​Երկու օրէն սկիզբ կ՛առնէ Պապընտիր ժողովը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ժամանած 133 կարդինալներու մասնա - Հայերէն
06 Mayıs 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մադեղ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

05 Mayıs 2025  

​Երկու օրէն սկիզբ կ՛առնէ Պապընտիր ժողովը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ժամանած 133 կարդինալներու մասնա -

​Երկու օրէն սկիզբ կ՛առնէ Պապընտիր ժողովը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ժամանած 133 կարդինալներու մասնա ​Երկու օրէն սկիզբ կ՛առնէ Պապընտիր ժողովը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ժամանած 133 կարդինալներու մասնակցութեամբ

Բացի կարդինալական դասէն հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան երդում կը կատարեն բոլոր անոնք` որոնք գործի բերումով կապ ունին պապընտիր ժողովին հետ։ Այսօր նախատեսուած արարողութեան ընթացքին անոնք լռութեան, գաղտնապահութեան ու հաւատարմութեան երդում կը կատարեն, խոստանալով պահպանել «ամենաբացարձակ գաղտնութիւնը» բոլոր անոնց հետ, որոնք մաս չեն կազմեր Կարդինալական Դասին, եւ «այս մէկը առ յաւէտ» ի բացառեալ եթէ նոր Քահանայապետը յատուկ արտօնութիւն շնորհէ այդ առընչութեամբ։

Յառաջիկայ չորեքշաբթի օր` եօթը մայիսի կէսօրէն ետքը, Վատիկանի Թանգարաններու մաս կազմող աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատրան մէջ, սկիզբ պիտի առնէ կարդինալներուն պապընտիր ժողովը, որ պիտի ընտրէ Սուրբ Պետրոսին յաջորդը։

Մինչ այդ այսօր եւ վաղը կը շարունակուին անցեալ երկուշաբթի սկիզբ առած այդ ժողովին ընդառաջ կարդինալական նախապատրաստական միաբանական ժողովները, որուն իրաւունք ունին մասնակցելու բոլոր կարդինալները, նոյնիսկ անոնք` որոնք 80 տարեկանը անց են եւ ըստ «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան, իրաւունք չունին մասնակցելու Քոնքլավին, պապընտիր Ժողովին։

Յառաջիկայ Քոնքլավը համարուած է պատմութեան մէջ ամենամեծ թիւով ընտրող կարդինալներու մասնակցութեամբ ժողովը։ Արդարեւ անոնց թիւը պիտի ըլլայ 133 որոնցմէ 108-ն` 80 առ հարիւրը ստեղծուած են Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ, 22 Պենետիկտոս ԺԶ օրով ու հինգը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի կողմէ։

Յայտնենք որ յառաջիկայ ''Քոնքլավը'' պիտի հանդիսանայ պատմութեան 76րդը որուն ընթացքին պիտի ընտրուի Սուրբ Պետրոսի 266րդ յաջորդը որ է Տիեզերական Եկեղեցւոյ 267րդ Քահանայապետը։

Յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք ''Քոնքլավին'' իրաւունք ունին մասնակցնելու 135 ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ, որոնցմէ երկուքը անհատական պատճառներու բերումով պիտի չի կարենան մասնակցիլ, ուստի թիւը կ՛իջնէ 133-ի ։

Անոնցմէ 53-ը կը պատկանին Եւրոպական ցամաքամասին, 23-ը Ասիական ցամաքամասին, 18 Ափրիկեան, 17 Հարաւ ամերիկայի, 16 Հիւսիսային Ամերիկայի, 4 Կեդրոնական Ամերիկայի եւ ի վերջոյ 4-ն Ովկիանական ցամաքամասի։ Արդարեւ առաջին անգամն է որ Սիքստնեան մատուռ մուտք պիտի գործեն աշխարհի գրեթէ 71 երկիները ներկայացնող այսքան մեծ թիւով Ծիրանաւորներ, եւ այդ երկիրներէն ոմանք առաջին անգամ ըլլալով ունին իրենց Ծիրանաւորը։

Չորեքշաբթի յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին, ընտրող 133 կարդինալները հանդիսաւոր թափօրով պիտի ուղղուին դէպի Սիքստինեան մատուռ, ուր նախատեսուած է Պապընտիր Ժողովին գումարումը։

Քահանայապետական Ծիսական Արարողապետի արտասանած «extra omnes» (բոլորը դուրս), նախադասութենէն ետքը, ընտրող Կարդինալներէն բացի, ամէն ոք դուրս կու գայ Սիքստինեան Մատուռէն։

