Ակնարկ. Մեքքայի Եռակողմը` Տարբեր Դիտանկիւններով - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

12 Ağustos 2026  

Ակնարկ. Մեքքայի Եռակողմը` Տարբեր Դիտանկիւններով -

Ակնարկ.  Մեքքայի Եռակողմը` Տարբեր Դիտանկիւններով Ակնարկ. Մեքքայի Եռակողմը` Տարբեր Դիտանկիւններով

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը Մեքքայի եռակողմին մասին, թէ` «շրջանի երկիրները յանգած են այն եզրակացութեան, որ անվտանգութեան ապահովման հարցերուն մէջ կարելի չէ յոյսը Միացեալ Նահանգներու խոստումներուն վրայ դնել, եւ այդ պատճառով որոշած են յենիլ սեփական կարելիութիւններու վրայ», ծխածածկոյթ է ամբողջ գործընթացին շարժառիթներուն եւ նպատակներուն վրայ:

«Պաշտպանութեան համաձայնագիր» ձեւակերպումը կը պարզէ անոր անվտանգային բնոյթը: Հիմա փորձենք հասկնալ, թէ որմէ՞ կ՛ուզեն պաշտպանուիլ այս երեք երկիրները: Բնականաբար առաջին ուղղութիւնը կ՛երթայ Թեհրանին, որուն պաշտօնական ներկայացուցիչները երկու ուշագրաւ յայտարարութիւն կատարած են: Նախ յայտնած, որ Թեհրան իր դէմ չ՛ընկալեր այս եռակողմը, ապա հաստատած, որ այս համաձայնագիրը չ՛երաշխաւորեր Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութիւնը, ինչպէս որ Ուաշինկթընի խոստումները ի դերեւ դուրս եկան Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութիւնը ապահովելու առումով: Ուշադրութիւն գրաւող այլ կէտը այն է, որ այս եռանկիւնէն Իրանը կ՛առանձնացնէ Սէուտական Արաբիան, որուն մէջ գտնուող ամերիկեան յենակէտերը ենթարկուեցան յարձակումի  եւ որ հարուածներ կրեց իրանեան ազդեցութեան տակ գործող հուսիներէն եւ իրաքեան խմբաւորումներէն:

Նկատենք, որ Փաքիստանը հանդէս կու գայ իբրեւ միջնորդ Միացեալ Նահանգներ-Իրան հակամարտութեան: Թուրքիան կը փորձէ այդ դերը ստանձնել ամէնէն թէժ պահերուն, իսկ Սէուտական Արաբիան դիւանագիտական աշխատանք կը տանի, որպէսզի Ուաշինկթընը իր ռազմական գործողութիւնները չծաւալէ, հետեւանքները իր վրայ անմիջականօրէն կրելու հաւանականութենէն խուսափելու համար: Փաքիստանն ու Թուրքիան բնականոն յարաբերութիւններ ունին Իրանի հետ, մինչ Սէուտական Արաբիա տարիներ առաջ Չինաստանի նախաձեռնութեամբ յարաբերութիւններու հաստատման փաստաթուղթ ստորագրեց Իրանի հետ: Այս վերջին քայլը տեսականօրէն հաշտ պիտի չընկալուէր Միացեալ Նահանգներու կողմէ:

Փորձենք հայկական ոսպնեակով այլ դիտարկումներ կատարել: Այս եռանկիւնէն երկուքը` Թուրքիան եւ Փաքիստանը յարաբերութիւններ չունէին Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Անգարան կը ձգձգէ յարաբերութիւններու հաստատումը, սահմանակէտերու բացումը, այդ բոլորը պայմանաւորելով Պաքուի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հետ: Փաքիստանը միշտ ունեցած է այնպիսի դիրքորոշումներ, որոնք նուազագոյն ըսելաձեւով Հայաստանին նպաստաւոր չեն: Աշխուժօրէն միացած է միշտ իսլամական վեհաժողովներուն Պաքուի կողմէ առաջադրուած ամէնէն հակահայ բանաձեւերուն եւ որոշումներուն: Տարի մը առաջ Երեւան եւ Իսլամապատ կ՛որոշէին յարաբերութիւններ հաստատել: Այս եռանկիւնէն Ռիատը թէեւ ուշացած յարաբերութիւններ հաստատած է Երեւանի հետ:

Վերադառնանք պաշտօնական Իսլամապատի յայտարարութեան` ինքնուրոյն պաշտպանուելու հիմնաւորումը ընդգծող: Ըստ էութեան շղարշային, նկատի ունենալով երեքին ալ հիմնական գործողութիւններու պարագային Ուաշինկթընի հետ քայլերը համաձայնեցնելու փաստերը: Աւելի՛ն: Անվտանգային ոլորտէն բացի, Միացեալ Նահանգները Սէուտական Արաբիոյ մէջ  հիւլէական կեդրոններ կառուցելու ծրագիրներ առարկայացնելու մասին կը խօսին:

Իրանի հակակշռման ծրագիր է, որ կը կայանայ այս ձեւով: Միացեալ Նահանգներէն կախեալ չըլլալու յայտարարութիւնները իրողութեան չեն համապատասխաներ: Այս եռանկիւնին մէջ Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան գործակցելով կը մրցակցին: Այդպէս ալ պիտի շարունակուի հաւանաբար:

Ուշագրաւ այլ կէտ մը եւս: Նման ռազմավարական եւ անվտանգային նշանակութիւն ունեցող համաձայնագիր մը Ռիատի մէջ, իբրեւ մայրաքաղաք, օրինաչափ կ՛ըլլար որ կնքուէր: Մեքքան համաիսլամական, այս պարագային համասուննիական հոգեւոր կեդրոն է: Կրօնական կեդրոնի հանգամանքը  յայտարարուած նպատակներէն աւելի հեռու երթալու ուղիներ կը պարզէ: Անգարան եւ Իսլամապատը մուտք կը գործեն արաբական աշխարհ, տարածաշրջանային անվտանգութեան  եւ պաշտպանութեան տարազներով:

«Ա.»




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+