Ծերակուտականներ Կը Պահանջեն Ազրպէյճանի Բոլոր Քաղաքական Բանտարկեալներուն Ազատ Արձակումը - Հայերէն
02 Ekim 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Հոռի / Օր : Հրանդ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

01 Ekim 2026  

Ծերակուտականներ Կը Պահանջեն Ազրպէյճանի Բոլոր Քաղաքական Բանտարկեալներուն Ազատ Արձակումը -

Ծերակուտականներ Կը Պահանջեն Ազրպէյճանի  Բոլոր Քաղաքական Բանտարկեալներուն Ազատ Արձակումը Ծերակուտականներ Կը Պահանջեն Ազրպէյճանի Բոլոր Քաղաքական Բանտարկեալներուն Ազատ Արձակումը

Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին հասցէագրուած նամակով մը, խումբ մը ծերակուտականները խոր մտահոգութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմին օրով շարունակուող կամայական ձերբակալութիւններուն համար:

Անոնք կ՛ընդգծեն, որ Ամերիկայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու յաջողութիւնը կախեալ է անկէ, թէ արդեօք Պաքու պիտի կատարէ՞ իր պարտաւորութիւնները, որոնց շարքին` բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը:

Ծերակուտականները կը շեշտեն, որ Ամերիկայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գործակցութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման, օրէնքի գերակայութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառութեան վրայ:

«Ազրպէյճանի մէջ կը պահուին առնուազն 300 քաղաքական բանտարկեալներ, իսկ անկախ լրագրողներու, ընդդիմութեան առաջնորդներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու նկատմամբ ճնշումները կը շարունակուին երկրի տարածքին: Մենք կը բաժնենք շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու վարչակազմին հետաքրքրուածութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղենք` Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը դարձնելու ռազմավարական գործընկերութեան պայման: Մեզ քաջալերած են Պիելոռուսիոյ մէջ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը ապահովելու գործին մէջ վարչակազմին յաջողութիւնները, եւ կոչ կ՛ուղղենք վարչակազմին` նմանօրինակ մօտեցում կիրարկելու նաեւ Ազրպէյճանի նկատմամբ», գրած են ծերակուտականները:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+