Կոմիտասի մասին՝ Հալիտէ Ա. Էտիպի յուշերը - Հայերէն
23 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

02 Ekim 2017  

Կոմիտասի մասին՝ Հալիտէ Ա. Էտիպի յուշերը -

Կոմիտասի մասին՝ Հալիտէ Ա. Էտիպի յուշերը Կոմիտասի մասին՝ Հալիտէ Ա. Էտիպի յուշերը

Ա­ռա­ջին ան­գամ ­­Հա­լի­տէ Է­տի­պի մա­սին լսե­ցի, երբ ­­Թուր­քիա իմ ճամ­բոր­դու­թեանս ու­ղե­ւո­րը, լսե­լէ ետք թէ ին­չո՛ւ ե­կեր եմ ­­Թուր­քիա, ը­սաւ՝ «­­Մեր պատ­մու­թեան մութ օ­րե­րը» եւ ա­ւել­ցուց, որ ջար­դե­րու մա­սին ի­մա­ցեր է ­­Հա­լի­տէ Է­տի­պի գիր­քէն:
Ո­րոշ ժա­մա­նակ անց, յօ­դո­ւած մը կար­դա­ցի Է­տի­պի եւ ­­Կո­մի­տաս ­­Վար­դա­պե­տի հան­դիպ­ման մա­սին, զոր պա­հե­ցի: Երբ ­­Կո­մի­տա­սի հո­գե­բա­նա­կան վի­ճա­կի վեր­լու­ծու­մը կ­­՛ը­նէի, այդ յօ­դո­ւա­ծը կրկին կար­դա­ցի եւ, ա­պա, գնե­ցի Է­տի­պի յու­շե­րը, ուր ո՛չ միայն ­­Կո­մի­տա­սի մա­սին գրո­ւած էր, այ­լեւ՝ Այն­թու­րա­յի որ­բա­նո­ցին մա­սին:

Է­տիպ՝ ­­Թուր­քիոյ յայտ­նի ու յար­գո­ւած գրա­գէ­տը հրա­ւի­րո­ւեր էր ­­Ճե­մալ ­­Փա­շա­յի կող­մէ վա­րե­լու Այն­թու­րա­յի (այդ ա­տեն՝ ­­Սու­րիա, այժմ՝ ­­Լի­բա­նան) որ­բա­նո­ցը եւ թրքաց­նե­լու հայ որ­բե­րը:
Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ եր­կու նիւ­թերն ալ հե­տաքրք­րա­կան էին ինձ հա­մար, երբ կ­­՛ու­սում­նա­սի­րէի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­ռա­կայ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը սե­րունդ­նե­րու վրայ:

Հա­լի­տէ Է­տիպ ­­Սուլ­թան ­­Հա­մի­տի քար­տու­ղա­րին աղ­ջիկն էր: Ան յա­ճա­խած էր յոյն-քրիս­տո­նեայ դպրոց մը, ուր հան­դուր­ժո­ղա­կան էին այլ ազ­գե­րու նկատ­մամբ: Ըստ յա­ռա­ջա­բա­նին, ուր Հ. Տաք կը գրէ՝ «­Թէեւ ո՛չ ա­ռա­ջի­նը, ­­Հա­լի­տէ Է­տիպ (1882-1964) ա­մե­նա­բե­ղուն թուրք օս­ման­ցի կին գրողն է իր 21 վէ­պե­րով, չորս պատ­մո­ւածք­նե­րով, եր­կու թատ­րեր­գու­թեամբ, չորս գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ եւ եր­կու հա­տոր ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեամբ»: (Հ. Է­տիպ, 2005/1926, էջ v*)։

Իր ­­Յու­շե­րուն մէջ Է­տիպ կը գրէ, որ ­­Կո­մի­տաս յա­ճախ կը հրա­ւի­րուէր թուրք Օ­ճախ՝ իր եր­գա­րո­ւես­տը հրամց­նե­լու: ­­Գի­տենք, որ բան­տար­կու­թե­նէն քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ ան հրա­ւի­րո­ւած էր եր­գե­լու: Է­տիպ կը յի­շէ.-

