Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 34 Միլիոն Եւրոյի Անյետաձգելի Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ - Հայերէն
23 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

23 Haziran 2026  

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 34 Միլիոն Եւրոյի Անյետաձգելի Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ -

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 34 Միլիոն  Եւրոյի Անյետաձգելի Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 34 Միլիոն Եւրոյի Անյետաձգելի Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ

Եւրոպական յանձնաժողովը Հայաստանի յատկացուց 34 միլիոն եւրօ` սեփական հատուածին վրայ Ռուսիոյ կողմէ առեւտուրի սահմանափակումներու հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը:

«Նախագահ Ֆոն Տեր Լեյենի եւ վարչապետ Փաշինեանի հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ընդամէնը երկու շաբաթ ետք Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ կը կատարէ Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդի աջակցութեան ուղղութեամբ ստանձնած յանձնառութիւնները:

«Այս ֆինանսական աջակցութիւնը նախագահ Ֆոն Տեր Լեյենի կողմէ յայտարարուած համապարփակ աջակցութեան փաթեթի առաջին բաժինն է, որ կը ներառէ Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղուած առեւտուրի դիւրացման եւ համերաշխութեան քայլերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մայիսի սկիզբին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան վեհաժողովի ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիման վրայ Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը պիտի շարունակեն սերտ համագործակցութիւնը` խորացնելով գործարար կապերը եւ ընդլայնելով հայ արտադրողներու համար շուկաներու մատչելիութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Առեւտրական սահմանափակումներէն տուժած ոլորտները, ներառեալ երկրագործական արտադրութեան, ծաղկաբուծութեան եւ արտածման ուղղուած այլ ճիւղերը, պիտի ստանան լրացուցիչ աջակցութիւն` առեւտուրի խթանման նախաձեռնութիւններու, գործարար կապերու հաստատման քայլերու եւ շուկաներու հասանելիութեան բարձրացման ուղղուած նպատակային ծրագիրներու միջոցով:

«Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Տնտեսական դիմակայունութեան հարցերով յատուկ խումբը կը շարունակէ կանոնաւոր հանդիպումները` ուղղորդելու եւ մշտադիտարկելու այդ քայլերու իրականացումը», կը փոխանցէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը:

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Մարթա Քոս նշած է. «Եւրոպական Միութիւնը հաստատակամօրէն կանգնած է Հայաստանի` իբրեւ գերիշխան, ժողովրդավարական եւ անկախ երկրի կողքին: Մենք կը տրամադրենք ոչ միայն ֆինանսական աջակցութիւն, այլեւ կ՛օգնենք Հայաստանին աւելի դիւրացնել առեւտուրը իր դրացիներու եւ Եւրոպայի հետ: Ասիկա մեր ամէնէն մօտ գործընկերներէն մէկուն նկատմամբ եւրոպական համերաշխութեան գործնական դրսեւորումն է»:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը կը հաղորդէ, որ Քոս 5 յուլիսին պիտի այցելէ Հայաստան` համագործակցութեան ծիրին մէջ հետագայ գործնական քայլերը քննարկելու եւ զանոնք խթանելու նպատակով:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+