​Անգարա-Պաքու Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Ճեղքե՞ր Կը Յայտնուին - Հայերէն
05 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վահագն / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

03 Kasım 2026  

​Անգարա-Պաքու Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Ճեղքե՞ր Կը Յայտնուին -

​Անգարա-Պաքու Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Ճեղքե՞ր Կը Յայտնուին ​Անգարա-Պաքու Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Ճեղքե՞ր Կը Յայտնուին

Այլեւս գաղտնիք չէ որ Թուրքիոյ եւ Ատրպայճանի միջեւ եղբայրական կապերը վերջին շրջանին կարգ մը փորձութիւններու առջեւ կը գտնուին։ Երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները հետզհետէ աւելի տեսանելի կը դառնան, իսկ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիյեւի բացակայութիւնը Անգարայի վերջին վեհաժողովէն նոր առիթ տուած է քննարկելու երկու դաշնակիցներուն յարաբերութիւններուն ներկայ վիճակը։ Պաքուի լրատուամիջոցները բացակայութիւնը բացատրեցին Ալիյեւի նախապէս ճշդուած աշխատանքային պարտաւորութիւններով, սակայն միջազգային մամուլին մէջ այս քայլը մեկնաբանուեցաւ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ վերջին տարակարծութիւններուն լոյսին տակ։

Վերջին օրերուն նոր հարցականներ յառաջացած են նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան յաջորդ ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան առնչութեամբ։ Անգարա կը պատրաստուի պաշտպանելու ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի թեկնածութիւնը, մինչ Պաքու դրական արձագանգ տուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ Լանա Զաքի Նուսէյպէի թեկնածութեան առաջադրման։

Թէեւ այս զարգացումները չեն նշանակեր, որ Անգարա-Պաքու ռազմավարական գործակցութիւնը խզումի վտանգին առջեւ է, անոնք ցոյց կու տան, թէ երկու երկիրներուն շահերն ու քաղաքական առաջնահերթութիւնները միշտ չէ, որ ամբողջութեամբ նոյնը կ'ըլլան։

Յատկանշական է, որ Ատրպէյճանէն ետք, Ղազախստանի ու Ղըրղըզստանի իշխանութիւններն ալ արգիլեցին դպրոցներու մէջ գլխաշորի գործածութիւնը։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+