«Այդ սրա­հին մէջ է, որ ճանչ­ցայ ­­Կու­մի­տաս ­­Վար­դա­պե­տը՝ հայ կղե­րա­կա­նը, ե­րա­ժիշ­տը, եր­գա­հա­նը: Ան մէկն էր այն ե­րա­ժիշտ, դե­րա­սան դա­սա­խօս­նե­րէն, ո­րոնց կը հրա­ւի­րէր Օ­ճա­խը շա­բա­թա­կան իր ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն: ­­Կո­մի­տաս ճանչ­ցո­ւած էր իր Ա­նա­տո­լեան եր­գե­րով եւ հին Կ­րէ­կո­րեան ե­րաժշ­տու­թեամբ, զորս հա­ւա­քած էր տա­րի­նե­րու համ­բե­րա­տար աշ­խա­տան­քով՝ Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ եւ Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ: Ան մար­զած էր հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու երգ­չա­խումբ մը եւ մեծ ղե­կա­վա­րի մը հռչա­կը շա­հած էր հա­յե­րու մօտ»:

Է­տիպ ճիշդ կը գրէ, որ ­­Կո­մի­տաս լաւ գի­տէր թրքե­րէ­նը. սա­կայն սխալ է, որ ­­Կո­մի­տաս ե­րաժշ­տու­թիւ­նը հա­ւա­քած էր ­­Պոլ­սոյ մէջ. ­­մին­չեւ 1910ին ­­Պո­լիս փո­խադ­րո­ւի­լը, ­­Կո­մի­տաս ար­դէն հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րէն հա­ւա­քեր էր հա­զա­րա­ւոր ժո­ղովր­դա­յին եր­գեր:
Է­տիպ կը շա­րու­նա­կէ.-

«Երբ ե­րեւ­ցաւ իր կղե­րա­կա­նի սեւ, եր­կար հան­դեր­ձով, իր մութ դէմ­քը՝ ինչ­պէս ոե­ւէ պարզ ա­նա­տոլ­ցո­ւի, եւ իր հո­գե­յոյզ աչ­քե­րը կա­րօ­տով լի, ու իր ձայ­նը հնչե­ցուց իր զօ­րա­ւոր ու մա­քուր նո­թա­նե­րով, ի­րեն զգա­ցի որ­պէս Ա­նա­տո­լո­ւի ժո­ղովր­դա­կան հե­քիա­թի եւ ե­րաժշ­տու­թեան մարմ­նա­ցու­մը: Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը յա­ճախ էի լսեր մեր ­­Քե­մահ­ցի եւ Էրզ­րում­ցի սպա­սա­ւոր­նե­րէն: Ան պար­զա­պէս բա­ռե­րը հա­յե­րէ­նի էր վե­րա­ծած: ­­Սա­կայն, ես լե­զո­ւին ու­շադ­րու­թիւն չդար­ձու­ցի. միայն զգա­ցի այդ փա­փուկ եւ ան­յոյս [tender and desolate melody from the lonely wastes of Anatolia.] մե­ղե­դին՝ Ա­նա­տո­լո­ւի միայ­նակ կո­րուստ­նե­րէն ե­կած» (էջ 371):

