Ծիսական գիտելիքներ : ​Սուրբ Պետրոսի Յաջորդը. Ինչո՞ւ Նորընտիր Քահանայապետը կը փոխէ Իր անունը
07 Mayıs 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Կամաւօտ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Սուրբ Պետրոսի Յաջորդը. Ինչո՞ւ Նորընտիր Քահանայապետը կը փոխէ Իր անունը

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

07 Mayıs 2025  

​Սուրբ Պետրոսի Յաջորդը. Ինչո՞ւ Նորընտիր Քահանայապետը կը փոխէ Իր անունը



Նորընտիր քահանայապետին հազիւ ընտրուած առաջին արարքն է, նոր անունին ընտրութիւնը, որ ապա աշխարհին կը յայտնէ Կարդինալական դասի Սարկաւագական կարգի աւագերէցը, Սուրբ Պետրոս տաճարի պատշգամէն, «Habemus Papam» բանաձեւով որուն կը յաջորդէ նոր Քահանայապետի լատիներէն անունը։ Առաջին քահանայապետը եւս՝ Պետրոսը, նախապէս Սիմոն կը կոչուէր եւ առաւ Պետրոս անունը որ կը նշանակէ Վէմ... դուն ես վէմ - ըսաւ Յիսուս - որուն վրայ պիտի կառուցեմ իմ եկեղեցիս...։

Եկեղեցին չի կրնար ըլլալ Քրիստոսի մէջ առանց Պետրոսի, որուն վէմն ու գլուխն է, նոյնպէս Պետրոս Բուրգի մը գագաթին միայնակ ղեկավար մը չէ . ան «առաջինն» է եւ գլուխը տասնըմէկին եւ անոնց հետ եղողներուն (Ղուկ.24,33)։ Ան կեդրոնն է մարդոց «հաղորդութեան»ը, կանոնաւորապէս ուղղուած դէպի միակ «Հովուապետին» (1 Պետ.5,4) Աստուծոյ ժողովուրդի բոլոր հովիւներուն Հովիւը։ Այս Հովուապետին, ան «տեսանելի խորհուրդն» է, պատմութեան ամէն մէկ պահուն, հետեւաբար ժամանակաւոր է։ Այս պատճառաւ է որ Պետրոս միշտ կը յիշուի «ուրիշներու հետ», եւ ուրիշները անոր շուրջ։

Սուրբ Պետրոսի Յաջորդութիւնը կը սկսի Երուսաղէմի ժողովէն, ինչպէս կը կարդանք Գործ Առաքելոցին մէջ «Երբ անոնք լռեցին, Յակոբոս խօսք առաւ եւ ըսաւ. «Եղբայրներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք. Շմաւոն պատմեց թէ ի՛նչպէս Աստուած առաջին անգամ այցելեց հեթանոսներուն, որպէսզի անոնց մէջէն առնէ ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը: Այս բանին հետ կը համաձայնին մարգարէներուն խօսքերն ալ, ինչպէս գրուած է. «Ասկէ ետք պիտի վերադառնամ ու պիտի վերակառուցեմ Դաւիթի փլած խորանը. պիտի վերակառուցեմ անոր աւերակները եւ վերականգնեմ զայն, որպէսզի մնացած մարդիկը փնտռեն Տէրը, նաեւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնք իմ անունովս կոչուած են»,- կ՚ ըսէ Տէրը՝ որ կ՚ ընէ այս բոլոր բաները» (Գործ Առաք. 15,14-17)»:

Ղուկասի Աւետարանը կը պատմէ. «ես ձեր մէջ սպասարկուի մը պէս եմ»: (Ղուկ. 22.24-27)։

Այս տողերով կը բացայայտուի աստուածաշնչական նշանակութիւնը կարդինալական դասի կողմէ Քահանայապետի ընտրութեան։

Ինչո՞ւ Նորընտիր Քահանայապետը կը փոխէ իր Անունը

Նորընտիր քահանայապետին հազիւ ընտրուած առաջին արարքն է, նոր անունին ընտրութիւնը, որ ապա աշխարհին կը յայտնէ Կարդինալական դասի Սարկաւագական կարգի աւագերէցը, Սուրբ Պետրոս տաճարի պատշգամէն, «Habemus Papam» բանաձեւով որուն կը յաջորդէ նոր Քահանայապետի լատիներէն անունը։

