Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Ուղիղ Առեւտուրի Մեկնարկի Նախապատրաստական Աշխատանքները Աւարտած Են -
Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Ուղիղ Առեւտուրի Մեկնարկի Նախապատրաստական Աշխատանքները Աւարտած Են
2022 թուականէն շարունակուող յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկի դիւանակալական նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են:
Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչելի:
«Հայաստանի հետ 2022 թուականէն ի վեր շարունակուող մեր կարգաւորման հոլովոյթին ծիրին մէջ, իբրեւ ձեռնարկուած վստահութեան ամրապնդման քայլերու մաս, մեր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկի վերաբերեալ դիւանակալական նախապատրաստական աշխատանքները 11 մայիս 2026-ի դրութեամբ աւարտած են:
«Երկու երկիրներուն միջեւ ընդհանուր սահմանի բացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ թեքնիք եւ դիւանակալական աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին:
«Ուժի մէջ մտած նոր կարգաւորման շնորհիւ կարելի դարձած է, որ Թուրքիայէն երրորդ երկիր, ապա Հայաստան տեղափոխուող կամ նոյն ճամբով ժամանող ապրանքներուն համար իբրեւ վերջնական նշանակման կէտ կամ ելքի կէտ նշուի «Հայաստան/Թուրքիա»:
«Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ամրապնդման համար ընձեռուած պատմական կարելիութեան լոյսին տակ` Թուրքիան պիտի շարունակէ նպաստել շրջանին մէջ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան հետագայ յառաջդիման` ի շահ շրջանի բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն», գրած է Քեչելի:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ ո ղջունէ Կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան հետ երկկողմանի առեւտուր կատարելու արգելքները վերցնելու վերաբերեալ Թուրքիոյ որոշումը, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի հերթական արդիւնքն է:
Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան բանբերի յայտարարութեան մէջ:
«Այս որոշումը էական է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի եւ գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու ընդլայնման, շրջանին մէջ տնտեսական կապակցուածութիւնը խթանելու եւ խաղաղութեան ու բարեկեցութեան ապահովման տեսանկիւնէն:
«Ընդգծենք, որ ասիկա կարեւոր քայլ է երկու երկիրներուն միջեւ լիարժէք եւ բնականոն յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, ինչ որ կրնայ իր տրամաբանական շարունակութիւնը ստանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման միջոցով», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Քըլըչ .
« Շրջանին Մէջ Տեւական Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման Ուղղութեամբ Կարեւոր Քայլ Մը Եւս Կատարուած Է » Շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը եւս կատարուած է:
Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի առեւտուրի սահմանափակումներու վերացման մասին:
«Մեր յարգարժան նախագահին հրահանգներով, մեր կողմէ իրականացուող Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ, շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ քայլ մը եւս կատարուած է:
Կը մաղթեմ, որ ասիկա բարեյաջող ըլլայ նախ եւ առաջ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ մեր շրջանի բոլոր գործարարներուն եւ ժողովուրդներուն համար», գրած է Քըլըչ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com