Նորոգ Հանգուցեալ Լուսանկարիչ Տիգրան Թոփալեանի Վերջին Հրաժեշտը - Հայերէն
06 Mayıs 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մադեղ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

05 Mayıs 2025  

Նորոգ Հանգուցեալ Լուսանկարիչ Տիգրան Թոփալեանի Վերջին Հրաժեշտը -

Նորոգ Հանգուցեալ Լուսանկարիչ Տիգրան Թոփալեանի Վերջին Հրաժեշտը Նորոգ Հանգուցեալ Լուսանկարիչ Տիգրան Թոփալեանի Վերջին Հրաժեշտը

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ բազմավաստակ լուսանկարիչ, պոլսահայ մամլոյ երախտաշատ սպասաւոր Տիգրան Թոփալեանին, որու կորուստը վերջին օրերուն ստեղծեց մեծ տխրութիւն։ Լուսահոգի Տիգրան Թոփալեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մատուռը, ուրկէ մարմինը ամփոփուեցաւ նոյն գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Վաղ երիտասարդութեան ծանրաբարձութեամբ զբաղած, որպէս մարզիկ՝ գնահատանքի արժանացած, իսկ կեանքի մեծ մասը լուսանկարչութեան նուիրած Տիգրան Թոփալեանը վերջին յարգանքի առարկայ դարձաւ՝ յաւիտենութեան ուղեւորուելով հոծ թիւով յուղարկաւորներու աղօթքով։ Իր այրին՝ Նատիա Թոփալեան եւ հարազատները սուգի ծանր պահուն բարոյական զօրակցութեան անկեղծ տրամադրութեամբ շրջապատուեցան բոլորին կողմէ։ Յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգերը կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ յուղարկաւորները նոյնացան հանգուցեալի բարի ու ազնիւ յիշատակին հետ։ Այսպէս, իր վերջին հրաժեշտը զուգորդուեցաւ Տիգրան Թոփալեանի վերաբերեալ դրական վկայութիւններու հանրագումարով մը։ Սգաւորները թաղման պահուն Տիգրան Թոփալեանի շիրմին թարմ ծաղիկներ թողուցին՝ կասկած չունենալով, թէ իր նման նուիրեալի մը անունը յաւերժ կը յիշուի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

Այս տխուր առթիւ հերթական անգամ ցաւակցութիւն կը յայտնենք ամբողջ Թոփալեան ընտանիքին։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+