«Պահքը սիրոյ համար ինքնանուաստացում է». Լատինաց մօտ «Օր մոխրոցի» պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ - Հայերէն
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

20 Şubat 2021  

«Պահքը սիրոյ համար ինքնանուաստացում է». Լատինաց մօտ «Օր մոխրոցի» պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ -

«Պահքը սիրոյ համար ինքնանուաստացում է». Լատինաց մօտ «Օր մոխրոցի» պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ «Պահքը սիրոյ համար ինքնանուաստացում է». Լատինաց մօտ «Օր մոխրոցի» պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Աստուծոյ վերադառնալու սկիզբը կը կայանայ մենք մեզ Անոր կարիքաւորները ճանչնալու մէջ, կարիքաւորներ ողորմութեան։ Այս է ճշգրիտ ուղին, հեզութեան ուղին։

«Կը սկսինք Քառասնորդացի ուղեւորութիւնը։ Ան կը բացուի Հովել Մարգարէի խօսքերով, որոնք ցոյց կու տան ուղղութիւնը, որուն պէտք է հետեւիլ։ Այնտեղ կայ հրաւէր մը, որ ծնունդ կ՛առնէ Աստուծոյ սրտէն, որ բազկատարած բազուկներով եւ կարոտով լի աչքերով կ՛աղաչէ. «Ինծի դարձէք ձեր բոլոր սրտովը (Հովել 2,12)»։ Ինծի վերադարձէք։ Քառասնորդացը դէպի Աստուծոյ վերադարձի ճանապարհորդութիւն մըն է։ Քանի անգամներ զբաղուած եւ անտարբեր Անոր ըսինք. «Տէր քու մօտդ կու գամ ետքը…Այսօր չեմ կրնար, բայց վաղը կը սկսիմ աղօթել եւ բան մը ընել ուրիշներուն համար»։ Այժմ Աստուած կոչ կ՛ընէ մեր սրտին։ Կեանքին մէջ մշտապէս այլ բաներ ունինք ընելու եւ պատճառաբանութիւններ ունինք ներկայացնելու սակայն այժմ ժամն է վերադառնալու Աստուծոյ»։

Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր քարոզը, չորեքշաբթի 17 փետրուար 2021-ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Լատինաց մօտ Օր Մոխրոցի առթիւ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին։

Տէրը մեզի կ՛ըսէ «ինծի դարձէք բոլոր սրտով»

Քահանայապետը շեշտեց՝ թէ Տէրը մեզի կ՛ըսէ «ինծի դարձէք բոլոր սրտով», հաստատելով, որ Քառասնորդացը ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կը ներգրաւէ մեր ամբողջ կեանքը։ Ան ժամանակ է ստուգելու ուղիները, որոնց վրայէն կը քալենք, վերագտնելու համար ճանապարհը, որ մեզի տուն կը վերադարձնէ, բացայայտելու համար Աստուծոյ հետ հիմնական կապը՝ որմէ կախեալ է ամէն բան։

Հարց տանք, ըսաւ Սրբազան Պապը, թէ ու՞ր կը տանի մեզ մեր կեանքի նաւարկիչը, դէպի Աստուա՞ծ կամ դէպի իմ «ես»ը։ Ես կ՛ապրիմ հաճելի ըլլալու Տիրո՞ջ կամ երեւնալու, փառաբանուելու։ Ես հանգի՞ստ եմ իմ կեղծաւորութիւններուս հետ, թէ կը պայքարիմ սիրտս ազատելու սուտերէն, որոնք զայն կը կաշկանդեն։

Պահքի ուղեւորութիւնը արտագաղթ մըն է ստրկութենէն դէպի ազատութիւն

Ան ապա հաստատեց. «Պահքի ուղեւորութիւնը արտագաղթ մըն է ստրկութենէն դէպի ազատութիւն։ Քառասուն օրեր են, որոնք կը յիշեցնեն քառասուն տարիները, որոնց ընթացքին Աստուծոյ ժողովուրդը ճամբորդեց անապատին մէջ, վերադառնալու համար աւետեաց երկիր։ Բայց որքան դժուար էր թողուլ Եգիպտոսը։ Ճանապարհորդութեան ընթացքին յաճախ փորձութիւնը կար ետ վերադառնալու, կաշկանդուած ըլլալու անցեալի յուշերուն եւ մի քանի կուռքերուն։ Մեզի համար ալ նոյնն է. Դէպի Աստուած վերադարձի ճամբորդութիւնը խոչընդոտուած է մեր անառողջ կապուածութիւններէն, ան կասեցուցած է արատներու գայթակղիչ որոգայթներէն, դրամի եւ երեւնալու սուտ ապահովութիւններէն, մենք մեզ զոհեր զգալու ողբի անշարժութենէն»։

Հետեւիլ Անառակ Որդիի օրինակին, վերադառնանք Հօր

«Քալելու համար պէտք է դիմակազերծել այս պատրանքները» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով այս առընչութեամբ նայիլ Անառակ Որդիին, հասկնալու համար՝ թէ մեզի համար եւս ժամանակ է վերադառնալու Հօր։ «Մենք ալ մոռցանք տան բոյրը, վատնեցինք արժէքաւոր բարիքները ու մնացինք ձեռնունայն եւ դժգոհ սրտով»։ «Մենք ինկանք։ Զաւակներ ենք, որոնք յաճախ կ՛իյնան եւ վերականգնելու համար պէտք ունին իրենց հօրը» յարեց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով, որ «Հօր ներումն է, որ մեզ դարձեալ ոտքի կը վերականգնեցնէ։ Ներումը՝ Խոստովանանքը առաջին քայլն է մեր վերադարձի ուղեւորութեան համար»։

