​Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանը Կը Դիմաւորէ Իր Անդրանիկ Վերամուտը - Gündem
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Gündem :

12 Ekim 2018  

​Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանը Կը Դիմաւորէ Իր Անդրանիկ Վերամուտը -

​Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանը Կը Դիմաւորէ Իր Անդրանիկ Վերամուտը ​Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանը Կը Դիմաւորէ Իր Անդրանիկ Վերամուտը

Մխիթարեան Միաբանութեան խիզախ որոշումին ի գործադրութիւն՝ 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով իր դռները բացաւ Միաբանութեան անունը կրող Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը, որ պիտի գայ միանալու լիբանանահայ կրթօճախներու փաղանգին, կատարելու համար կրթական, ազգային, մարդկային եւ ընկերային առաքելութիւն:

Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին վերամուտ էր Մխիթարեան վարժարանին մէջ: Նորակառոյց դպրոց, նոր տնօրէնութեամբ ու անձնակազմով, բոլորը պատրաստ՝ դիմաւորելու նոր աշակերտները, անոնց ջամբելու լաւագոյն ուսում, որակեալ կրթութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն:

Աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցին փակը, ուր հաւաքական աղօթքէ ետք, տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան բարի գալուստի խօսք արտասանելով շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր ծնողքի եւ աշակերտի, որ հաւատալով ու վստահելով այս նորակերտ վարժարանին, իրենց քայլերը ուղղեցին դէպի Մխիթարեան Վարժարան ու դարձան անոր սիրտը: Ան ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հպարտ զգայ, որովհետեւ ինք կը համարուի այս դպրոցին հիմնադիր աշակերտը: Ինչպէս որ մեր մարմինը կ’ապրի բաբախող սրտով, դուք այս այս դպրոցին բաբախող սիրտն էք եւ ձեզմով է որ այս վարժարանը կեանքի կոչուեցաւ: Ուստի, ձեզի կը մաղթեմ, որ զգաք ձեր տան մէջ, ըլլաք աշխատասէր աշակերտներ եւ ձեր արձանագրած յաջողութեամբ օրինակ հանդիսանաք այլ աշակերտներու»:

Ապա, աշակերտները ունեցան խաղի հաճելի պահեր, ինչպէս նաեւ վայելեցին ու միասնաբար երգեցին Սերժիօ Ահարոնեանի հետ, որ ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական քանի մը երգով: Դասարան բարձրանալէ ետք աշակերտները ունեցան իրար ծանօթացման խաղեր, նկարուեցան, ապա միասնաբար նախաճաշեցին եւ օրը շարունակեցին հաճելի մթնոլորտի մէջ:

Օրուան աւարտին աշակերտներուն այցելեց եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց, վարժարանիս բացման առիթով յատուկ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած՝ Մխիթարեան Միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ արհիապատիւ հայր Լեւոն Արք. Զէքիեան, որ իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով յորդորեց, որ ըլլան ջանասէր աշակերտներ, պատիւ բերեն իրենց ընտանիքին ու դպրոցին, ըլլան իրաւայաջորդները Մխիթար Սեբաստացիի եւ յաջողութիւն գտնեն իրենց դասերուն ու կեանքին մէջ: Զէքիեան սրբազանը նաեւ աննկուն կամք, յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց դպրոցի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին՝ իրենց նուիրական առաքելութեան մէջ:





Bu haber ragmamoul kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (ragmamoul) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(ragmamoul). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+