Ռուբէն Վարդանեան Դիմած Է Ազրպէյճանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանին -
Ռուբէն Վարդանեան Դիմած Է Ազրպէյճանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանին
Պաքուի մէջ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան 16 սեպտեմբեր 2026-ին հրապարակային ուղերձ յղած է Ազրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւային, որ աւելի կանուխ պատրաստակամութիւն յայտնած էր աջակցելու հայ դատապարտեալներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով:
Վարդանեան, որ Հայաստանի 18 այլ քաղաքացիներու հետ կը գտնուի Ումպաքի քրէակատարողական համալիրին մէջ, իր ուղերձին մէջ թուարկած է շարք մը խախտումներ, որոնք նախ եւ առաջ կը հակասեն ինքնին Ազրպէյճանի օրէնսդրութեան:
Ան յղում կատարած է Պատիժներու կատարման օրէնսգիրքին եւ դատապարտեալներու իրաւունքներուն մասին գրքոյկին, զոր այս տարուան ապրիլին Ազրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը տրամադրած է բանտարկեալներուն: Ան ընդգծած է, որ այդ իրաւունքները պէտք է պահպանուին` անկախ մեղադրանքի յօդուածէն, ազգութենէն, կրօնական պատկանելիութենէն եւ քաղաքացիութենէն:
Վարդանեանի բարձրացուցած հարցերուն կարգին են բանտարկեալներուն մէկ մասին համար շաբաթական դրութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու բացակայութիւնը եւ տեսազանգերու անհասանելիութիւնը, որուն պատճառով անոնցմէ ոմանք գրեթէ երեք տարի է չեն տեսած իրենց զաւակները: Ան յիշած է նաեւ սեփական միջոցներով բժշկական քննութիւններու անկարելիութիւնը, նոտարական ծառայութիւններու մերժման պատճառով հարազատներուն անունով լիազօրագիր ձեւակերպելու անկարելիութիւնը, ֆիզիքական վարժութիւններու սահմանափակումը շաբաթական մէկ անգամ` 20-40 վայրկեան` օրական սահմանուած մէկ ժամի փոխարէն, ինչպէս նաեւ դիմումներուն եւ բողոքներուն գրաւոր պատասխաններու բացակայութիւնը:
Վարդանեան յատուկ կերպով անդրադարձած է այն հանգամանքին, որ Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութեան դադրեցումէն ետք բանտարկեալները զրկուած են ընտանիքներուն հետ կապի կարեւոր ուղիէն, անոնց մեծ մասը ծանրոցներ չի ստանար: Ան նաեւ շեշտած է, որ շատեր նոյնիսկ առիթ չունին բանտային խանութէն սննդամթերք գնելու եւ հեռաձայններ կատարելու, որովհետեւ միջոցներ չունին:
Ան յիշեցուցած է նաեւ նախաձեռնութեան մասին իր կնոջ` Վերոնիքա Զոնապենտի, որ պատրաստ է մեկնիլ Պաքու, հանդիպում ունենալ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին եւ Հայաստանի դատապարտուած քաղաքացիներուն հետ, անոնց փոխանցել մօտ հազար նամակ, ծանրոցներ եւ անհրաժեշտ իրեր: Անոր դիմումները մնացած են անպատասխան, իսկ այլընտրանքային լուծում չէ առաջարկուած:
Վարդանեան առաջարկած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հանդիպում ունենալ բանտարկեալներուն հետ` աւելցնելով. «Կարեւոր չէ, թէ տակաւին որքան ժամանակ կ՛անցընենք Ումպաքիի մէջ: Կը խնդրեմ հետեւեցէ՛ք ձեր իսկ օրէնքներուն», շեշտած է ան:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com