Մասիս-Արամ Կէօզպէք Իտալիոյ Մէջ Թուրքիան Պիտի Ներկայացնէ Երգչախումբերու Ղեկավարներու Միջազգային Մրցու -
Մասիս-Արամ Կէօզպէք Իտալիոյ Մէջ Թուրքիան Պիտի Ներկայացնէ Երգչախումբերու Ղեկավարներու Միջազգային Մրցումին
Պոլսահայ երաժշտական կեանքի կարեւոր դէմքերէն, խմբավար, երգահան եւ գեղարուեստական ղեկավար Մասիս-Արամ Կէօզպէք միջազգային նոր յաջողութիւն մը արձանագրած է։ Ան ընտրուած է Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ 23-25 Հոկտեմբերին կայանալիք «Ֆոսքօ Քորթի» երգչախումբերու ղեկավարներու միջազգային մրցումի 18 եզրափակիչ մասնակիցներէն մէկը՝ իրաւունք ստանալով ներկայացնելու Թուրքիան։
Մրցումին մասնակցելու համար 37 երկիրներէ ներկայացուած էին 92 դիմումներ, որոնցմէ ընտրուած են միայն 18 խմբավարներ։ Մասիս-Արամ Կէօզպէք Թուրքիայէն ընտրուած առաջին եւ միակ մասնակիցն է։
«Պօղազիչի Ճազ» եւ «Պօղազիչի Երիտասարդական» երգչախումբերուն, ինչպէս նաեւ «Մակմա» երաժշտական համոյթի հիմնադիր Կէօզպէք տարիներէ ի վեր իր գործունէութեամբ կարեւոր ներդրում կը բերէ Թուրքիոյ խմբերգային երաժշտութեան զարգացման։
Ան 2019ին Հոնկ Քոնկի մէջ կազմակերպուած խմբավարներու համաշխարհային մրցումին ընտրուած էր 12 եզրափակիչ մասնակիցներուն շարքին։ 2021ին եւս իրաւունք ստացած էր մասնակցելու «Ֆոսքօ Քորթի» մրցոյթին, սակայն համավարակի հետեւանքով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ։ Հինգ տարի ետք ան դարձեալ կը յայտնուի նոյն մրցումի ընտրեալ մասնակիցներուն շարքին։
Կէօզպէք իր ընկերային ցանցի էջին վրայ մեծ ոգեւորութեամբ հաղորդած է այս լուրը՝ յայտնելով, թէ հպարտ է նման հեղինակաւոր մրցումի մը ընթացքին Թուրքիան ներկայացնելու առիթով։
Մրցումի բոլոր փուլերը ուղիղ պիտի սփռուին համացանցով՝ 23 Հոկտեմբեր Ուրբաթ օրուընէ սկսեալ, Թուրքիոյ ժամով առաւօտեան ժամը 10.30-էն, «Ֆենիարքօ» կազմակերպութեան տեսանիւթերու ալիքով։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com