Որդան Կարմիրը` Միասնութեան Խորհրդանիշ
Հին ժամանակ Արարատեան դաշտին մէջ աճած են որոշ տեսակի որդեր. հայերը հաւաքած են զանոնք, եփած եւ անկէ ստացած են կարմիր գոյնի ներկ մը, որ կոչուած է որդան կարմիր կամ հայկական ներկ:
Երկար դարեր այդ ներկը եղած է Հայաստանի հպարտութիւնը եւ ունեցած է համաշխարհային համբաւ: Յաճախ հեռաւոր երկիրներու մէջ «Հայոց աշխարհ»-ի փոխարէն` կ՛օգտագործէին «որդան կարմիր երկիր» արտայայտութիւնը:
Որդան կարմիրը հայերու համար եղած է միասնութեան խորհրդանիշ: Պատմական Հայաստանի բոլոր գաւառներուն եւ իշխանական տուներուն բազմազան զինադրօշներուն վրայ իշխող եղած է այդ գոյնը:
Շուրջ 2000 տարի հայկական որդան կարմիրը եղած է աշխարհի ամենաթանկարժէք ու բարձրորակ ներկը: Այս ներկանիւթը օգտագործուած է նոյնիսկ բժշկութեան մէջ` որպէս ջերմը իջեցնող, հականեխիչ եւ հակաբորբոքային միջոց:
Որդան կարմիրը օգտագործուած է մանրանկարչութեան, որմնանկարչութեան եւ գորգագործութեան մէջ: Ներկայիս ալ հայկական եկեղեցիներու պատերուն կարելի է տեսնել որմնանկարներուն վրայ օգտագործուած որդան կարմիրի հետքերը, որոնք չեն խամրեր: Լաւագոյն օրինակները կարելի է համարել Ախթալայի եւ Քաբայրիի վանական համալիրներուն մէջ պահպանուած մանրանկարները: