Պարամ. «Կիպրոսն Ու Յունաստանը Կրնան Շրջանային Անվտանգութեան Նոր Դաշինքի Մէջ Սիւներ Դառնալ» - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

03 Temmuz 2026  

Պարամ. «Կիպրոսն Ու Յունաստանը Կրնան Շրջանային Անվտանգութեան Նոր Դաշինքի Մէջ Սիւներ Դառնալ» -

Պարամ. «Կիպրոսն Ու Յունաստանը Կրնան  Շրջանային Անվտանգութեան  Նոր Դաշինքի Մէջ Սիւներ Դառնալ» Պարամ. «Կիպրոսն Ու Յունաստանը Կրնան Շրջանային Անվտանգութեան Նոր Դաշինքի Մէջ Սիւներ Դառնալ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ամիր Պարամ Յունաստանն ու Կիպրոսը նշեց իբրեւ Հնդկաստանէն ու Արաբական ծոցի շրջանէն մինչեւ Արեւելեան Միջերկրական երկարող առաջարկուած շրջանային անվտանգութեան կառոյցի մը մէջ կարեւոր գործընկերներ` ընդգծելով Իրանի հետ լարուածութեան ենթահողի վրայ անոնց հետզհետէ աճող ռազմավարական կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիս Հայ Տեֆինիշըն» դիմատետրեան էջը:

Խօսելով Հերցլիայի խորհրդաժողովի ընթացքին` Պարամ յայտնեց, որ վերջին հակամարտութիւնները աւելի ուժեղ շրջանային գործակցութեան կարիքը ցոյց տուած են: Ան ըսաւ, որ Իսրայէլի զինուորական ու ճարտարագիտական կարողութիւնները Ծոցի պետութիւններուն տնտեսական ուժին եւ Յունաստանի եւ Կիպրոսի ռազմավարական դիրքերուն հետ միասին կրնան շրջանի տարածքին ապահովական ու տնտեսական հզօր դաշինք մը ստեղծել:

Պարամի համաձայն, Իրանի հետ վերջին ճակատումը շրջանային դերակատարներէն շատեր համոզեց, թէ աւելի սերտ գործակցութիւնը հասարակաց ապահովական մարտահրաւէրներու դիմակայման համար կենսական է:

Ան շեշտեց, որ այս ձեւաւորուող գործընկերութեան նպատակը ոչ թէ Իսրայէլի Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական դաշինքը փոխարինելն է, այլ զայն ամբողջացնելը, միեւնոյն ժամանակ յառաջ մղելով շրջանային կայունութիւնն ու ռազմավարական ճկունութիւնը:

«Կրիս Հայ Տեֆինիշըն» կը գրէ. «Պարամ այս մասին կը խօսի, մինչ Իսրայէլը, Յունաստանն ու Կիպրոսը կը շարունակեն իրենց ռազմական գործակցութիւնը ամրապնդել եռակողմ համաձայնագիրներով, միացեալ ռազմափորձերով եւ ընդլայնուած ռազմավարական ծրագրաւորումով, որուն նպատակը Արեւելեան Միջերկրականի մէջ անվտանգութեան ամրապնդումն է»:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+