Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը Միաս­նա­կան Ու Վճռա­կան Ո­գիով Դա­տա­պար­տեց Թուրք-Ա­զե­րիա­կան Յար­ձա­ - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

07 Ekim 2020  

Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը Միաս­նա­կան Ու Վճռա­կան Ո­գիով Դա­տա­պար­տեց Թուրք-Ա­զե­րիա­կան Յար­ձա­ -

Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը Միաս­նա­կան Ու Վճռա­կան Ո­գիով Դա­տա­պար­տեց Թուրք-Ա­զե­րիա­կան Յար­ձա­ Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը Միաս­նա­կան Ու Վճռա­կան Ո­գիով Դա­տա­պար­տեց Թուրք-Ա­զե­րիա­կան Յար­ձա­կու­մը


Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, ­Շա­բաթ՝ 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ»ին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ բո­ղո­քի հա­ւաք՝ ընդ­դէմ թուրք-ա­զե­րիա­կան յար­ձակ­ման։

Ա­ւե­լի քան 2500 հա­յոր­դի­ներ՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն, ­Գո­մո­թի­նիէն եւ ­Սէր­րէ­սէն, ո­րոնց շար­քին` ազգ. ­կա­ռոյց­նե­րու եւ ­միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ միաս­նա­կան ա­մուր ու վճռա­կան ո­գիով դա­տա­պար­տե­ցե­ցին թուրք-ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կու­մը։ ­Հա­ւա­քին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ շրջան­նե­րու խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­ներ, նա­խա­րար­ներ, պոն­տա­կան, ա­սո­րա­կան եւ այլ քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք ի­րենց սրտի խօս­քե­րուն մէջ բուռն կեր­պով դա­տա­պար­տե­ցին ­Թուր­քիոյ ու Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը եւ ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ու հայ ժո­ղո­վուր­դին: Ո­րո­շո­ւած ժա­մուն, հա­ւա­քին մաս­նակ­ցող ժո­ղո­վուր­դը եւ յատ­կա­պէս մեր ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը անն­կուն կամ­քով ու վճռա­կա­մու­թեամբ հա­ւա­քո­ւե­ցան ո­րո­շո­ւած վայ­րը, Ե­ռա­գոյն դրօշ­նե­րը բարձր պա­հած՝ դա­տա­պար­տե­լով ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։

Յու­զիչ էր պա­հը, երբ մեր ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը ի­րենց ինք­նա­շարժ­նե­րով, Ե­ռա­գոյն դրօ­շը պար­զած հա­սան «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ», ո­րոնք քա­ղա­քի կեդ­րո­նի մայր պո­ղո­տա­նե­րուն մէ­ջէն անց­նե­լով ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին նպա­տա­կաս­լաց տե­սիլ­քով ու անն­կուն հա­ւատ­քով, որ մեր հայ­րե­նի­քը յաղ­թա­կան դուրս պի­տի գայ այս բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րէն։

Ա­պա, բո­ղո­քի հա­ւա­քը ժո­ղո­վուր­դի հոծ բազ­մու­թեամբ՝ լո­զունք­ներ բա­ցա­գան­չե­լով յա­ռա­ջա­ցաւ դէ­պի Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Ցի­միս­քի» մայր պո­ղո­տա­յի վրայ տե­ղադ­րո­ւած հայ­կա­կան խաչ­քա­րին առ­ջեւ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ մո­մա­վա­ռու­թիւն եւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին կող­մէ ա­ղօթք՝ Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ զո­հո­ւած մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար։

Ա­ւար­տին, եր­գո­ւե­ցան հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան քայ­լերգ­նե­րը։ ­Յայտ­նենք, որ բո­ղո­քի հա­ւա­քին ներ­կայ ե­ղան եւ նկա­րա­հա­նե­ցին յու­նա­կան հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­ներ եւ լրագ­րող­ներ։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան լրա­ցու­ցիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ հար­ցազ­րոյց­ներ տա­լով՝ բա­ցատ­րե­ցին բո­ղո­քի հա­ւա­ք:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+