Պոլսոյ Դատարանը Մերժեց Քաւալան Դարձեալ Դատելու Դիմումը -
Պոլսոյ Դատարանը Մերժեց Քաւալան Դարձեալ Դատելու Դիմումը
Պոլսոյ ծանր քրէական 13-րդ դատարանը մերժեց մարդկային եւ փոքրամասնութեանց իրաւանց պաշտպան Օսման Քաւալան դարձեալ դատելու համար ներկայացուած դիմումը` անտեսելով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին կողմէ Քաւալայի մասին տրուած այն վճիռը, թէ թրքական իրաւական համակարգը խախտած է Քաւալայի տարրական իրաւունքները:
Թրքական դատարանը կը պնդէ, թէ Սահմանադրական դատարանը տակաւին չէ կայացուցած իր վճիռը Քաւալայի վերաբերեալ եւ թէ ներքին իրաւական ուղիները չեն սպառած:
Հիմնաւորման մէջ կ՛ըսուի, որ միջազգային իրաւունքի ընդհանուր սկզբունքներուն համաձայն, դիմողները պէտք է նախ դիմեն ազգային դատական մարմիններուն եւ օգտագործեն գոյութիւն ունեցող իրաւական ուղիները` աւելցնելով. «Հակառակը ընդունելով` ինքնիշխան պետութիւն մը առիթ պիտի ընծայէ միջազգային դատարանի մը` իր դատական իրաւասութիւններուն միջամտելու»:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com