Մինչ­դեռ ­­Կո­մի­տաս իր 24 ­­Յու­նիս 1908 թո­ւա­կա­նի Ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան մէջ գրած էր.-
«Ես ծնո­ւել եմ 1869 ­­Սեպ­տեմ­բե­րի 26ին ­­Փոքր Ա­սիոյ ­­Կու­տի­նա կամ ­­Քէօ­թա­հիա քա­ղա­քում: Եր­րորդ օրն ինձ մկրտել են եւ ա­նունս դրել ­­Սո­ղո­մոն:­­Հայրս՝ ­­Գէորգ ­­Սո­ղո­մո­նեա­նը Քէօ­թա­հիաբ­նակ էր, մինչ մայրս՝ ­­Թա­գու­հի ­­Յով­հան­նի­սեա­նը Բ­րու­սա­ցի: Եր­կուսն էլ հայ են: Հօրս եւ մօրս ազ­գա­տոհ­մը ի բնէ ձայ­նեղ է: …­­Մօրս ու հօրս տա­ճիկ լե­զո­ւով եւ ե­ղա­նակ­նե­րով յօ­րի­նած եր­գե­րը, ո­րոն­ցից մի քա­նիսն ար­դէն գրել եմ 1893 թո­ւից հայ­րե­նի­քումս, դեռ եր­գում են մեծ հիաց­մուն­քով մեր քա­ղա­քի ծե­րե­րը:

«­­Քէօ­թա­հիա­յի մէջ հա­յե­րը թրքա­խօս էին: ­­Թա­գու­հին թրքե­րէ­նով կը յօ­րի­նէր եր­գեր. ինչ­պէս ու­րիշ հա­յեր, ­­Թուր­քիոյ մէջ, ­­Քէօ­թա­հիա­յի հա­յե­րը խստիւ կը պատ­ժո­ւէին թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, ե­թէ հա­յե­րէն խօ­սէին»: ­­Հե­տե­ւա­բար՝ ­­Կո­մի­տա­սի քաջ ծա­նօ­թու­թիւ­նը թրքե­րէն լե­զո­ւին եւ այն, որ իր մօր յօ­րի­նած եր­գե­րը ձայ­նագ­րեր էր, ի­րեն թուրք չէի՛ն դարձներ:
Է­տիպ կը շա­րու­նա­կէ նկա­րագ­րել.-

«­­Ծա­նօ­թու­թիւ­նը, որ սկսաւ, շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ՝ ­­Կո­մի­տա­սի յա­ճախ գա­լով իմ տունս եր­գե­լու: Ան շա­րու­նա­կեց գալ նոյ­նիսկ հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու ի­րա­րու ջար­դե­լէն ետք: Եր­կուքս ալ լռե­լեայն տան­ջո­ւե­ցանք դէպ­քե­րէն, բայց ո՛չ մէկս այդ մա­սին չխօ­սե­ցանք:
Մու­համ­մէտ Է­մին եւ Եա­հիա ­­Պէ­յե­րը, եր­կուքն ալ մեծ բա­նաս­տեղծ­ներ, ո­րոնք ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան մարդ­կայ­նօ­րէն կը նա­յէին, կը հե­տաքրք­րո­ւէին իր բնա­ւո­րու­թեամբ եւ ե­կան ի­րեն լսե­լու: Եու­սուֆ Ակ­չու­րան եւս ե­կաւ՝ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը սի­րե­լով, բայց յայ­տա­րա­րեց, որ ­­Կու­մի­տա­սը մեծ վնաս հաս­ցու­ցած է թուր­քին, գող­նա­լով ա­նոր ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւնն ու եր­գե­րու մշա­կոյ­թը»։

