Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Հարցին Մէջ «Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջամտութիւն» Ցուցաբե - Հայերէն
23 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

20 Haziran 2026  

Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Հարցին Մէջ «Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջամտութիւն» Ցուցաբե -

Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի  Հարցին Մէջ «Պատասխանատուութիւն  Եւ Ողջամտութիւն» Ցուցաբե Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Հարցին Մէջ «Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջամտութիւն» Ցուցաբերելու

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք է Լիբանանի հարցին մէջ «պատասխանատուութիւն եւ ողջամտութիւն» ցուցաբերէ:

Ան ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի վրայ յարձակումը «երկար ժամկէտի վրայ կը հակասէ Իսրայէլի շահերուն»:

Մաքրոն «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Հըզպալլան Իսրայէլի վտանգ կը ներկայացնէ, եւ ասիկա ամբողջովին ճիշդ է, սակայն Իսրայէլի պետութեան ապահովութիւնը կարելի չէ մերձակայ հողեր բռնագրաւելով երաշխաւորել»:

Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանի, Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը «շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն մօտ դժգոհութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրէ»:

Մաքրոն նշեց, որ անգամ մը եւս պիտի ջանայ միջազգային ընտանիքը զօրաշարժի ենթարկել` «լիբանանեան բանակին իր հողերուն վերահսկողութիւնը վերականգնելու օգնելու համար»:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+