Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին -
Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին
Փարիզի կեդրոնին մէջ երէկ Հռոմի պապ Լեւոն ԺԴ. պապին մասնակցութեամբ մեծ բացօթեայ պատարագ տեղի ունեցաւ: Քոնքորտի հրապարակին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան աւելի քան 600 հազար մարդ մասնակցեցաւ:
Մարդիկ արդէն ժամեր առաջ սկսան հաւաքուիլ Էլիսէի դաշտերու յարակից հատուածներուն:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պատարագին չմասնակցեցաւ: Ներկաներու շարքին եղան նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Մարին Լը Փեն եւ նախկին վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ:
Լեւոն ԺԴ. պապը Ֆրանսայի մէջ կը գտնուէր քառօրեայ այցելութեամբ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com