​Դատ Բացուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Պատասխանատուներու Դէմ - Հայերէն
07 Şubat 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մեհեկան / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

01 Şubat 2026  

​Դատ Բացուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Պատասխանատուներու Դէմ -

​Դատ Բացուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Պատասխանատուներու Դէմ ​Դատ Բացուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Պատասխանատուներու Դէմ

Հայաստանի իրաւական ու հոգեւոր գետնի վրայ ստեղծուեցաւ աննախադէպ իրավիճակ մը։ Երկրի քննչական յանձնախումբը հետաքննութիւն բացաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի պատասխանատուներու դէմ, դատարանի որոշումը դիտումնաւոր կերպով չկատարելու մեղադրանքով։

Այս պատմութեան առանցքի վրայ է Մասեացոտնի թեմի Առաջնորդ (Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի որոշումով կարգալոյծ եւ պաշտօնանկ եղած) Գէորգ Եպս. Սարոյեան, որ միացած է Վարչապետ Փաշինեանի «եկեղեցւոյ բարենորոգութեան» նախաձեռնութեան եւ դիմած՝ աշխարհիկ դատարան, բողոքելով Մայր Աթոռի որոշումներուն դէմ։

Հիմա, առաջին անգամ ըլլալով երկրի իրաւապահ մարմինը կը միջամտէ եկեղեցական ներքին կանոնակարգային հարցերուն։ Ահաւասիկ այս նոր զարգացումներու հետեւանքով իրարու հետ դէմ յանդիման կը մնան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնն ու դատական վճիռներու պարտադիր կատարման պահանջը։ Այսինքն եկեղեցական կարգ-կանոնն ու աշխարհի օրէնքի միջեւ բացայայտ նոր առճակատում մը սկսած է, դատական վճռի հրապարակումէն ետք։

Յիշեցնենք որ Դատարանը 16 Յունուարի իր վճիռով արգիլած էր որ Հայաստանեայց եկեղեցին ու այլ անձեր խոչընդոտէին Գէորգ Եպս. Սարոյեանը՝ իրականացնելու թեմի Առաջնորդի իր լիազօրութիւնները, որոնց մէջ կը մտնէր նաեւ թեմի նիւթական միջոցներու տնօրինութիւնը։

Հակառակ որ 19 Յունուարին համապատասխան վճիռը առձեռն յանձնուած էր Մայր Աթոռին, ընդամէնը շաբաթ մը վերջ, 27 Յունուարին, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակեց Գէորգ Սրբազանը։

Քննչական յանձնախումբը այս որոշումը որակեց որպէս դատական վճիռներու դիտումնաւոր խոչընդոտ ու ծառայողական լիազօրութիւններու գործածութեամբ յանցագործութիւն՝ դատ բանալով օրէնսգրքի 507րդ յօդուածի 2րդ մասով։

Ի՞նչ կրնայ պատահիլ։

Իրաւաբանական տեսանկիւնէն եթէ հաստատուի դատական վճիռը չկատարելու դիտումնաւոր քայլը, ապա Մայր Աթոռի պատասխանատուները կրնան ենթարկուիլ պատասխանատուութեան, սակայն հանրային-քաղաքական տեսանկիւնէն այսպիսի զարգացում մը կրնայ դիտուիլ որպէս պետութեան կողմէ ուղղակի միջամտութիւն՝ եկեղեցւոյ ներքին գործերուն։

Եկեղեցւոյ փաստաբանները կը հաստատեն, որ թեմի առաջնորդը ո՛չ թէ աշխատանքային պայմանագրով, այլ ուխտով կը կապուի կաթողիկոսին, հոն դատական աշխարհիկ ատեանները եւ Աշխատանքային օրէնսգիրքը տեղ չունին։ Փաստաբան Մարինէ արմանեան ըսաւ, որ Մայր աթոռը չի կրնար դատական որոշումը գործադրել։

«Դատարանը իրաւունք չունի Մայր Աթոռին բան մը պարտադրելու կամ անոր գործողութիւններու վերաբերեալ դատական վճիռ կայացնելու։ Աշխարհիկ դատարանը չի կրնար հոգեւոր աշխարհի կանոններու մէջ մտնել եւ եկեղեցական կարգեր սահմանել կամ փոփոխութիւններ կատարել, որոշել թէ կաթողիկոսի լիազօրութիւնները ի՞նչ են», ըսաւ Ֆարմանեան, անհեթեթ որակելով նոր զարգացումները։ Արդարեւ, այս գործով պատասխանողը Եկեղեցին է, վեհափառին տնօրինութեամբ եպիսկոպոսը հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, ապա կարգալոյծ եղաւ, իսկ քրէական օրէնսգիրքի այն յօդուածը, որմով Քննչականը գործողութիւն կ'իրականացնէ, կը նախատեսուի կա՛մ տուգանք, կա՛մ մինչեւ 150 ժամ տեւողութեամբ հանրային աշխատանք, կա՛մ ալ մինչեւ 2 տարիով բանտարկութիւն։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+