Կիւլեր. «Յոյս Ունինք, Որ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Խաղաղութեան Պիտի Հասնին» - Հայերէն
01 Ekim 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Հոռի / Օր : Արեգ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

29 Eylül 2026  

Կիւլեր. «Յոյս Ունինք, Որ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Խաղաղութեան Պիտի Հասնին» -

Կիւլեր. «Յոյս Ունինք, Որ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Խաղաղութեան Պիտի Հասնին» Կիւլեր. «Յոյս Ունինք, Որ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Խաղաղութեան Պիտի Հասնին»

Յոյս ունինք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ազրպէյճանը պիտի հասնին խաղաղութեան: «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր` մասնակցելով «Թուրքիա-Ազրպէյճան բարեկամութեան եւ համագործակցութեան հիմնադրամ»-ին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին:

Կիւլեր նշած է, որ երկու երկիրներու ռազմավարական համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ կը զարգանայ:

Անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին` Կիւլեր նշած է, որ գոհունակութեամբ կ՛ընդունի անցեալ տարի Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած նախաստորագրումը եւ վերջերս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուած դրական քայլերը:

«Յոյս ունինք, որ վայրկեան առաջ պիտի հաստատուի համապարփակ ու մնայուն խաղաղութիւն: Կ՛աջակցինք գործընթացը այնպիսի մօտեցումով աւարտին հասցնելու ջանքերուն, որ պիտի ամրապնդէ կայուն շրջանային խաղաղութիւնը եւ պիտի նպաստէ ամբողջ շրջանի ժողովուրդներու խաղաղութեան ու բարօրութեան», նշած է Կիւլեր:

Ըստ անոր, Կովկասը ոչ թէ հակամարտութիւններու, այլ համագործակցութեան, զարգացման ու բարօրութեան կարիք ունի, եւ հաւատացած է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ամուր համերաշխութիւնը եւս այդ նոր շրջանի կարեւորագոյն երաշխիքներէն մէկն է:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+