Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Ժողովուրդները Միշտ Ալ Դժուար Օրերուն Կողք-Կողքի Կանգնած Են» - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

11 Ağustos 2026  

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Ժողովուրդները Միշտ Ալ Դժուար Օրերուն Կողք-Կողքի Կանգնած Են» -

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Ժողովուրդները  Միշտ Ալ Դժուար Օրերուն Կողք-Կողքի Կանգնած Են» Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Ժողովուրդները Միշտ Ալ Դժուար Օրերուն Կողք-Կողքի Կանգնած Են»

Ազրպէյճանի եւ Իրանի ժողովուրդները միշտ ալ նեղ ու դժուար օրերուն կողք-կողքի կանգնած են: Այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` շնորհակալութիւն յայտնելով Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանին Ազրպէյճանին ուղղած խօսքերուն համար:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ազրպէյճանի մասին ձեր բարի եւ անկեղծ խօսքերու համար: Ազրպէյճանի եւ Իրանի ժողովուրդները միշտ ալ նեղ ու դժուար օրերուն կողք-կողքի կանգնած են: Մեր շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, Ազրպէյճան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ կանգնած է իր եղբայր իրանցի ժողովուրդի կողքին», գրած է Ալիեւ:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան նախքան այդ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ պատերազմի ժամանակ Ազրպէյճան զգալի օգնութիւն ցուցաբերած է Իրանին` բաց պահելով մատակարարման կարեւոր ուղիները եւ նպաստելով Ռուսիայէն օգնութեան տարանցման:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+