​Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողները Հերոսներ Են ու Նահատակներ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

24 Kasım 2020  

​Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողները Հերոսներ Են ու Նահատակներ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս -

​Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողները Հերոսներ Են ու Նահատակներ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս ​Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողները Հերոսներ Են ու Նահատակներ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ առաջարկած, որ 22 նոյեմբերը յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ այդ իմաստով հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Արդարեւ, կիրակի, 22 նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Արցախի բոլոր հերոս նահատակներու հոգիներուն համար:

Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքը դիմեց վեհափառ հայրապետին, որպէսզի այս առիթով ան փոխանցէ իր մտածումները մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հայրենիքին համար արիւն թափողները նահատակներ են, որոնք կը դառնան յաւերժական ներկայութիւն ու պատգամ ժողովուրդի կեանքին մէջ»:

Ապա, շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այսօր մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ աղօթեցինք հոգիներուն համար մեր հերոս զինուորներու, որոնք իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան ճանապարհին վրայ: Հայրենիքի պաշտպանութիւնը իւրաքանչիւր հայուն նուիրական պարտքն է ու պատիւը եւ հայրենիքին պաշտպանութեան համար իր անձը ընծայաբերողը նահատակ է ու հերոս: Ազգերը մեծ են ոչ թէ իրենց քանակով, այլ իրենց հերոսներով ու անմահներով, որոնք իրենց արեան վկայութեամբ ազգերը վեր կը պահեն ժամանակի ժանգէն ու գերեզմանէն եւ զանոնք կը շաղախեն անմահութեամբ: Այսպէ՛ս եղաւ մեր փոքր ածուն: Պատմութեան խաւարին մէջ ան մնաց լուսապայծառ` շնորհիւ իր հերոսներուն: Հերոսները ազգերու խաւար երկինքը պայծառացնող աստղեր են, որոնցմէ ճառագայթող լոյսով ազգերը կը քալեն դէպի լուսաշող ապագայ:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առնելով մեր ազգին ալեկոծ, սակայն յաղթանակներով լեցուն պատմութիւնը, ըսաւ. «Այսպէ՛ս եղան մեր հերոսներն ու անմահները վէրքով ու հալածանքով լի հայոց դարաւոր պատմութեան ընթացքին: Այսպէ՛ս պիտի ըլլան նաեւ Արցախի սրբազան հողին վրայ յանուն հայրենիքի կռուած ու նահատակուած մեր հերոս զինուորները: Մեր ազգը իր հերոսներու հաւատքով ու քաջութեամբ յաղթական է, իր հերոսներով հզօր է, իր հերոսներով անմահ է. մեր ազգը նոյնիսկ ժամանակաւոր պարտութիւնը պիտի վերածէ մնայուն յաղթանակի»:

Կ՛ուզենք յայտնել, որ հետեւելով Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխարհասփիւռ բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ եւս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:





Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+