​Դաւիթ Իշխանեան Կասկածելի Կը Նկատէ Շուշիի Մասին Արցախի Ղեկավարութեան Յայտարարութիւնը - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

10 Kasım 2020  

​Դաւիթ Իշխանեան Կասկածելի Կը Նկատէ Շուշիի Մասին Արցախի Ղեկավարութեան Յայտարարութիւնը -

​Դաւիթ Իշխանեան Կասկածելի Կը Նկատէ Շուշիի Մասին Արցախի Ղեկավարութեան Յայտարարութիւնը ​Դաւիթ Իշխանեան Կասկածելի Կը Նկատէ Շուշիի Մասին Արցախի Ղեկավարութեան Յայտարարութիւնը

Շուշի քաղաքին մէջ ամբողջ օրուան ընթացքին մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:

«Ամբողջ օրուան ընթացքին ռազմական գործողութիւնները շարունակուած են, դժուար է այս պահուն ընդհանուր գնահատական տալ: Եթէ պաշտպանութեան բանակը համապատասխան հաստատումներ չի կատարեր, կը կարծեմ, որ քաղաքական իշխանութիւններուն տեսակէտը ինչ որ տեղ պէտք է կասկածի տակ առնել եւ տուրք չտալ այդ բոլորին: Ի վերջոյ, բանակը ունի իր խնդիրները եւ բանակը իր խնդիրները կը կատարէ», նշած է Իշխանեան:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ներկայացուցիչը նշած է, որ շատ կարեւոր է հետեւիլ պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութեան հրապարակումներուն եւ ամբողջական տեղեկատուութիւնը ստանալ մէկ տեղէ:





Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+