Թուրքիան Կը Հերքէ Պաքուի Մէջ Ֆիտանի Գաղտնի Հանդիպման Ու Յեղաշրջման Հրահանգներ Տալու Մասին Պնդումն - Հայերէն
05 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վահագն / Ժամ : Շաղաւոտ

Հայերէն :

19 Ekim 2026  

Թուրքիան Կը Հերքէ Պաքուի Մէջ Ֆիտանի Գաղտնի Հանդիպման Ու Յեղաշրջման Հրահանգներ Տալու Մասին Պնդումն -

Թուրքիան Կը Հերքէ Պաքուի Մէջ Ֆիտանի  Գաղտնի Հանդիպման Ու Յեղաշրջման  Հրահանգներ Տալու Մասին Պնդումն Թուրքիան Կը Հերքէ Պաքուի Մէջ Ֆիտանի Գաղտնի Հանդիպման Ու Յեղաշրջման Հրահանգներ Տալու Մասին Պնդումները

Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը հերքած է ազրպէյճանական մամուլի պնդումները, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պաքուի մէջ գաղտնի հանդիպում ունեցած է եւ յեղաշրջում կազմակերպելու հրահանգներ տուած է: Դեսպանատունը այդ տեղեկութիւնները կոչած է «կանխամտածուած սուտեր»` պնդելով, որ անոնց նպատակը երկու դաշնակից երկիրներու յարաբերութիւնները խաթարելն է:

Աղմուկի պատճառը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մօտիկ «Քաֆքազինֆօ» կայքի` «Հաքան Ֆիտանի հանդիպման քուլիսները» վերնագիրով յօդուածն էր, որուն համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի մէջ հանդիպած է Երիտասարդութեան աջակցութեան հիմնադրամի ներկայացուցիչներու հետ եւ անոնց «յանձնարարականներ» տուած: Յօդուածին մէջ չէր նշուած, թէ ի՛նչ յանձնարարականներու մասին է խօսքը:

Յօդուածի հեղինակները յիշեցուցած էին նաեւ 1995-ին Ազրպէյճանի մէջ յեղաշրջման փորձը` պնդելով, որ ատոր մէջ ներգրաւուած եղած են Թուրքիոյ հետ կապ ունեցող կազմակերպութիւններ: Մեկնելով ատկէ` անոնք չէին բացառած, որ նման ծրագիրներ կրնան մշակուիլ նաեւ այսօր, իսկ Ֆիտան Պաքուի մէջ շատ հաւանաբար ճիշդ այդպիսի յանձնարարականներ տուած է:

Թրքական դեսպանատունը հերքած է գաղտնի հանդիպման մասին տեղեկութիւնները` բացատրելով, որ Պաքու այցելութեան ընթացքին Ֆիտան պարզապէս լուսանկարուած է բազմաթիւ մարդոց հետ, ներառեալ Ազրպէյճանի մէջ օրինական կերպով գործող կազմակերպութեան անդամներու հետ:

Թուրքիան նաեւ հերքած է յօդուածին մէջ յիշատակուած` Ֆիտանի կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին ուղարկուած նամակի գոյութիւնը:

Դեսպանատունը «ներքին գործերուն միջամտելու», «հետախուզական գործողութիւններու», «յեղաշրջման եւ քաոսի ծրագիրներու» մասին պնդումները որակած է ազրպէյճանական հասարակութիւնը Թուրքիոյ դէմ տրամադրելուն ուղղուած ապատեղեկատուութիւն` երկու երկիրներուն քաղաքացիները յորդորելով չտարուելու նման շահագործումներէ:

Յօդուածը աւելի ուշ ջնջուած է «Քաֆքազինֆօ»-ի կայքէն:

Մէկ օր առաջ Պաքուն յեղաշրջման կոչեր ընելու մեղադրանքով քրէական գործ յարուցած էր թուրք սիւնակագիր Ժելալ Չիֆթճիի դէմ եւ անոր նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարած:

Յիշեցնենք, որ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւնները սրած էին Ազրպէյճանի դպրոցներուն մէջ լաչակ կրելու սահմանափակումներու պատճառով:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+