Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառ - Հայերէն
05 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վահագն / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

26 Ekim 2026  

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառ -

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառ Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կենտրոն»-ը կը տեղեկացնէ, որ նոյեմբերին Վիեննայի մէջ նախատեսուած միջազգային փառատօնի կազմակերպութեան անդամակցող Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթի մասնակցութիւնը ջնջուած է: Կեդրոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի:

«Պաշտօնական հրաւէրի հիման վրայ համոյթները շուրջ երեք ամիս պատրաստուած են փառատօնին` մշակելով յատուկ ծրագիր:

21 հոկտեմբերին կազմակերպիչները յայտնած են մասնակցութեան ջնջման մասին: Ատոր յաջորդած նամակագրութեան ընթացքին Համաշխարհային փառատօներու միութեան (WOFA) նախագահ Զորան Ստրեզովսկի տեղեկացուցած է, որ դեսպանատունէն ստացուած գրութեան մէջ մեր մշակութային խումբերը ներկայացուած են իբրեւ «վտանգաւոր», եւ առաջարկուած է ջնջել անոնց մասնակցութեան հրաւէրը:

23 հոկտեմբերին ան լրացուցիչ պարզաբանած է, որ, իր փոխանցումով, քանի մը դեսպանատուներ միջամտած են` մեր համոյթներուն վերագրելով մեր երկրին մէջ «անջատողական գործունէութիւն» իրականացնելու մեղադրանք, եւ առաջարկած են զանոնք չհրաւիրել փառատօնին:

Մենք կտրականապէս կը մերժենք մեր արուեստագէտներուն վերագրուող այս մեղադրանքներն ու բնորոշումները:

2023-ին արցախահայութեան բռնի տեղահանումէն ետք մեր կազմակերպութեան առաքելութիւններէն դարձած է Արցախի մշակութային համոյթներու պահպանումը եւ անոնց մասնագիտական գործունէութեան շարունակականութեան ապահովումը: Այս համոյթները Արցախի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան կենդանի կրողներն են: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` 2003-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան համաձայնութիւնը կատարողական արուեստները կը ճանչնայ իբրեւ այդ ժառանգութեան հիմնական բնագաւառներէն մէկը:

2025-ին մեր արուեստագէտները յաջողութեամբ մասնակցած են Իտալիոյ մէջ CIOFF-ի միջազգային փառատօնային ծրագիրներուն` արժանանալով բարձր գնահատականի եւ պատուոյ գիրերու: CIOFF-ը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ պաշտօնական գործընկերութիւն ունեցող եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ոլորտին մէջ խորհրդատուական գործունէութիւն իրականացնելու համար հաւատարմագրուած կազմակերպութիւն է:

Արցախէն բռնի տեղահանուած արուեստագէտները արդէն զրկուած են իրենց բնական մշակութային միջավայրին մէջ ստեղծագործելու կարելիութենէն: Անոնց միջազգային մշակութային ձեռնարկներուն մասնակցութեան սահմանափակումը` քաղաքական բնոյթի մեղադրանքներու հիմքով, լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ մշակութային իրաւունքներու հաւանական խախտման առումով:

Արդեօ՞ք մշակութային ժառանգութեան պահպանումը կրնայ նկատուիլ անջատողական գործունէութիւն, իսկ այդ ժառանգութիւնը ներկայացնող արուեստագէտները` վտանգաւոր:

WOFA-ի նախագահէն պահանջած ենք յայտնել միջամտած դեսպանատուներու անուններն ու ներկայացուած մեղադրանքներու փաստական հիմքերը: Ան խոստացած է տրամադրել համապատասխան մանրամասնութիւններ, զորս տակաւին չենք ստացած:

Տեղի ունեցածին հանգամանքները պարզաբանելու եւ արցախցի արուեստագէտներու մշակութային իրաւունքներու պաշտպանութեան նպաստելու նպատակով արդէն դիմած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն: Հետեւողական պիտի ըլլանք այս հարցին մէջ` պահանջելով միջամտութեան հանգամանքներու ամբողջական բացայայտում եւ ներկայացուած մեղադրանքներու վերաբերեալ հիմնաւորուած պարզաբանում:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+