտնուող հեռաձայնը կը կշռէ մօտաւորապէս 1 քիլօ եւ ունի 22 սմ մեծութիւն: Անոր պաթըրին լիցքաւորելը կը կարօտի 10 ժամուան, եւ կարելի չէ հեռաձայնով խօսիլ աւելի քան մօտաւորապէս 20 վայրկեան: Տակաւին պէտք է զայն բարելաւել` զայն արտադրելու եւ ծախելու համար:

Մօտաւորապէս տասնեակ մը տարիներ ետքն է, որ առաջին բջիջային հեռաձայնը շուկայ կ՛իջնէ: Ան «ՏայնաԹԱՔ» կը կոչուի, սակայն ճանցչուած է աղիւսի անունով: Այս բաց սրճագոյն «աղիւսը» ունի 33 սմ մեծութիւն եւ կը կշռէ 794 կրամ: Անոր գինը շատ սուղ է` 3995 տոլար, որ հաւասար է ներկայի աւելի քան 10 հազար տոլարի: Տարիներու ընթացքին, այս հեռաձայնը ծանր, խճաղաղ, ոչ շատ գործօն եւ սուղ առարկայ մը կը համարուէր:

1990-ական թուականներու սկիզբը մեծ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան: ՃՍՄ («Կլոպըլ սիսթըմ ֆոր մոպայլ քոմիւնիքէյշընզ») դրութիւնը կը հաստատուի եւ կը սփռուի աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ: Հեռաձայնային ազդանշանը թուային կը դառնայ, հետեւաբար` աւելի թեթեւ եւ աւելի լաւ որակով: Այս առաջին փուլերուն բջիջային հեռաձայն մը կ՛արժէ 500-700 տոլար եւ կը ծառայէ միայն ուղղակիօրէն զանգելու:

1990-ական թուականներուն ընթացքին բջիջային հեռաձայններուն թիւը կը բազմապատկուի, եւ անոնց գինը կը նուազի: «Կապակցութիւն` չունեցող վայրերը կը նուազին: Այս շրջանին կը ծնի նաեւ ՍՄՍ-ը (Շորթ Մէսըճ Սիսթըմ):

Այս գործիքները անդադար կը բարելաւուին, անոնց հզօրութիւնը եւ ցանցերուն կարողութիւնները կ՛աւելնան: 1994-ին շուկայ իջած առաջին սմարթֆոնը յաճախորդները չի գրաւեր: Սակայն մարդիկ կամաց-կամաց կը վարժուին գործածելու աւելի փոքրիկ, աւելի թեթեւ, առանց խճողող ալեհաւաքի, լման գիրերու պաստառով հեռաձայններ, որոնց պարունակութիւնը շատ աւելի հարուստ եւ ամբողջական է` օրատետր, նոթագրութեան կարելիութիւն, նկարներ եւ վիտէոներ ղրկելու կարելիութիւն, համացանցին վրայ աշխատիլ…

Սմարթֆոնը, որ գրպանի համակարգիչի մը կը նմանի, ինքզինք կը պարտադրէ վերջապէս: Այժմ ան կարելիութիւնը կու տայ լուրեր եւ տեղեկութիւններ փոխանցելու, համացանցին վրայ փնտռտուքներ ընելու եւ ընկերային ցանցերուն վրայ փոխանակումներ ընելու, իր ճամբան գտնելու, նկարներ առնելու, ֆիլմեր նկարելու, առտուն արթննալու, երաժշտութիւն մտիկ ընելու, վիտէոներ դիտելու, օրատետրը կազմակերպելու, վճարումներ կատարելու, հեռուէն մեքենաներ աշխատցնելու եւ… հեռաձայնելու:

94 տարեկանին Մարթըն Քուփըր կը հաստատէ, որ այս յառաջդիմութիւնը պիտի շարունակուի եւ ապագայի բջիջային հեռաձայնը պիտի օգնէ առողջապահութեան` շնորհիւ մարմնին կապուած փոքրիկ զգացող կոճակներու, կամ ան նոյնիսկ մորթին տակ պիտի տեղադրուի: Մինչ այդ, ան քիչ մը կը սարսափի` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս հեռաձայնը գործածողները կը քալեն եւ ճամբաներէն կ՛անցնին առանց աչքերնին հեռաձայնին պաստառէն վեր հանելու: «Անոնք գլուխնին կորսնցուցեր են»:

+