Տէր բժշկէ սիրտս

«Մենք ապա կարիքը ունինք վերադառնալու Յիսուսին, նման այն բորոտին որ բուժուեցաւ եւ վերադարձաւ Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու համար» շարունակեց Սրբազան Պապը նշելով, որ «բոլորս ալ ունինք հոգեւոր հիւանդութիւններ, զոր չենք կարող միայնակ բուժել»։Մենք կարիքը ունինք Յիսուսի բուժումին. Անոր առջեւ դնելու ենք մեր վէրքերը ըսելով. «Յիսուս հոս եմ Քու առջեւդ, իմ մեղքովս, իմ թշուառութիւններովս։ Դուն բժիշկն ես. Դուն կարող ես ազատել ինձ։ Բժշկէ իմ սիրտս»։

Մենք ապա կանչուած ենք վերադառնալու Սուրբ Հոգիին։ Մեր գլխուն վրայ սրսկուած մոխիրը մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք փոշի ենք եւ փոշի պիտի դառնանք։ Բայց ճիշդ այդ փոշիին վրայ է, որ Աստուած փչեց իր կեանքի Հոգին։ Ուստի չենք կրնար ապրիլ փոշին հետապնդելով, երթալով այն բաներուն ետեւէն, որոնք այսօր կան եւ վաղը կ՛անհետանան։ Վերադառնանք Հոգիին, Կեանքը Պարգեւողին, կրակին որ յարութիւն կու տայ մեր մոխիրներուն։ «Դարձեալ աղօթենք Սուրբ Հոգին, վերագտնենք փառաբանութեան կրակը, որ կ՛այրէ ողբի եւ յուսալքումի մոխիրները»։

Աստուած մեզ կանխեց մեզի թոյլ տալու վերադառնալու իրեն

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մեր այս դէպի Աստուած վերադարձը կարելի է, որովհետեւ տեղի ունեցաւ դէպի մեզի Անոր ճամբորդութիւն մը։

Նախ քան մեր իր մօտ երթալը Ան իջաւ մեր մօտ։ Մեզ կանխեց։ Ան մեզի համար նուաստացաւ, դարձաւ մեղք, դարձաւ մահ։ Հայրը առ այդ մեզ կը կոչէ վերադառնալու Անոր, որ դուրս կու գայ իր տունէն ու կու գայ մեզ փնտռելու, մեզ բուժող Տէրը՝ Ան որ թոյլ տուաւ վիրաւորուիլ խաչին վրայ, մեր կեանքը փոխել տուող Հոգին, Ան՝ որ կը փչէ ուժով և քաղցրութեամբ մեր փոշիին վրայ։

Սուրբ Պօղոս կը խրատէ «Թոյլ տալ հաշտուիլ Աստուծոյ հետ»։ «Սրտի փոխակերպումը կարելի է միայն երբ ան կը սկսի Աստուծոյ գերակայ գործողութիւնէն» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ մեր կարողութիւնները, մեր արժանիքները չեն՝ որոնք իրեն կը վերադարձնեն, այլ Անոր շնորհքն է, որ մեզ կ՛ընկալէ։

Հեզութիւնը ճշգրիտ ուղի

Յիսուս այս մէկը ըսաւ յստակօրէն. Մեզ արդար դարձնողը մարդոց առջեւ ի գործ դրած արդարութիւնը չէ, այլ Հօր հետ մեր անկեղծ յարաբերութիւնն է։ Աստուծոյ վերադառնալու սկիզբը կը կայանայ մենք մեզ Անոր կարիքաւորները ճանչնալու մէջ, կարիքաւորներ ողորմութեան։ Այս է ճշգրիտ ուղին, հեզութեան ուղին։

Այսօր խոնարհեցնենք մեր գլուխը ընկալելու համար մոխիրը։ Քառասնորդացի աւարտին աւելիով պիտի խոնարհինք լուալու համար մեր եղբայրներուն ոտքերը։

Պահքը սիրոյ համար ինքնանուաստացում է

Պահքը կը նշանակէ հասկնալ թէ փրկութիւնը փառքի նուաճում մը չէ այլ սիրոյ համար ինքնանուաստացում է։ Եւ այդ ճանապարհորդութեան մէջ ուղղութիւնը չի կորսնցնելու համար մենք մեզ դնենք Յիսուսին խաչին առջեւ։ Ամէն օր նայինք անոր վէրքերուն։ Տիրոջ վէրքերը բաց են մեզի համար եւ անոնց շնորհիւ է, որ մենք բուժուեցանք։

Համբուրենք զանոնք հասկնալու համար, որ ճիշդ անտեղ է՝ կեանքի ամենացաւալի բացուածքներուն մէջ է, որ Աստուած մեզ կը սպասէ իր անհուն ողորմութեամբ։ Որովհետեւ այնտեղ ուր մենք աւելիով դիւրաբեկ ենք, ամօթի մէջ ենք, Ան եկաւ մեզի հանդիպելու։ Եւ այժմ մեզ կը հրաւիրէ Իրեն վերադառնալու, վերագտնելու համար սիրուած ըլլալու ուրախութիւնը։








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+