Այս մտքե­րը յա­տուկ չէին միայն Է­տի­պին եւ Աք­չու­րա­յին. ­­Մարտ 1915ին, Օ­ճա­խի մէջ, Կո­մի­տա­սի եր­գի ե­լոյ­թէն յե­տոյ, ե­րաժշ­տա­սէր հան­դի­սա­տես­նե­րու մէ­ջէն լսո­ւեր էր՝ «Աս­տուած պա­հէ ի­րեն չար աչ­քե­րէ» (­­Սի­րու­նի, 1969, էջ 45-47 եւ ­­Գա­րա­գա­շեան (2014), էջ 93): Օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը շեշ­տեր էր, որ Ա­նա­տո­լո­ւի զա­ւա­կը՝ հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նը, իր նո­ւի­րու­մով ու ծանր աշ­խա­տան­քով թռիչք տո­ւած էր հայ ե­րաժշ­տու­թեան եւ իր հա­ւա­քած եր­գե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած որ­պէս հայ ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը, մինչ ­­Թուրք կրօ­նա­ւոր­նե­րը ա­տի­կա չէին ը­րած. նաեւ թէ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը ­­Թուր­քիոյ մշա­կու­թա­յին կեան­քի յա­ռա­ջա­տար դիր­քե­րուն վրայ կը մնար: Կո­մի­տաս նստեր էր դաշ­նա­մու­րին, եր­գեր ու նո­ւա­գեր էր՝ սրա­հը թնդաց­նե­լով ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ու գո­վեստ­նե­րով: (­­Նոյն):

Կո­մի­տաս շա­րու­նա­կեր էր իր աշ­խա­տան­քը մին­չեւ իր բան­տար­կու­թիւ­նը՝ 1915ի Ապ­րիլ 23ը:
Է­տիպ, ա­ւե­լի վա­րը, կը գրէ.-

«­­Կո­մի­տաս ­­Քէօ­թա­հիա­յէն էր, աղ­քատ ծնող­քէ: ՛Ծ­նող­նե­րէս ժա­ռան­գե­ցի զոյգ մը կար­միր կօ­շիկ եւ երգ մը…: ­­Կօ­շիկ­նե­րը հօր­մէս էին, բայց եր­գը մօր­մէս… (373)». հա­յե­րէն չէին գի­տեր եւ Կո­մի­տաս (հա­յե­րէ­նը) սոր­ված էր վեր­ջը:
Ծ­նող­նե­րը հա­ւա­նա­բար թրքա­կան ծա­գում ու­նէին, այն թուր­քիստ­նե­րէն (թուր­քա­դա­ւան­նե­րէն) էր, ո­րոնք Կ­րե­կո­րեան ե­կե­ղե­ցիին միա­ցեր էին: ­­Բիւ­զան­դա­ցի ղե­կա­վար­նե­րը թուրք ցե­ղե­րը կան­չեր էին որ­պէս պա­տո­ւար՝ ­­Սա­րա­սէ­նիկ յար­ձա­կում­նե­րէ, եւ հա­կա­ռակ որ ա­սոնք յատ­կա­պէս հա­րա­ւա­յին սահ­ման­նե­րուն դրո­ւած էին, ո­մանք ու­րիշ տեղ գա­ցած են…։ Ան հայ ազ­գա­յին մըն էր, ե­թէ նոյ­նիսկ թուրք էր կամ հայ, բայց խառ­նո­ւած­քով ու սրտով իս­կա­կան ա­նա­տո­լու­ցի թուրք էր… Որ­պէս մարդ եւ ա­րո­ւես­տա­գէտ, ­­Կո­մի­տա­սը հա­զո­ւա­գիւտ ար­ժէք էր: Այն, ինչ որ ան մա­քուր եւ գե­ղե­ցիկ պար­զու­թեամբ հա­յե­րուն սոր­վե­ցուց, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար այլ ազ­գու­թիւն­նե­րուն եւս ըն­դօ­րի­նա­կել: Կ­­՚ար­ժէր լսել՝ Ա­նա­տո­լուն եր­գով եւ զգա­ցու­մով ներ­կա­յաց­նե­լու ա­նոր ո­ճը»:
Եւ գրե­լով ­­Կո­մի­տա­սի աք­սո­րէն վե­րա­դար­ձին ի­րենց հան­դիպ­ման մա­սին, Է­տիպ կ­­՛ա­ւելց­նէ.-

