Քրեմլին Արեւելեան Ուքրանիոյ Մէջ Քոսթանթինիւքա Քաղաքի Գրաւումը Յայտարարեց -
Քրեմլին Արեւելեան Ուքրանիոյ Մէջ Քոսթանթինիւքա Քաղաքի Գրաւումը Յայտարարեց
Քրեմլին յայտարարեց, թէ ռուսական ուժերը գրաւած են Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող Քոսթանթինիւքա քաղաքը, որ ուքրանական ուժերու յենակէտ կը նկատուի եւ Տոնպաս շրջանին մէջ տակաւին Ուքրանիոյ իշխանութեան տակ գտնուող վերջին մեծ քաղաքը առաջնորդող ճամբուն վրայ կը գտնուի:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ քաղաքը ամբողջութեամբ կը գտնուի ռուսական ուժերու վերահսկողութեան տակ, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս մասին խօսած է ռուս զինուորականներուն հետ:
Ռուսիոյ նախագահը յայտնած է. «Թշնամիին ռուսական ենթակառոյցներու վրայ հարուածները որքան շատնան, այնքան Ռուսիոյ ստեղծելիք ապահովական գօտին պիտի ընդլայնուի»:
«Քոսթանթինիւքայի ազատագրումը ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունի», շեշտած է ան:
Փութին յունիսին յայտարարած էր, թէ ռուսական ուժերը Քոսթանթինիւքան իրենց վերահսկողութեան տակ առնելու եզրին կը գտնուին:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com