Երբ Հաշտութեան Մասին Կը Խօսին, Բայց... - Gündem
07 Temmuz 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Մթացեալ

Gündem :

06 Temmuz 2025  

Երբ Հաշտութեան Մասին Կը Խօսին, Բայց... -

Երբ Հաշտութեան Մասին Կը Խօսին, Բայց... Երբ Հաշտութեան Մասին Կը Խօսին, Բայց...

Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու եւ հաշտութեան գործընթացը յառաջ մղելու աշխատութիւնները պիտի յանգի՞ն իրենց տրամաբանական աւարտին, արդեօք ի վերջոյ հայ-թրքական սահմանը պիտի բացուի՞ 1993էն ի վեր փակ մնալէ ետք։ Թէեւ դիւանագէտներ դրական զարգացումներու եւ շփումներու մասին կը խօսին, բայց անդին մէջտեղ կը քշուի նոր օրակարգ մը, կարծես թէ խափանելու համար դրական ամէն զարգացում եւ ամէն ինչ ընելու՝ որ հաշտութիւնը չկայանայ։ Տպաւորութիւն կայ որ երկու երկիրներու մէջ ալ կան շրջանակներ, որոնք յատկապէս գործի լծուած են այս ուղղութեամբ։ Տարօրինակ են զարգացումները։

Այսպէս՝ Խորհրդարանի «Իյի» (Լաւ) կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Մուսաւաթ Տերվիշօղլու օրէնքի նախագիծ մը ներկայացուց Հայաստանի հետ սահմանին տեղակայուած Ալիճան անցակէտը անուանափոխել Թալաթ փաշայի անունով։ Նախագիծը ստորագրած է 28 երեսփոխան։

Ներկայացուած օրինագծին մէջ կը նշուի. «Այս անուանափոխութիւնը միայն ցուցանակի փոփոխութիւն չէ, թուրք ժողովուրդի կամքի դրսեւորումն է՝ տէր կանգնելու իր պատմութեան, հերոսներուն եւ յիշողութեան, քանի որ ժողովուրդներ, որոնք կը մոռնան ազգային հերոսները, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը մատնուին։ Ալիճան սահմանային անցակէտի անուանափոխութիւնը՝ Թալաթ փաշայի անունով, միեւնոյն ժամանակ կը նշանակէ, թէ թշնամիի դիմաց ամուր կանգնած ժողովուրդը իր սահմաններուն վրայ կը դրոշմէ իր պատմական ինքնութիւնը»։

Հայկական կողմէ երկու տարբեր կարծիք հնչեց։ «Լուսաւոր Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ Էտմոն Մարուքեան, որ քաջածանօթ է իր ռուսամէտ դիրքորոշումներով, եւ առ այդ, չ'ուզէր որ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը չէզոքանայ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն վրայ, որպէս փոխադարձութիւն, առաջարկեց սահմանի «Մարգարա» անցակէտը անուանակոչել Սողոմոն Թեհլիրեանի, այսինքն Թալաթ փաշայի մարդասպանի անունով։

«Զօրեան» հիմնարկի առաջարկը շինիչ գաղափար մըն է։ Այս կառոյցը կ'առաջարկէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանային անցակէտը անուանակոչել Հրանդ Տինքի անունով։ Հիմնարկի պատասխանատուներու կարծիքով, սահմանային անցակէտի թրքական հատուածը Թալաթ փաշայի անունով կոչելու առաջարկը անարգանք է արդարութեան նկատմամբ, բացի ատկէ կ'օրինականացնէ անցեալի յանցագործութիւնները, խորացնելով տակաւին բաց վէրքերը։

Հիմնարկը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, թուրք առաջնորդներուն եւ հասարակութեան կը յորդորէ՝ «որդեգրել յոյսի, ճշմարտութեան եւ համընդհանուր մարդասիրութեան վրայ հիմնուած այլընտրանք մը», յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրելով Հրանդ Տինքի անուան վրայ եւ շեշտելով որ անոր յիշատակը կը մարմնաւորէ ազգերու միջեւ փոխըմբռնումի ու խաղաղութեան գաղափարը։

Զօրեան հիմնարկը կոչ կ'ուղղէ թուրք մտաւորականներուն, քաղաքական գործիչներուն եւ ակադեմիկոսներուն, հասկնալու, որ յառաջընթաց կ'արձանագրուի ո՛չ թէ պատմութեան մոռացութեամբ, այլ անոր քաջ ճանաչումով։ Հաստատութիւնը կը յիշեցնէ, որ Գերմանիա ճանչցած է Հոլոքոսթը, Գանատա՝ բնիկ ժողովուրդներու դէմ գործած ոճիրները։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+