Ֆէրիգիւղի Մէջ Կազմակերպուած Միջվարժարանային Ճատրակի 13-Րդ Մրցաշարքը Հասաւ Աւարտին - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

11 Mayıs 2017  

Ֆէրիգիւղի Մէջ Կազմակերպուած Միջվարժարանային Ճատրակի 13-Րդ Մրցաշարքը Հասաւ Աւարտին -

Ֆէրիգիւղի Մէջ Կազմակերպուած Միջվարժարանային Ճատրակի 13-Րդ Մրցաշարքը Հասաւ Աւարտին Ֆէրիգիւղի Մէջ Կազմակերպուած Միջվարժարանային Ճատրակի 13-Րդ Մրցաշարքը Հասաւ Աւարտին

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը ե­րէ­կուան ա­ւար­տա­կան­նե­րով հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ե­ռօ­րեայ այս մրցա­շար­քը ար­դէն 13-րդ ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ ար­ժա­նա­նա­լով մեր հա­մայն­քի ու­շադ­րու­թեան։ Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րըն­կալ դպրո­ցի սրա­հին մէջ։

Ներ­կայ էին Շիշ­լիի կրթա­կան տնօ­րէ­նու­թե­նէն Սա­լիհ Աքա, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, մրցա­շար­քի կա­ռա­վա­րիչ Սա­յաթ Թուղ­լա­ճը, գլխա­ւոր ի­րա­ւա­րար Մեհ­մէտ Էօ­նէյ եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։

Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ պար­գե­ւատր­ման փու­լը։ Մրցա­շար­քին մաս­նա­կից դպրո­ցա­կան խում­բե­րու պա­տաս­խա­նա­տու ու­սու­ցիչ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան յու­շապ­նակ­ներ։ Ա­պա դափ­նե­կիր­նե­րը ստա­ցան ի­րենց բա­ժակ­ներն ու մե­տայլ­նե­րը։

Փոք­րե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը նուա­ճեց Մէ­րա­մէթ­ճեան, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան եւ Մխի­թա­րեան։ Ան­հա­տա­կան գետ­նի վրայ ըստ սե­ղան­նե­րու կար­գի ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցան՝ Փա­ռէն Մե­ծա­տուր, Ա­ռէն Քիր­փի­քեան, Ա­րաս Փեք­ման եւ Լու­քաս Ճան Մըխ­ճը։

Աստ­ղե­րու դասա­ւոր­ման մէջ եւս ա­խո­յեան հան­դի­սա­ցաւ Մէ­րա­մէթ­ճեան, ո­րուն հե­տե­ւե­ցան Է­սաեան եւ Ե­շիլ­գիւղ։ Ըստ սե­ղան­նե­րու կար­գի ան­հա­տա­կան գետ­նի վրայ ա­ռա­ջին չորս կար­գե­րը գրա­ւե­ցին՝ Մա­սիս Քա­րա, Ա­լէն Մխճեան, Տա­րօն Սի­րա­կա­նեան եւ Ար­տա Զիլ­ման։

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին դպրո­ցի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու­թիւն մը սար­քեց պար­տէ­զին մէջ, ուր բո­լո­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին դափ­նե­կիր­նե­րը, մաս­նա­կից­ներն ու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը։







Bu haber Jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+