Զախարովա. «Հայաստանի Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Նախատեսուող Փոփոխութիւնները Կրնան Հայաստանի Քաղաքաց - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

03 Temmuz 2026  

Զախարովա. «Հայաստանի Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Նախատեսուող Փոփոխութիւնները Կրնան Հայաստանի Քաղաքաց -

Զախարովա. «Հայաստանի Ընտրական  Օրէնսգիրքին Մէջ Նախատեսուող Փոփոխութիւնները  Կրնան Հայաստանի Քաղաքաց Զախարովա. «Հայաստանի Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Նախատեսուող Փոփոխութիւնները Կրնան Հայաստանի Քաղաքացիները Իրենց Կամքի Արտայայտման Իրաւունքէն Զրկել»

«Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւնները կրնան հայ քաղաքացիները զրկել ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն` Մոլտովայի օրինակով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Դիւանագէտը մեկնաբանած է նոր փոփոխութիւնները, որոնք Հայաստանի իշխանութիւնները կը նահատեսեն մտցնել, եւ որոնց համաձայն, քաղաքացիները քուէարկութիւններուն եւ հանրաքուէներուն պիտի կարենան մասնակցիլ միայն քուէարկութեան օրուան նախորդող կէս տարուան ընթացքին հանրապետութեան մէջ փաստացի բնակութեան պարագային:

«Ինչպէս ակնյայտ է, օրէնքները կոչուած են պաշտպանելու այս կամ այն երկրի քաղաքացիներուն իրաւունքները, այստեղ կարծէք թէ նոյնիսկ հակառակը կը ստացուի. հայկական անձնագիրներ ունեցող մարդիկ կը զրկուին իրենց հիմնարար իրաւունքներու մէկ մասէն, մասնաւորաբար` ընտրութիւններուն մասնակցելէ», ըսած է ան:

«Հաշուի առնելով հանրապետութեան մէջ եւրոպացի մասնագէտներու աշխուժ աշխատանքը` ակամայ կը յիշուի Մոլտովայի մէջ 2025 թուականի ընտրական պայքարը, երբ Սանտուի վարչակարգը նպատակաուղղուած ամէն ինչ կ՛ընէր, որպէսզի Ռուսիա գտնուող հայրենակիցներուն չարտօնէ իրենց ընտրական իրաւունքը իրականացնել: Հայաստանի պարագային նոյնը տեղի կ՛ունենայ. սփիւռքը պիտի մնայ մեկուսացուած իր երկրի եւ իր ժողովուրդի հասարակական-քաղաքական կեանքէն», նշած է ան:

Զախարովա նաեւ ուշադրութեան հրաւիրած է այն բանի վրայ, թէ օրինագիծը տեղեկատուական միջավայրի մէջ մարդոց ինչպէ՛ս կը ներկայացուի:

«Մենք տեսած ենք, որ շարք մը իշխանամէտ լրատուամիջոցներու մէջ անիկա կը ներկայացուի իբրեւ Քրեմլինի առասպելական խառնածին յարձակումներու դէմ պայքարի միջոց, որ, իբրեւ թէ, Ռուսիոյ հայկական սփիւռքի ներուժը կը փորձէր օգտագործել խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ:

«Գիտէք, կը կարծեմ, որ այս առասպելը պարզապէս կը փշրուի Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ հրապարակաւ ներկայացուած թիւերով. անոնց տուեալներով` 2025 թուականի մայիս-յունիս ամիսներուն հանրապետութիւն աւելի շատ քաղաքացի մուտք գործած է, քան ընթացիկ տարուան նոյն ժամանակահատուածին: Այդ պարագային ո՞վ վերջին արդիւնքով կեղտոտ ձեռքեր ունի», եզրափակած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+