Առաջին քահանայապետը եւս՝ Պետրոսը, նախապէս Սիմոն կը կոչուէր եւ առաւ Պետրոս անունը որ կը նշանակէ Վէմ... դուն ես վէմ - ըսաւ Յիսուս - որուն վրայ պիտի կառուցեմ իմ եկեղեցիս...։

Անուն փոխելու սովորութիւնը հաստատուեցաւ քրիստոնէութեան առաջին դարուն, յիշեցնելու համար որ Պետրոսի Գահին վրայ ընտրութիւնը նման է երկրորդ ծնունդի։

266 քահանայապետերէն 129-ը, Պետրոս առաքեալի՝ Ա. քահանայապետի նման, փոխեցին իրենց անունը եւ այս մէկը վերջնական սովորութիւն դարձաւ 955 թուականին, Յովհաննէս ԺԲ. Պապին օրով ու կը շարունակուի մինչեւ այսօր ... ի բացառեալ երկու ոչ իտալացի պապերէ` Ատրիանոս Զ. (1522-1523) եւ Մարսէլ Բ. (1555), որոնք պահեցին իրենց աւազանի անունը...

Մի քանի Քահանայապետերու համար այդ անունը եղաւ երրորդը` տրուած ըլլալով որ անոնք կրօնաւորական սքեմը հագուելով արդեն փոխած էին իրենց աւազանի անունը եւ Քահանայապետ ընտրութենէն ետքը դարձեալ փոխեցին զայն, ինչպէս պատահեցաւ Գրիգոր ԺԶ Քահանայապետի պարագային։

Յայտնենք նաեւ թէ Քահանայապետին անունը փոխելու պատճառներէն մին ալ, ընտրուածներուն անուան ոչ քրիստոնէական նշանակութիւն ունենալն էր. օրինակ՝ Յովհաննէս Բ. քահանայապետը կը կոչուէր Մէրքիւր՝ որ չաստուածի անունն էր, իսկ գալով Յովհաննէս ԺԴ Պապին, անոր աւազանի անունը Պետրոս էր, ուզեց փոխել իր անունը, քանի որ անհամեստ գտած էր Պետրոսի աթոռի հիմնադիրն՝ անունով բարձրանալ Անոր գահին վրայ...

Քահանայապետերու ամենաշատ օգտագործուած անունն է Յովհաննէս, որ առաջին անգամ օգտագործուեցաւ 523 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Ա Պապին կողմէ մինչ վերջինը եղաւ 1958-ին Յովհաննէս ԻԳ, Անճելօ Ճուզեփփէ Ռոնքալլի Քահանայապետը։ Արդարեւ 21 քահանայապետեր կրած են այդ անունը։ Այս անունի կողքին կան նաեւ Գրիգոր ու Պենետիկտոս անունները, որոնք օգտագործուած են իւրաքանչիւրը 15 անգամ ապա Կղեմէս 14, Լեւոն 13, Իննոչենցօ եւ Պիոս 12 անգամ։

Քահանայապետերու անուններուն մէջ կը պակսին Յովսէփ, Յակոբոս, Անդրէաս եւ Ղուկաս անունները մինչ վեց Քահանայապետեր ընտրեցին Պօղոս անունը, որոնցմէ վերջինը եղաւ Սուրբ Պօղոս Զ (1963 – 1978)։

Առաջին Քահանայապետը որ կրկնակի անուն մը ընտրեց եղաւ Ալպինօ Լուչանի Պապը, Յովհաննէս Պօղոս Ա, որ ուզած էր ընդգծել իր նախորդներուն` Յովհաննէս ԻԳ եւ Պօղոս Զ Քահանայապետերու շարունակականութիւնը, ընտրանք որ կրկնեց անոր յաջորդը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.։

Իսկ վերջին Քահանայապետը հանդիսացաւ առաջինը որ ընտրեց Ֆրանչիսկոս անունը, օրինակ ունենալով Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը։

Մի քանի օրէն պիտի իմանանք նաեւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին նոր անունը։


+