Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է -
Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է
Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի կեդրոնին մէջ` Աքրոփոլիսի հարեւանութեամբ գտնուող Փլաքա զբօսաշրջային թաղամասին մէջ, հզօր պայթումէն շէնք մը փլուզուած է: Առնուազն երկու մարդ զոհուած է, երեքը` վիրաւորուած: Քանի մը մարդիկ, որոնց շարքին օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ, անհետ կորսուած կը նկատուին:
Փրկարարները փլատակներէն դուրս բերած են երիտասարդ կնոջ եւ տղամարդու մարմինները: Յունական լրատուամիջոցներու հաղորդումով` զոհուած կինը ամերիկացի զբօսաշրջիկ էր, որ շէնքին մէջ կը հանգստանար ամուսինին եւ եւս մէկ զոյգի հետ:
Իրաւապահները կ՛ենթադրեն, որ պայթումին պատճառը կազի արտահոսքն է, սակայն վերջնական եզրակացութիւն տակաւին չկայ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com