Ծիսական գիտելիքներ : Ե. Շաբաթ Զկնի Պենտեկոստէի (2_9 Յուլիս 2023)
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Խաւարակ

Ծիսական գիտելիքներ : Ե. Շաբաթ Զկնի Պենտեկոստէի (2_9 Յուլիս 2023)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

03 Temmuz 2023  

Ե. Շաբաթ Զկնի Պենտեկոստէի (2_9 Յուլիս 2023)



Այս շաբաթ կ՝ոգեկոչենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին, Անոր որդիներուն ու թոռներուն յիշատակը
Ունկնդրէ լուրըՀոգեգալստեան հինգերորդ շաբթուայ ընթացքին, կը շարունակենք դարձեալ հայ սուրբերու շարքը, գէթ շաբթուայ առաջին մասին մէջ։

Երկուշաբթի` 3 Յուլիսին, կը տօնենք Տրդատ թագաւորը, որ ինչպէս գիտենք եղաւ առաջին քրիստոնեայ թագաւորը, որ դարձի եկաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աղօթքով, որովհետեւ բուժուեցաւ իր հիւանդութենէն եւ հրամայեց որ քրիստոնէութիւնը դառնայ պետական կրօնքը Հայոց աշխարհի։ Կը տօնուի նաեւ հայ առաջին քրիստոնեայ թագուհին` Աշխէնը, որ քաջալերեց քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ։

Իրենց հետ մէկտեղ կը տօնենք Տրդատի քոյրը` Խոսռովիդուխտ, որ հանդիսացաւ իսկական քաջալերողը քրիստոնէութեան. Ինքն է որ տեսիլքի մէջ լսեց ձայնը հրեշտակին որ կ՛աւետէր թէ միայն Խոր Վիրապին մէջ նետուած Գրիգորը կրնար բուժել իր եղբայրը. Հետագային ալ օգնեց Գրիգորի իր առաքելութեան մէջ։

Երեքշաբթի 4 Յուլիսին` տօնն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներուն եւ թոռներուն։

Կը զարմանանք թէ ինչպէս մեր առաջին կաթողիկոսը ամուսնացած մարդ մըն էր. Սակայն հին դարերու առաջին առաքեալները եւս ամուսնացած էին եւ կը կատարէին իրենց առաքելութիւնը իրենց յանձնուած հօտին վրայ։ Գրիգոր երկու որդի ունէր, Արիստակէս եւ Վրթանէս. Արիստակէս կրտսեր տղան էր որ կուսակրօն մնացած էր եւ իր հօրմէն ձեռնադրուած էր քահանայ ու ապա եպիսկոպոս։ 325 թուին, ան մասնակցեցաւ առաջին Տիեզերական Ժողովին Սուրբ Եկեղեցւոյ, որ տեղի ունեցաւ Կ. Պոլսոյ մօտ գտնուող Նիկիա քաղաքին մէջ. Եղաւ տեղակալ իր հօր եւ ապա անոր յաջորդեց կաթողիկոսական աթոռի վրայ. Սպաննուեցաւ Արքեղայոս իշխանէն 333 թուին, հաստատ մնալով հաւատքի իր ուսուցման գծին մէջ։

Իրեն յաջորդեց մեծ եղբայրը` Վրթանէս, որ ամուսնացած էր եւ հայր երկու զաւակներու. Ան քաջաբար շարունակեց քրիստոնէութեան տարածման ուղղութիւնը ամբողջ Հայաստանի մէջ եւ վախճանեցաւ գրեթէ 80-ամեայ։

Վրթանէսի աւագ որդին` Գրիգորիս կարգուեցաւ եպիսկոպոսապետ Վրացիներու եւ Աղուաններու. Սակայն նահատակուեցաւ Վրաց թագաւորի ձեռքով, որ ուրացեր էր քրիստոնէութիւնը։ Իր եղբայրը` Յուսիկ, ամուսնացած էր հայոց թագաւոր՝ Տիրանի աղջկան հետ, ինք եւս ունէր երկու որդի, Պապ եւ Աթանագինէս. Յուսիկ ընդիմացաւ թագաւորի եկեղեցի մուտքին անոր անբարոյական վարքին պատճառաւ. Ասոր վրայ, Տիրան թագաւորը զինք սպաննել տուաւ 347 թուին։

Այս մեր հայ առաջին սուրբերուն հետ կը յիշուի նաեւ Դանիէլ ասորի եպիսկոպոսը, որ եղաւ, Տիրան թագաւորի հրամանաւ, հայոց առաջին ոչ հայ կաթողիկոսը. Թագաւորը կը յուսար վերջնականապէս անջատել կաթողիկոսութիւնը Լուսաւորչի տոհմէն եւ ապրիլ սանձարձակ կեանք մը. Սակայն Դանիէլ, որ սրբակեաց անձ մըն էր, հասկցուց թէ ինք տեղի չի տար թագաւորի քմահաճոյքին եւ մանաւանդ խստիւ յանդիմանեց զինք Յուսիկ կաթողիկոսի մահուան համար։ Այս պատճառաւ ալ թագաւորը զինք խեղդամահ ընել տուաւ իր կաթողիկոսական գահին վրայ բարձրանալէն հազիւ մէկ տարի ետք, 348 թուականին։

Հինգշաբթի` 6 Յուլիսին, կը վերադառնանք հին Կտակարանին, տօնելով Եղիսէ Մարգարէն, որ աշակերտն էր Եղիա մարգարէին եւ որ յաջորդեց իր տիրոջ եւ ուսուցիչին, խնդրելէ ետք որ Եղիայի հոգին իր վրայ գայ անոր երկինք համբառնալէն ետք։

Շաբաթ օրը` 8 Յուլիսին, կը տօնենք Յիսուսի 12 առաքեալներն ու անոնց գլխաւորները̓ Պետրոսը եւ Պօղոսը։ Այս տօնը աւելի հանդիսաւոր կերպով կը կատարուի լատին ծէսին մէջ, Յունիս 29-ին։

Ըստ աւանդութեան երկու առաքելապետներն ալ նահատակուած են Հռոմ, Ներոն կայսեր յարուցած հալածանքներու ընթացքին, 74 թուին, Սուրբ Պետրոսը խաչելութեամբ, իսկ Սուրբ Պօղոսը` գլխատմամբ։

Հայ ծէսը նմանապէս մասնաւոր յարգանք կ՛ընծայէ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետներուն զանոնք դասելով որպէս գլուխ Քրիստոսի Եկեղեցւոյն։

Կիրակի 9 Յուլիսը Զ. կիրակին է զկնի Պենտեկոստէի, Բարեկենդան եւ ապա պահք Վարդավառի։

+