Յուզումնախառն Հրաժեշտ - Հայերէն
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

24 Ekim 2020  

Յուզումնախառն Հրաժեշտ -

Յուզումնախառն Հրաժեշտ Յուզումնախառն Հրաժեշտ

ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Հոգելոյս պատգամաւորի հրաժեշտը իսկապէս եղաւ յուզումնախառն։ Համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումները ամբողջութեամբ թէեւ գործադրուեցան, սակայն անոնք արգելք մը չհանդիսացան՝ Մարգար Էսաեանի նկատմամբ վերջին յարգանքի եւ համակրանքի շեշտուած ձեւով դրսեւորման համար։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ կողակիցը՝ Էմինէ Էրտողան մասնակցեցան Մարգար Էսաեանի յուղարկաւորութեան։ Ներկայ էին նաեւ պետական աւագանիէն բազում դէմքեր. օրինակ՝ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, Արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլ, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ այլք։ ԱՔ կուսակցութեան վերնախաւն ալ փութացած էր Մարգար Էսաեանին հրաժեշտ տալու՝ գլխաւորութեամբ փոխ-կուսակցապետներ Նուման Քուրթուլմուշի եւ Մահիր Իւնալի։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ ներկայ էր խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ-նախագահներէն՝ Իսթանպուլի երեսփոխան Էնկին Ալթայ։ Յուղարկաւորութեան ներկայ էին նաեւ շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներ. ինչպէս՝ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի պետ Ֆահրետտին Ալթուն, նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն եւ նախագահական աշխատակազմէն այլ բազում պաշտօնատարներ։

Հոգելոյս Մարգար Էսաեանի դագաղը զետեղուած էր լուսաշող տաճարի կեդրոնին, մահաբեմի վրայ, պարփակուած Թուրքիոյ դրօշակով։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Յունաց Պատրիարքարանին կողմէ ալ ներկայացուցիչ մը փութացած էր ցաւակից ըլլալու։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին վեղարաւորներ եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանն ալ մասնակցեցան արարողութեան։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին հոգելոյս Մարգար Էսաեանի Կեդրոնական վարժարանէն դասընկերները՝ Ստեփան Ինճէեան, Յակոբ Թաշճըօղլու, Սեւան Աթաօղլու եւ Այգ Ճետէն։ Բոլոր յուղարկաւորները իրենց վերջին յարգանքը արտայայտեցին Մարգար Էսաեանի բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ գործի լծուած կարգադիր յանձնախումբի անդամներն ալ վերահսկեցին յուղարկաւորութեան ամբողջ ընթացքը, արարողակարգը՝ գլխաւորութեամբ Խաչիկ Ճանելի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յուղարկաւորութեան ընթացքին կուռ դամբանական մը խօսեցաւ Մարգար Էսաեանի մասին։ Ան հրաժեշտի փուլին շեշտեց հանգուցեալի նկարագրի առանցքային ուղղութիւնները՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով անոր անկեղծութեան եւ բարեսրտութեան։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ Մարգար Էսաեանի կողմէ գործուած բարիքները երկնաւոր ուղեւորութեան մէջ բարեխօսութեան վերածուին իրեն համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը դամբանականին մէջ ընդգծեց, որ Մարգար Էսաեան խոր մտածելակերպով անձնաւորութիւն մըն էր, իսկական կրօնասէր մըն էր։ Երուսաղէմ մեկնած էր ուսանելու, յաճախած էր Կեդրոնական վարժարան, անդամակցած էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ու սերտ կապ ունեցած՝ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի հետ։ Իր խօսքով՝ այս բոլոր հանգամանքները ձեւաւորած էին Մարգար Էսաեանի մտածման եւ զգացական աշխարհի ենթակառուցուածքները։ Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ մահը կատարուած իրողութեան առջեւ չէր դրած Մարգար Էսաեանը, որովհետեւ ան ծանր հիւանդութեան շրջանին թէեւ բուժուելու յոյսը չէր կորսնցուցած, սակայն միշտ ալ կը գիտակցէր, թէ այդ մէկը Աստուծոյ կամքն է։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիպուկ ձեւով բացատրեց, որ հոգելոյս Մարգար Էսաեան կեանքի դժուար օրերուն համար ամբարած էր բաւականաչափ բարոյականութիւն եւ իր սնուցած արժէքներով դիմադրած էր ծանր շրջանին։

Դամբանականի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մանրամասն բացատրեց, թէ Մարգար Էսաեան ինչպէս որպէս խանութպան սկսած էր կեանքի ուղեւորութեան, իսկ աւելի վերջ այդ բնագաւառէն դուրս գալով նուաճած էր յաջողութեան բարձունքներ։ Ան համարձակած էր այս երկրին մէջ «միւսներու» թաղամասերը անցնիլ ու պայքարած էր՝ նոր Թուրքիոյ դատին իր նպաստը բերելու համար։ Հաւատարմութեամբ ծառայած էր իր պետութեան։ Միշտ ժողովուրդի կողքին եղած էր։ Կամրջող անձնաւորութիւն մըն էր Էսաեան, որ բարեկամութեան կամուրջներ կը կառուցէր մարդոց միջեւ ու միշտ կը ձգտէր խաղաղութեան։

Դամբանականի եզրափակիչ փուլին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքին եւ յուղարկաւորութեան բերուած մասնակցութեան համար։ Ան շեշտեց, թէ սա պատմականօրէն աննախընթաց է եւ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ նման երեւոյթ մը կ՚ապրուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յատկանշական նկատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ամենաթէժ օրերուն նախագահ Էրտողան հայկական եկեղեցիի մը մէջ գտնուած է՝ մասնակցելով յուղարկաւորութեան մը։ Ան շեշտեց, որ այս երեւոյթը ունի կարեւոր պատգամ մը։ Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ իրականութեան մէջ հայ եւ ազէրի ժողովուրդները չեն պատերազմիր, այլ պատերազմը կայսերապաշտ մտքի ժողովուրդներու միջեւ թողած անլուծելի թնճուկը համարեց։ Ան շեշտեց նաեւ, որ սա կրօնի պատերազմ մը չէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթանքներ արտայայտեց մնայուն բարեկամութեան հաստատման եւ պատերազմի սեւ ամպերու փարատման համար եւ այս ուղղութեամբ կարողութիւն մաղթեց նախագահ Էրտողանին։ «Աստուած ձեզի խաղաղութեան դեսպանի մը վերածէ։ Ձեր հայ հայրենակիցները միշտ կ՚աղօթեն ձեր առողջութեան եւ բարօրութեան համար», ըսաւ Պատրիարք Հայրը։

Հարկ է նշել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ թրքերէնով խօսուած այս դամբանականը ընկալուեցաւ մեծ գնահատանքով։ Արարողութեան տեւողութեան Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ հրաժեշտի խօսքով մը, որու ընթացքին յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արտայայտութիւններուն համար։

Յուղարկաւորութեան աւարտին Մարգար Էսաեանի անշունչ մարմինը եկեղեցիէն դուրս բերուեցաւ զանգակներու տխուր ղօղանջով։

Հուսկ, հոգելոյս երեսփոխանի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան դամբարանին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիսապետեց նաեւ թաղման կարգին։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+