Սահմանադրական Դատարանը Մերժեց Ընտրութիւններու Արդիւնքները Անվաւեր Նկատելու Դիմումները` Ուժի Մէջ Պ - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

06 Temmuz 2026  

Սահմանադրական Դատարանը Մերժեց Ընտրութիւններու Արդիւնքները Անվաւեր Նկատելու Դիմումները` Ուժի Մէջ Պ -

Սահմանադրական Դատարանը Մերժեց  Ընտրութիւններու Արդիւնքները Անվաւեր  Նկատելու Դիմումները` Ուժի Մէջ Պ Սահմանադրական Դատարանը Մերժեց Ընտրութիւններու Արդիւնքները Անվաւեր Նկատելու Դիմումները` Ուժի Մէջ Պահելով Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի Որոշումը

Սահմանադրական դատարանը շաբաթ օր մերժեց ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող քաղաքական 7 ուժերու դիմումները եւ ուժի մէջ պահեց 7 յունիսի ընտրութիւններուն վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի որոշումը:

7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մէջ կը վիճարկէին քաղաքական 7 ուժեր, որոնց կարգին` խորհրդարան անցած «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներն ու քանի մը տասնեակ ձայնով խորհրդարանէն դուրս մնացած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը:

Որոշումի հրապարակումէն ետք «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արամ Օրբելեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Սահմանադրական դատարանը ունէր պատմական կարելիութիւն անվաւեր նկատելու ընտրութիւններու արդիւնքները: Մենք ունէինք իւրայատուկ իրավիճակ մը, երբ լիազօրագիրները ստանալ կամ չստանալու հանգամանքը կախուած եղած է բացառապէս Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ ընդունուած որոշումով: Ակնյայտ է, որ դատական նիստի շրջանակին մէջ ներկայացուած ապացոյցներու նիւթերու ուսումնասիրութեամբ միանշանակ էր, որ առնուազն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը պէտք է ստանար լիազօրագիրներ: Սա այն դէպքն էր, որ բոլորը տեսան, ցաւօք սրտի, որ Սահմանադրական դատարանը մասնակից եղաւ կամ առնուազն չկանգնեցուց ձայնագողութիւնը: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը զրկեց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները ունենալ իրական խորհրդարանական համակարգ, ուր իշխող ուժը պարտաւոր պիտի ըլլար փոխադարձ համաձայնութեան երթալ, փորձել, բանակցիլ, քննարկել ընդդիմադիր ուժերու հետ շարք մը որոշումներ»:

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեան ըսաւ. «Սահմանադրութեան օրուան ընդառաջ արձանագրուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ կայ՛ Սահմանադրութիւն, կայ Սահմանադրական դատարան, բայց չկայ սահմանադրականութիւն, չկայ սահմանադրական արդարադատութիւն: Սահմանադրական արդարադատութեան համար առաջնայինը, ի հարկէ, Սահմանադրական դատարանի կազմի օրինականութեան խնդիրն էր, որ, ցաւօք, չյաղթահարուեցաւ»:

Այսպիսով` 9-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան «Քաղաքացիական պայմանագիրը»` 64 աթոռով, «Ուժեղ Հայաստանը»` 29 աթոռով եւ «Հայաստան» դաշինքը` 12 աթոռով:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+