Ընտրութիւններու ամբողջ ժամանակի ընթացքին, ընտրող Կարդինալները պէտք է հրաժարին նամակագրական կապէն, հեռաձայնային կամ ցանցային խօսակցութիւններէն, ի բացառեալ՝ «ծանր եւ անյապաղ պատճառներուն համար»։ Անոնք Չեն կրնար առաքել կամ ստանալ որեւէ տեսակի նամակ, չեն կրնար ընթերցել որեւէ բնոյթի օրաթերթեր կամ պարբերականներ, չեն կրնար դիտել հեռատեսիլային հաղորդումներ կամ ունկնդրել ձայնասփիւռը։

Արդարեւ այս իսկ ուղղութեամբ այս օրերուն, եւ տրուած ըլլալով որ դարաշրջանը փոխուած է ու նորարարական միջոցներ ստեղծուած են Սիքստինեան մատուռը օժտուեցաւ այս միջոցներու դէմ ապահովական սարքաւորումներով, որոնք անհասանելի կը դարձնեն մատրան մէջ տեղի ունեցածի մասին «լրտեսութիւնը» ու նոյնպէս անկէ դուրս որեւէ լուր հաղորդելը։

Նախ քան Քոնքլավի սկիզբը չորեքշաբթի առաւօտեան ըստ ''Universi Dominici Gregis'' առաքելական սահմանադրութեան, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած է "pro eligendo Pontifice" - Քահանայապետի ընտրութեան համար աղերսական Սբ. Պատարագը, որուն կը մասնակցին բոլոր Ծիրանաւորները եւ զոր կը գլխաւորէ Կարդինալական դասի աւագերէցը Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ, որուն պէտք էր իյնար նաեւ Քոնքլավին ղեկավարութիւնը սակայն ութսուն տարեկանը անց ըլլալով, պիտի չկարողանայ մասնակցիլ ժողովին ոչ ինք եւ ոչ ալ իրեն փոխանորդը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, որ իր կարգին թեւակոխած է ութսուն ամեակը, ուստի Քոնքլավի գլխաւորութիւնը պիտի իյնայ Կարդինալ Փիթերօ Փարոլինին որ կարդինալական դասի Եպիսկոպոսական Կարգի աւագերէցն է։

Քոնքլավին սկիզբը ընտրող իւրաքանչիւր Կարդինալ կ'արտասանէ Առաքելական Սահմանադրութեան նախաբանի թիւ 53 պարբերութեամբ նախատեսուած՝ երդման բանաձեւը, որով յանձն կ'առնէ, (իր ընտրուելու պարագային) հաւատարմութեամբ կատարել Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովիւ ըլլալու Պետրոսեան պաշտօնը, բայց նաեւ բացարձակ հաւատարմութեամբ եւ բոլորի հետ պահպանելու գաղտնիքները՝ որ որեւէ կերպով կը վերաբերին Հռոմի Քահանայապետի ընտրութեան, նաեւ երդում կատարելով երբեք տեղի չտալ ընտրութիւններու դուրսէն փորձուող միջամտութիւններուն։

Բացի կարդինալական դասէն հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան երդում կը կատարեն բոլոր անոնք` որոնք գործի բերումով կապ ունին պապընտիր ժողովին հետ, սոյն արարողութիւնը նախատեսուած է այսօր երկուշաբթի` 5 մայիսի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, ու տեղի պիտի ունենայ Առաքելական Պալատի առաջին յարկը գտնուող Պօղոսեան Մատրան մէջ, որուն ընթացքին լռութեան, գաղտնապահութեան ու հաւատարմութեան երդում կը կատարեն, Կարդինալական դասի քարտուղարը, Քահանայապետական արարողութիւններու արարողապետը, Քահանայապետական աւանդատան պատասխանատուները, Ժողովը նախագահող կարդինալին քարտուղարը, երկու բժիշկներ, խոհանոցի ու մաքրութեան անձնակազմը։

Արարողութեան ընթացքին անոնք երդում կ՜ընեն ու կը խոստանան պահպանել «ամենաբացարձակ գաղտնութիւնը» բոլոր անոնց հետ, որոնք մաս չեն կազմեր Կարդինալական Դասին, եւ «այս մէկը առ յաւէտ» ի բացառեալ եթէ նոր Քահանայապետը յատուկ արտօնութիւն շնորհէ այդ առընչութեամբ։

Ինչպէս վերեւ նշեցինք այսօր եւ վաղը կը շարունակուին պապընրիտ ժողովի նախապատրաստական կարդինալական միաբանական ժողովները, որոնք տեղի կ՛ունենան ըլլայ առաւօտեան ըլլայ կէսօրէն ետքը, խորացնելու համար որոշ նիւթեր հայող Եկեղեցին յուզող խնդիրներու ու զանոնք դիմագրաւելու համար ուղեգիծ մը պատրաստելու եւ այդ ուղեգիծին հիման վրայ կողմնորոշուելու պատշաճ անձին շուրջ որ պիտի ստանձնէ տիեզերական եկեղեցւոյ նաւակին Ղեկը, դառնալով Սուրբ Պետրոսին յաջորդը։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+