Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ Դարձած Ազրպէյճան -
Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր Նախայարձակը` Հայաստանը»
Եւրոպական խորհրդարանը մշտապէս կը թիրախաւորէր շարունակուող յարձակումի զոհ դարձած Ազրպէյճանը եւ կը խրախուսէր նախայարձակը` Հայաստանը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` խօսք արտասանելով Պաքուի մէջ ընթացող Ասիոյ մէջ փոխադարձ գործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու հարցերով խորհրդաժողովի 7-րդ վեհաժողովի ընթացքին:
Ալիեւ նշած է, որ պատերազմական յանցագործներն ու մանկասպանները տակաւին չեն կրած իրենց արժանի պատիժը:
«Հայաստանի ներկայ վարչապետը այն ժամանակ բռնագրաւման տակ գտնուող Ղարաբաղի մէջ յայտարարեց, թէ «Ղարաբաղը Հայաստան է, եւ վերջ»: Այսպէս կոչուած միջազգային ընտանիքը այս ամբողջ սանձարձակութեան վրայ աչք կը փակէր: Ոչ ոք դատապարտեց Հայաստանը: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը չպահանջեց իր որդեգրած բանաձեւերուն կատարումը: Եւրոպական խորհրդարանը եւ Եւրոպական խորհուրդը մշտապէս կը թիրախաւորէին շարունակուող յարձակումի զոհ դարձած Ազրպէյճանը եւ կը խրախուսէին նախայարձակը` Հայաստանը», ըսած է Ալիեւ
«Մէկ օրէն ալ նուազ ժամանակի մէջ Հայաստանի բռնագրաւող բանակը Ղարաբաղի մէջ ջախջախուեցաւ, իսկ անջատողականներու ղեկավարները, մանկասպանները կանգնեցան ազրպէյճանական դատարանին առջեւ: Անոնք, որոնք մեզի կը սպառնային հրասայլերով գալ եւ բռնագրաւել Պաքուն, այսօր ազրպէյճանական բանտերուն մէջ ազրպէյճանական թէյ կը խմեն, իսկ անոնց հրասայլերը ցուցադրուած են Ռազմական աւարներու պուրակին մէջ:
«Այս հարցը ունի համաշխարհային նշանակութիւն, ուստի ես կանգ առի ատոր վրայ: Եթէ Հայաստանի նկատմամբ ժամանակին պատժամիջոցներ հաստատուէին բռնագրաւումի, ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումներու համար, Ազրպէյճան ստիպուած չէր ըլլար մարտի դաշտին մէջ ոտքի տակ առնել հայկական ֆաշականութիւնը: Պատերազմը մեր ընտրութիւնը չէր, Հայաստանը մեզ ատոր դրդեց», յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com