«Օր մը, ­­Կո­մի­տաս հա­յե­րէ­նով եր­գեց «Ա­ւէ ­­Մա­րիա»ն, որ վե­ցե­րորդ դա­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն էր, հա­զո­ւա­գիւտ գե­ղեց­կու­թիւն։ Կ­րօ­նա­կան ու զգա­ցա­կան մթնո­լոր­տը այն­քան գրա­ւեց ինձ, որ հարց տո­ւի, ե­թէ ո­րե­ւէ շա­րա­կան եր­գի վե­րա­ծած է: «Ա­յո՛,- ը­սաւ,- հա­րիւր մէկ եր­րոր­դը»։ ­­Շատ յոգ­նա՞ծ ես եր­գե­լու հա­մար,- հար­ցու­ցի։ Ան ըն­կող­մա­նած էր ցած ա­թո­ռին, դաշ­նա­մու­րի մօտ եւ դէմ­քը սպի­տակ էր, ցա­ւի տա­րօ­րի­նակ կնճիռ­նե­րով: Սկ­սաւ եր­գել՝ ա­ռանց տե­ղը փո­խե­լու: Երբ սկսաւ եր­գել՝ զգա­ցի, որ մթնո­լոր­տը չու­նէր այն սուրբ եւ հա­մեստ գե­ղեց­կու­թիւ­նը, ին­չը «Ա­ւէ Մա­րիա»ն­ ու­նի… Եր­կիւղ զգա­ցի եւ տա­րօ­րի­նակ զգա­ցում մը:

Բ­նազ­դա­բար գրա­դա­րա­նէն Ս. ­­Գիր­քը ա­ռի եւ գտայ 101րդ ­շա­րա­կա­նի վեր­ջին տու­նը՝ պի­տի չնչեմ երկ­րէն բո­լոր չա­րը՝ որ կտրեմ բո­լոր չա­րա­գործ­նե­րը ­­Տի­րոջ քա­ղա­քէն»:
Է­տիպ կը հասկ­նայ ի­մաս­տը ու կ­՛եզ­րա­կա­նաց­նէ.-

«Իր հո­գիին ա­տե­լու­թեան եւ վրի­ժա­ռու­թեան ճիչն էր դէ­պի իմ ժսղո­վուր­դը… 1915ին Օ­ճա­խը ի գործ դրաւ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը, որ չաք­սո­րո­ւի, բայց 1916ին լուրջ մտա­յին խան­գա­րում ու­նե­ցաւ, ին­չը տե­ղի տո­ւաւ այդ սար­սա­փե­լի ժա­մա­նակ­նե­րու ճնշմա­նը: ­­Դոկտ. Ատ­նա­նը ա­ղա­չեց Թա­լէաթ ­­Փա­շա­յին, որ թոյլ տայ ­­Փա­րիզ եր­թա­լու բուժ­ման հա­մար: ­­Տա­կա­ւին ա­պաս­տա­նա­րա­նի մէջ է»:

Իմ գիր­քը, ու­սում­նա­սի­րո­ւած այլ աղ­բիւր­նե­րէ, դէպ­քե­րը այլ կերպ կը ներ­կա­յաց­նէ, հա­մո­զո­ւած ըլ­լա­լով որ ­­Կո­մի­տաս հայ էր՝ ա­մուս­նոյս ազ­գա­կա­նը:

Աղ­բիւր­ներ՝
— ­­Գա­րա­գա­շեան, Մ. (2014): «­­Կո­մի­տաս՝ ­­Մեծ Ե­ղեռ­նի ­­Զո­հը»: Ե­րե­ւան՝ ԴԱԼԼ:
— ­­Կո­մի­տաս ­­Վար­դա­պետ ­­Կու­տի­նա­ցի (­­Մի­ջին Ա­սիա, Պ­րու­սա­յի ­­Մարզ), (­­Յու­նիս 24), էջ 2:
— Edibe, H. A. (2005/1926). ‘Memoirs of Halide Edibe’. A. Pankoff (Ed.).
— Karakashian, M. (2014). ‘Komitas: Victim of the Great Crime’. Yerevan: Zangak.




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+