Ակնարկ. Լիբանանի Մէջ Թրքական Խաղեր` Մրցակցութեան Տեսարաններով - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

03 Temmuz 2026  

Ակնարկ. Լիբանանի Մէջ Թրքական Խաղեր` Մրցակցութեան Տեսարաններով -

Ակնարկ.  Լիբանանի Մէջ Թրքական Խաղեր`  Մրցակցութեան Տեսարաններով Ակնարկ. Լիբանանի Մէջ Թրքական Խաղեր` Մրցակցութեան Տեսարաններով

Լիբանան-Իսրայէլ ստորագրուած շրջանակային համաձայնագիրի նկատմամբ կան ուշագրաւ մեկնաբանային հրապարակումներ` Թուրքիոյ անհանգստութեան մասին: Այդ նիւթերը կը խօսին Անգարայի խոր մտահոգութիւններուն մասին, Իսրայէլի Լիբանանի մէջ դերակատարութեան աշխուժացման եւ ազդեցութեան նոր տարածքի գրաւման մասին:

Թրքական այս մտահոգութիւնը անմիջականօրէն կը կապուի նախագահ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն, որ Կազան, Սուրիան եւ Լիբանանը Թուրքիոյ անվտանգային համակարգի կարեւոր կէտեր են, եւ թէ իրենք չեն արտօներ այնտեղ կատարուող որեւէ ոտնձգութիւն` զայն նկատելով ուղիղ սպառնալիք:

Հրապարակումները կ՛ակնարկեն ամսավերջին Լիբանանի վարչապետին Անգարա տալիք այցելութեան, այս հարցերու քննարկման  նպատակով: Կայ նաեւ յորդոր խորքային դիտարկելու Սուրիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները եւ դասեր վերցնելու այդ բոլորէն:

Թրքական այս դիրքորոշումը առաջին հայեացքով կը կապուի Իսրայէլի հետ տարածաշրջանին մէջ հետզհետէ սրացող մրցակցային պայքարին: Ճիշդ է, որ սուրիական տարածքներու վրայ այս երկու երկիրներու շահերը բախեցան իրար, տեղի ունեցան միջնորդաւորուած զինեալ ընդհարումներ` Դամասկոսի ուժերուն եւ տիւրզիներուն միջեւ: Առաջինը` թրքական հովանաւորչութիւնը վայելող, երկրորդը` իսրայէլեան:

Հիմա լիբանանեան տարածքի վրայ շահերու բախումի մասին յայտարարութիւններ կը կատարուին: Ստորագրուած համաձայնութիւնը կը մերժուի Անգարայի կողմէ:

Այս քայլով Անգարան նաեւ ներլիբանանեան հատուածի, այս պարագային սիւննի բնակչութեան իր ազդեցութեան տակ գտնուող զանգուածին ուղերձ կը յղէ մերժելու համաձայնագիրը: Անշուշտ ուղերձը միայն այդ թիրախով չի սահմանափակուիր:

Զուգահեռ, այս բոլորին կապուող տեղեկատուութիւն առկայ է, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին զէնքի մենաշնորհման օրակարգով թղթածրար փոխանցած է պաշտօնական Պէյրութին:

Այս ենթադրեալ եղելութիւնը անմիջապէս կը  յիշեցնէ նախագահ Թրամփի յայտարարութիւնը առ այն, որ Դիմադրութեան զէնքի խնդիրի լուծումը պէտք է փոխանցել Սուրիոյ, մանաւանդ որ Իսրայէլ միայն աւերումներով չի յաջողիր լուծել խնդիրը:

Խճանկարի բաղադրիչները ճիշդ շարելու փորձ մը կ՛ուրուագծէ ամերիկեան-թրքական համակարգուած  ծրագիր մը: Լիբանանի մէջ թրքական դերակատարութեան աշխուժացումը, առ երեւոյթ ի հակակշիռ Իսրայէլին, բայց նաեւ ցոյց կու տայ իրանեան ազդեցութեան ձգելիք բացը լրացնելու պատրաստակամութիւն:

Պէտք չէ անտեսել այն հաւանականութիւնը, որ ի վերջոյ հեռահար նպատակը` Դիմադրութեան զինաթափումը Իսրայէլի առաջադրանքն է: Այս առաջադրանքին գծով հիմա թղթածրարի տեսքով, ապառազմական տարազով, առաջարկի շղարշով Դամասկոսի ճամբով Անգարան է, որ դեր կը վերցնէ: Այս դերի ստանձնումը  Դամասկոսին յղուած ամերիկեան ակնարկով սակայն ըստ էութեան Անգարան նկատի ունենալով Ուաշինկթընը կը կատարէր:

Լիբանանի մէջ Թուրքիան իր ազդեցութեան գօտին` մշակութային, կրթական, ժողովրդագրական, բայց յատկապէս տնտեսական, երկար ատենէ ի վեր կը ձեւաւորէր: Տեսանելի թիրախը հիւսիսային շրջանն էր: Հիմա, իր անվտանգային համակարգին սպառնալիք նկատելով Անգարան Իսրայէլի դէմ յայտարարողական մակարդակի վրայ թէժացումը բարձրակէտին կը հասցնէ` ուղերձ յղելով Իսրայէլին, որ իրեն համար կարմիր գիծ նկատուող սահմանները չհատէ, Իրանին, որ կը մերժէ Լիբանան-Իսրայէլ շրջանակային համաձայնագիրը, Լիբանանի սիւննի զանգուածին, որ դիրքորոշուի համաձայնագիրին դէմ եւ Միացեալ Նահանգներուն, որ պատրաստ է Դամասկոսի ճամբով զէնքի մենաշնորհման օրակարգը ստանձնելու, ոչ ռազմական ճանապարհով:

Եթէ այս նախադրեալները սկսին հետզհետէ իրականանալ, ապա ականատես կը դառնանք Լիբանանի եւ տարածաշրջանին մէջ Անգարայի նոր դերակատարութեան առարկայացման քաղաքականութեան:

Այս բեմագրութիւնը սակայն չ՛ենթադրեր Իսրայէլի առկայութեան չէզոքացում եւ իսրայէլեան ուժերու հեռացում լիբանանեան ինքնիշխան տարածքներէն: Խաղը կը շարունակէ վարել Ուաշինկթընը, իրար հակակշռող եւ իրար լրացնող դերերու մէջ տեղադրելով Թուրքիան եւ Իսրայէլը: Հիւսիսի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը եւ հարաւի մէջ Իսրայէլի ներկայութիւնը այդ ընդհանուր միտումին դրսեւորումներն են:

Իսկ այս պատկերը կը յիշեցնէ Սուրիոյ այսօրուան վիճակը: Ռուսիոյ եւ Իրանի ազդեցութեան գօտիները փոխարինուած են Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ոչ միայն ազդեցութեան, այլ նաեւ ուղղակի անվտանգութեան գօտիներով, ռազմական ներկայութիւններով:

Այս հանգամանքները կրնան աւելիով պարզաբանել Իսրայէլ-Թուրքիա ցեղասպանութեան յանցանքներով զիրար ամբաստանելու եւ ցեղասպանութեան ճանաչումներու երեւոյթները:

«Ա.»




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+